ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

0 0
Read Time:21 Minute, 58 Second

p1 main

ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Հոկ­տեմ­բեր 23-ին, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Հիմ­նար­կին մէջ, բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան խիղճն ու սիր­տը նկա­տուող Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի մահ­ուան հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցին նուիր­ուած գի­տա­ժո­ղո­վին:

Ներ­կայ էին ակա­դե­մա­կան, գի­տակր­թա­կան-մտա­ւո­րա­կան, կու­սակ­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ հա­սա­րա­կու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Գի­տա­կան նստաշր­ջա­նին բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ակա­դեմ­իա­յի հա­յա­գի­տու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի ակա­դե­մի­կոս-քար­տու­ղար Եու­րի Սու­վար­եա­նը:

Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս եկան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Լե­ւոն Մկրտչեա­նը, Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Հիմ­նար­կի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն, թղթա­կից ան­դամ Աշոտ Մել­քոն­եա­նը, Մ. Աբեղ­եա­նի ան­ուան գրա­կա­նու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն, բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկտ. Աւիկ Իսա­հակ­եա­նը, Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկտ. Էտիկ Մի­նաս­եա­նը:

Զե­կոյց­նե­րով հան­դէս եկան “Վէմ“ հան­դէ­սի խմբա­գիր, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր Գէ­որգ Խու­դին­եա­նը եւ Երե­ւա­նի պե­տա­կան տնտե­սա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի “Ամ­բերդ“ հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն, տնտե­սա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր Սամ­ուէլ Աւե­տիս­եա­նը:`

 

`1890 թուին, մենք Թիֆ­լի­սի նախ­կին աշա­կեր­տա­կան խմբակ­նե­րի ան­դամ­ներս, լրաց­րել էինք մեր կրթու­թիւնը եւ մտել կեան­քի մէջ: Տար­բեր զբա­ղում­ներ ու­նէ­ինք մենք` ու­սու­ցիչ, փաս­տա­բան, բժիշկ, ծա­ռա­յող, բայց հո­գով մի­ա­ցած բո­լորս էլ ձգտում էինք իրա­կա­նաց­նել ար­դա­րու­թեան ու հա­ւա­սա­րու­թեան այն սկզբունք­նե­րը, որոնց շուր­ջը պտը­տում էին մեր մտքերն ու սրտե­րը: Մեր ուղ­ղու­թիւնը պարզ էր` ծա­ռա­յել մեր ժո­ղովր­դին, թե­թե­ւաց­նել նրա կրած ծանր բե­ռը, բա­նալ նրա աչ­քե­րը, կռուիլ նրա կե­ղե­քող­նե­րի, խա­բող­նե­րի դէմ``, կը յայտ­նէր Հ.Յ.Դ.-ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն` Սի­մոն Զա­ւար­եան ``Յա­ռաջ`` (1906, Թիֆ­լիս - Վրաս­տան):
`1890 թուին, մենք Թիֆ­լի­սի նախ­կին աշա­կեր­տա­կան խմբակ­նե­րի ան­դամ­ներս, լրաց­րել էինք մեր կրթու­թիւնը եւ մտել կեան­քի մէջ: Տար­բեր զբա­ղում­ներ ու­նէ­ինք մենք` ու­սու­ցիչ, փաս­տա­բան, բժիշկ, ծա­ռա­յող, բայց հո­գով մի­ա­ցած բո­լորս էլ ձգտում էինք իրա­կա­նաց­նել ար­դա­րու­թեան ու հա­ւա­սա­րու­թեան այն սկզբունք­նե­րը, որոնց շուր­ջը պտը­տում էին մեր մտքերն ու սրտե­րը:
Մեր ուղ­ղու­թիւնը պարզ էր` ծա­ռա­յել մեր ժո­ղովր­դին, թե­թե­ւաց­նել նրա կրած ծանր բե­ռը, բա­նալ նրա աչ­քե­րը, կռուիլ նրա կե­ղե­քող­նե­րի, խա­բող­նե­րի դէմ“, կը յայտ­նէր Հ.Յ.Դ.-ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն` Սի­մոն Զա­ւար­եան “Յա­ռաջ“ (1906, Թիֆ­լիս – Վրաս­տան):

Ելոյթ ու­նե­ցող­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ Սի­մոն Զա­ւար­եա­նը եղած է իր ժա­մա­նա­կի բարձ­րար­ժէք մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն ու ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը: Նշուե­ցաւ, որ ան կրնար նուիր­ուիլ գի­տա­կան ու ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան, կրնար մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հաս­նիլ երկ­րա­գոր­ծա­կան զար­գաց­ման ոլոր­տին մէջ, եթէ` հայ­րե­նի­քի փրկու­թեան գա­ղա­փար­նե­րով տո­գոր­ուած, ի վեր­ջոյ, կեան­քը անմ­նա­ցորդ չնուի­րէր յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին: Զա­ւար­եան ճանչց­ուած եւ բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած է իր ժա­մա­նա­կի ամէ­նէն երե­ւե­լի դէմ­քե­րուն կող­մէ, որոնց կար­գին կա­րե­լի է նշել Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նը, Աւե­տիք Իսա­հակ­եա­նը, Աւե­տիս Ահա­րոն­եա­նը, Դանի­էլ Վա­րու­ժա­նը եւ բազ­մա­թիւ ու­րիշ­ներ:

Բաց­ման խօս­քին մէջ Եու­րի Սու­վար­եա­նը նշեց, որ Սի­մոն Զա­ւար­եա­նը ո՛չ միայն յայտ­նի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ էր, այլ նա­եւ մեծ տնտե­սա­գէտ: Ան անդ­րա­դար­ձաւ Զա­ւար­եա­նի ձգած աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն եւ մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան առու­մով ու­նե­ցած մեծ աւան­դին: Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի թո­ղած ժա­ռան­գու­թիւնը բա­ւա­կա­նին հա­րուստ ու բա­ւա­կա­նին արդ­ի­ա­կան է նա­եւ այ­սօր, եւ այս իմաս­տով այս գի­տա­ժո­ղո­վը շատ կա­րե­ւոր է` այս գործ­չի գործն ու կեն­սագ­րու­թիւնը ներ­կա­յաց­նե­լու առու­մով: Մենք պէտք է դա­սեր քա­ղենք այդ մեծ գործ­չի թո­ղած ժա­ռան­գու­թիւ­նից, հաս­տա­տեց ակա­դե­մի­կո­սը:

Իր խօս­քի մէջ Աւիկ Իսա­հակ­եան ըն­թեր­ցեց ներ­կա­նե­րուն հա­մար ան­ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը, որ Աւե­տիք Իսա­հակ­եա­նի մե­ծա­րան­քի ձօնն էր մեծ հա­յորդի­ին հաս­ցէ­ին:

Դաշ­նակ­ցու­թեան ապա­կենտ­րո­նաց­ման գա­ղա­փա­րը հէնց Սի­մոն Զա­ւար­եա­նը դրեց, ինչն էլ հե­տա­գա­յում դժուա­րին պա­հե­րին հիմք ստեղ­ծեց աշ­խա­տե­լու հա­մար, հաս­տա­տե­ց Է­դիկ Մի­նաս­եան:

Սի­մոն Զա­ւար­եա­նին, որ­պէս հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի կեր­պա­րին, անդ­րա­դար­ձաւ Լե­ւոն Մկրտչեան, որ դի­տել տուաւ, թէ խօս­քը մեր նոր շրջա­նի պատ­մու­թեան այն­պի­սի սե­րուն­դի մա­սին է, որ կրցաւ հան­ճա­րեղ կեր­պով իրար մի­աց­նել գրի­չը, զէն­քը եւ աշ­խա­տան­քը:

Երբ մենք խօ­սում ենք Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի մա­սին, այս կեր­պա­րի մէջ շատ հա­մե­րաշխ ու հա­մա­չափ ձե­ւով հա­մադր­ուած են երեք սկզբունք, որոնք, ի վեր­ջոյ, մեր ժո­ղովր­դի ապա­գան ու յա­րա­տե­ւու­թեան գաղտ­նիքն են: Այս գի­տա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ կը բարձ­րա­ձայն­ուի Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի գի­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան ժա­ռան­գու­թեան մա­սին, կը բաց­ուի նրա կեր­պա­րը եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան տար­բեր էջե­րը: Ցա­ւօք սրտի, մեր հա­սա­րա­կա­կանքա­ղա­քա­կան լայն շեր­տի այս սերն­դի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը մի­ա­կող­մա­նի է ներ­կա­յաց­ւում: Այս սե­րուն­դը իրա­կա­նաց­րեց պատ­մա­կան մեծ առա­քե­լու­թիւն, կա­րո­ղա­ցաւ շուրջ 20 տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում մահ­ուան դա­տա­պարտ­ուած ու մահ­ուան ճա­նա­պար­հով գնա­ցող ժո­ղովր­դին դուրս բե­րել կեան­քի ու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ճա­նա­պարհ:

Հայ­կա­կան լի­նե­լիու­թեան գաղտ­նիքն, ի վեր­ջոյ, ձե­ւա­ւոր­ուեց նա­եւ եւ հիմ­նա­կա­նում այս սերն­դի ջան­քե­րով: Իսկ Զա­ւար­եա­նի սերն­դին ու սերն­դա­կից­նե­րի գոր­ծու­նէ­ու­թիւն, ան­յոյս ու ընկճ­ուած ժո­ղովր­դին հա­նեց ազ­գա­յինազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ու յոյս ներշն­չեց, որ իր սե­փա­կան ու­ժե­րով պէտք է ազա­տագր­ուի, նշեց Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, պատ­մա­բան ­Լե­ւոն Մկրտչեա­նը:

Աշոտ Մել­քոն­եան ըսաւ, որ` ըլ­լա­լով հա­րա­զատ կու­սակ­ցու­թեան ամէ­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր ու սիր­ուած դէմ­քե­րէն մէ­կը, Զա­ւար­եան մի­ա­ժա­մա­նակ հա­մա­հայ­կա­կան ընդգր­կում ու­նէր եւ կը պատ­կա­նի ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին: Անոր բա­րո­յա­կան ան­բիծ նկա­րա­գի­րի հա­մար ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը Սի­մոն Զա­ւար­եա­նը ան­ուա­նած են “Աշ­խար­հիկ սուրբ“:

Սամ­ուէլ Աւե­տիս­եան` զե­կու­ցե­լով Հայ երկ­րա­գոր­ծա­կան տնտե­սա­գի­տա­կան մտքի ձե­ւա­ւոր­ման իմաս­տով Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին, ափ­սո­սանք յայտ­նեց, որ այ­սօր­ուան հայ­կա­կան տնտե­սա­գի­տա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ կը բա­ցա­կա­յի Զա­ւար­եա­նի անու­նը: Մա­նա­ւանդ որ անոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը եւ զար­գա­ցու­ցած գա­ղա­փար­նե­րը այ­սօր եւս արդ­ի­ա­կան են Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման առու­մով: Ան աւել­ցուց, որ Զա­ւար­եա­նի մե­ծա­թիւ նա­խան­շում­ներ հե­տա­գա­յին կեան­քի պի­տի կոչ­ուին` աւելց­նե­լով, որ այդ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան կո­րի­զին մէջ: Աւե­տիս­եա­նի հա­մա­ձայն, անոր գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը այ­սօր եւս ար­ժա­նի են խո­րա­պէս ու­սում­նա­սիր­ուե­լու:

zavarian4  Հան­դէս եկան Հայ­կա­զուն Ալվրց­եան եւ Գէ­որգ Խու­տին­եան, իրենց խօս­քե­րով նկա­րագ­րե­լով Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի կեր­պա­րը: Ստո­րեւ հատ­ուած­ներ Ալվըրցեանի խօս­քե­րէն.- Շատ յայտ­նի մար­դիկ, որե­ւէ կար­ծիք յայտ­նե­լուց առաջ հե­տաքրքր­ւում էին իր կար­ծի­քով: Ան­գամ Թու­ման­եա­նը: Թէ ինչ­պի­սին է Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի տե­սա­կէ­տը, թէ ինչ կար­ծիք ու­նի Սի­մո­նը:

Այս հե­ղի­նա­կու­թիւնը Սի­մո­նը ձեռք էր բե­րել ոչ միայն իր մտա­ւո­րա­կան հզօր կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ, հայ հա­սա­րա­կա­կան քա­ղա­քա­կան մտքի վրայ իր ու­նե­ցած մեծ ազ­դե­ցու­թեամբ, այ­լեւ Սի­մոն Զա­ւար­եա­նին հա­ւա­տում էին նախ որով­հե­տեւ ան­կեղծ էր ար­տա­յայ­տում այն բո­լոր մտքե­րը, այն բո­լոր գա­ղա­փար­նե­րը որ ու­նէր. այն աս­տի­ճա­նի բաց, ան­կեղծ, նոյ­նիսկ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան մէջ չափ ու սահ­ման չու­նե­ցող ան­հա­տա­կա­նու­թիւն էր, որ հա­ւատք էր ներշն­չում երի­տա­սար­դու­թեա­նը: Թէ՛ արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նում, թէ՛ Կով­կա­սում ըն­դու­նում էին Սի­մո­նը որ­պէս ճշմար­տու­թեան խօ­սա­փող, նրա տե­սա­կէ­տը իս­կա­պէս ու­նէր, կար­ծես` որոշ­ման ար­ժէք: Եւ սա պա­տա­հա­կան չէր, որով­հե­տեւ Սի­մոն Զա­ւար­եա­նը հայ իրա­կա­նու­թեան ապա­գան ան­վե­րա­պա­հօ­րէն կա­պում էր նոր սե­րուն­դին:

Երի­տա­սար­դու­թիւնը հա­ւա­տա­ցած էր Սի­մոն Զա­ւար­եա­նին: Եւ հե­տա­քրք­րա­կա­նը այն էր, որ այս հա­ւատ­քին մէջ ան­պայ­մա­նօ­րէն մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի մա­սին այն­պի­սի հաս­կա­ցու­թիւն, ինչ­պէս կը նկա­րագ­րէ­ին իր ըն­կեր­նե­րը, թէ Սի­մոն Զա­ւար­եան` Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան խիղճն էր:

Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի ծայ­րա­յեղ ժուժ­կա­լու­թիւնը յա­տուկ նպա­տակ ու­նէր: Ան հա­մոզ­ուած էր որ այն ան­ձը որ չի կա­րող նիւ­թա­կան աս­պա­րէ­զուն մէջ նոյն­պէս իրեն զո­հա­բե­րել, ապ­րել ծայ­րա­յեղ հա­մեստ պայ­ման­նե­րում, ապա պի­տի չկա­րո­ղա­նայ ծա­ռա­յել հայ ազ­գին: Եւ ինք, իր անձ­նա­կան օրի­նա­կով, ապա­ցու­ցա­նեց այս կեց­ուած­քը:zavarian6

Շատ հե­տաքրք­րա­կան է դէպք մը, որ պա­տա­հած էր, Եգիպ­տոս, երբ գոր­ծուղղ­ուած էր Սի­մոն Զա­ւար­եա­նը: Ան ստու­գեց ղե­կա­վար մարմ­նոյ աշ­խա­տան­քը եւ տես­նե­լով թէ իր մօ­տե­ցում­նե­րուն բաղ­դա­տե­լով` այս ընկեր­նե­րը մի քիչ աւե­լի շռայլ էին ծախ­սում գու­մար­նե­րը, սկսաւ գո­ռալ անոնց վրայ` “Դո՛ւրս Դաշ­նակ­ցու­թեան սուրբ տա­ճա­րից. դուք յե­ղա­փո­խա­կան­ներ չէք. Դաշ­նակ­ցա­կան­ներ չէք“: Ապա կու­սակ­ցա­կան դա­տա­կան մարմ­նի որոշ­մամբ այս ըն­կեր­նե­րը հե­ռաց­ուե­ցան, ըսե­լով թէ ժո­ղովր­դից հա­ւաք­ուած փո­ղը, որ պէտք էր ծա­ռա­յեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, անոնք ճիշդ չէ­ին մա­տա­կա­րա­րում“:

Գէորգ Խուդինեան իր կարգին փոխանցեց հետեւեալ գաղափարները.- Երբ յի­շենք որ բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը իրենց ան­կա­խու­թեան եւ ազա­տու­թեան հա­մար կազ­մում են հսկա­յա­կան բա­նակ­ներ, ծախ­սում են անե­րե­ւա­կա­յե­լի գու­մար­ներ, զրա­հա­ւոր­նե­րի ու թնդա­նօդ­նե­րի վրայ, երբ յի­շենք որ մեր գո­յու­թեան մի­ակ զէն­քը կրթու­թիւնն ու լու­սա­ւո­րու­թիւնն է, մեր զրա­հա­ւոր­նե­րու բա­նակ­նե­րու վար­ժու­թեան վայ­րե­րը մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներն են, կը գտնենք մի­ջոց­ներ. կանգ չենք առ­ներ անհ­րա­ժեշտ ծախ­քե­րի առաջ:

Սի­մոն Զա­ւար­եա­նի դե­րը Դաշ­նակ­ցու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման շրջա­նում կա­յա­նում էր նախ եւ առաջ նրա հիմ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կանբա­րո­յա­կան ու­ղե­նիշ­նե­րի ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծում: Նա այս­պէս կոչ­ուած բա­րո­յա­կան պարտ­քի մարդ էր. այ­սինքն կը հա­ւա­տար թէ յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի մար­տի­կը` այդ յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի գոր­ծըն­թա­ցում, միայն ու­նի պար­տա­կա­նու­թիւն:

Ան նա­եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ սոց­ի­ա­լիզ­մի գա­ղա­փա­րի ըն­կա­լու­մին մէջ, որ այդ ամէ­նայս­տակ եւ ճշգրիտ կեր­պով դրուե­ցաւ այդ դժուա­րին տա­րի­նե­րուն, եւ ուղ­ղակի­օ­րէն մտաւ կու­սակ­ցու­թեան ծրագ­րին մէջ: Դա փաս­տօ­րէն սոց­ի­ա­լիզ­մի հայ­կա­կան ըն­կա­լումն էր: Այ­սինքն աշ­խա­տան­քի ըն­կա­լու­մը, որ իւ­րա­քան­չիւր մարդ պէտք է իր քրտին­քո­վը վաս­տա­կի իր կրցա­ծը եւ հա­ւա­սար աշ­խա­տան­քի էլ մի­ա­սին պէտք է ու­նե­նայ նա­եւ իր կեան­քի պայ­ման­նե­րից օգտ­ուե­լու հա­ւա­սար իրա­ւունք: Այս գա­ղա­փար­նե­րը ստի­պում են նա­եւ իւ­րաց­նել բո­լոր ժո­ղո­վա­կան­նե­րին: Ընդ­հան­րա­պէս այդ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը սո­վո­րեց­նում էր կու­սակ­ցու­թեան ծրա­գիրն ու կա­նո­նա­գի­րը: Սո­վո­րեց­նում էր ամե­նա­դա­ժան ձե­ւով, ստիպ­ուե­լով եւ ոե­ւէ մէ­կը չէր կա­րող կի­սատ մնալ այդ գոր­ծին մէջ: Ոչ ալ ոե­ւէ մէ­կը կա­րող էր հե­ռա­նալ այդ ժո­ղո­վից, եթէ ծրագ­րից եւ կա­նո­նագ­րից մին­չեւ վեր­ջին տա­ռը չիւ­րաց­նէր:

Եր­րորդ կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը որ հիմ­նա­դիր սե­րուն­դից Զա­ւար­եա­նին էր պատ­կա­նում եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան, դա ապա­կեդ­րո­նաց­ման գա­ղա­փա­րի ներդ­րումն էր կու­սակ­ցու­թեան առա­ջին ծրագ­րին 1892 թուա­կա­նին, որը մե­ծա­գոյն դեր խա­ղաց Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­յաց­ման գոր­ծում:

Այս սկզբունք­ներն էին որ հե­տա­գա­յին սկզզբնա­կան շրջա­նին շատ յա­ճախ էին դրսե­ւո­րել գոր­ծիչ­նե­րի առա­ւել բա­րո­յա­կան կեց­ուած­քը, որոնք իրենք իրենց յայ­տա­րա­րել են Զա­ւար­եա­նա­կան: Եւ պա­տա­հա­կան չէ որ երկ­րորդ ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դի Դաշ­նակ­ցու­թեան խո­շո­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րից Գա­րե­գին Նժդեհ յայ­տա­րա­րում էր միշտ, որ իր քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի իտ­է­ա­լը` Սի­մոն Զա­ւար­եանն էր:

Երբ որ զէնք էր հար­կա­ւոր Սա­սու­նի հասց­նել, երբ որ հա­րիւ­րա­ւոր կա­մա­ւոր­ներ զոհ­ւում էին եւ իւ­րա­քան­չիւր զէնք հաշ­ուի մէջ էր, այդ պայ­ման­նե­րում բա­ցի հան­գա­նա­կու­թե­նէ, եթէ չլի­նէր այդ գոր­ծը դժուար էր ասել թէ Արա­րատ­եան դաշ­տում հայ կը մնար, երբ որ գրե­թէ ամ­բող­ջո­վին ան­զէն էին: Եւ այդ փո­թո­րի­կի շրջա­նի հա­ւաք­ուած հսկա­յա­կան մի­ջոց­ներն էին, որ հե­տա­գա­յին դար­ձան զի­նուո­րա­կան ֆոն­տի հիմ­քը եւ այդ մի­ջոց­նե­րով էին որ կազ­մա­կեր­պե­ցինք նման ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն: Նման հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին գո­յու­թիւն ու­նէր այս­պէս աս­ուած փոք­րա­թիւ չա­րի­քից ընտ­րե­լու հարց: Իսկ Զա­ւար­եա­նի նման բա­րո­յա­կան կեր­պա­րը միշտ չէ որ կա­րող էր հաշտ­ուել այդ երկնտ­րան­քի հետ: Կը յի­շեմ թէ­կուզ այդ չոր­րորդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի նրա յայտ­նի ելոյ­թը, երբ որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը նման հսկա­յա­կան մի­ջոց­նե­րու էր դի­մե­լու, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն ձե­ւա­ւո­րե­լով Անդր­կով­կա­սի մէջ: Յա­տուկ ձե­ւով կազ­մա­կեր­պել էր եւ որո­շա­կի գու­մար­ներ մնա­ցել էին: Հարց յա­ռա­ջա­ցաւ թէ ինչ անել այդ գու­մար­նե­րը, ինչ նպա­տա­կի հա­մար ծախ­սել: Եւ Զա­ւար­եան որու հա­մար Դաշ­նակ­ցու­թեան հե­ղի­նա­կու­թիւնը, անու­նը, միշտ բարձր էին` ըսաւ թէ սե­ղա­նի վրայ դնենք եւ բո­լորն իմա­նան թէ այդ մի­ջոց­նե­րով հա­ւաք­ուած փո­ղը ուր է: Բո­լո­րը իմա­նան թէ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը իր ազ­գից հա­ւա­քած բո­լոր փո­ղե­րը որե­ւէ այլ նպա­տա­կի հա­մար չի ծախ­սեր, այլ ո՛ւր որ պէտք է

zavarian12  Հե­տա­գա­յին երբ որ ակն­յայտ էր Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Թուրք­իա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­հը, Սի­մոն Զա­ւար­եա­նը յի­շեց­նում էր Աւե­տիս Ահա­րոն­եա­նին որ դէմ քու­է­ար­կեց կու­սակ­ցու­թեան կա­ռոյ­ցին եր­կա­րաձգ­ման որոշ­մա­նը: Որով­հե­տեւ ան կը կար­ծէր որ եր­կա­րաձ­գու­մը բա­ւա­կա­նին մեծ վտանգ­նե­րի հետ կապ­ուած խնդիր է: Այ­սինքն թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան տա­լիս է կու­սակ­ցու­թեան յստակ պատ­կե­րը: Եւ նա­յած թէ վի­ճա­կը ինչ­պէս կը զար­գա­նայ արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նում հնա­րա­ւո­րու­թիւն էր տա­լիս նա­եւ չէզո­քաց­նել ար­մա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան: Նա յստա­կօ­րէն գի­տակ­ցել էր թէ այդ եր­կա­րաձ­գու­մը սխալ էր: Եւ վճռա­կա­մօ­րէն շա­րու­նա­կում էր աշ­խա­տել ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րի մե­ծաց­ման ուղ­ղու­թեամբ: Պա­տա­հա­կան չէ թէ այդ շրջա­նին երբ որ Զա­ւար­եան գիւ­ղատն­տես էր, ու­սու­ցիչ էր, շրջում էր Սաս­նոյ գիւ­ղե­րին, հան­դի­պում էր տղոց հետ, որոնք ու­զում էին իմա­նալ մար­տա­կան կա­նո­նագ­րի նա­խագ­ծե­րու մա­սին, ու­զում էին տե­ղե­կու­թիւն­ներ նրա կող­մից կազ­մա­կեր­պուող զէն­քի եւ զի­նամ­թեր­քի այդ գոր­ծի տե­ղա­փոխ­ման մա­սին, Ռոս­տո­մի եւ ու­րիշ­նե­րի հետ մի­ա­սին: Նա ու­սու­ցիչ էր, լու­սա­ւո­րիչ` բայց նա մնում էր յե­ղա­փո­խա­կան:

Ան ընդ­հան­րա­պէս կեանք չու­նե­ցող անձ­նա­ւո­րու­թիւն էր, եւ զո­հա­բե­րուող: Կա­րե­լի էր Սա­սուն բարձ­րա­նալ եւ հան­դի­պիլ աղ­ջի­կի մը, որ կօ­շիկ չու­նէր. կրնար իրը տալ եւ ին­քը մնար այն­պէս, եւ յե­տոյ իր ըն­կեր­նե­րը կու­տա­յին իրեն­ցը, որով­հե­տեւ չէր վայ­լեր իրենց մնայ այդ­պէս կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րից մէ­կը: Այս էր Զա­ւար­եա­նը: Ընդ­հան­րա­պէս իր ան­ձը նուի­րել էր իր ժո­ղո­վուր­դին, կու­սակ­ցու­թեա­նը եւ իր պայ­քա­րին: Բո­լո­րը չէ­ին հասկ­նար, բայց այդ­պի­սին էր Զա­ւար­եա­նը

Ելոյթ ու­նե­ցող­նե­րը նշե­ցին, որ երի­տա­սարդ տա­րի­քէն տար­ուե­լով ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով, Զա­ւար­եան Դաշ­նակ­ցու­թեան ճամ­բով կեան­քը նուի­րեց հա­յու­թեան ազա­տագ­րու­թեան դա­տին: Գոր­ծեց Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Արե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի մէջ, եղաւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի ու գա­ղա­փար­նե­րու քա­րո­զիչ ու տե­սա­բան: Զա­ւար­եա­նը գլխա­ւոր տե­սա­բան­նե­րէն էր ապա­կեդ­րո­նաց­եալ կա­ռա­վար­ման սկզբուն­քին, որ հիմքն է Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­ռոյ­ցի, եւ կը մարմ­նա­ւո­րէ այն, թէ ինչ­պի­սի վար­չա­ձեւ կը տես­նէ Զա­ւար­եա­նը ապա­գայ Հա­յաս­տա­նի հա­մար:zavarian7

Հոկ­տեմ­բեր 26-ին, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նը կազ­մա­կեր­պած էր այ­ցե­լու­թիւն Զա­ւար­եա­նի շի­րի­մին, որ կը գտնուի Լոռիի մար­զի անոր հայ­րե­նի գե­ղա­տե­սիլ Այ­գե­հատ գիւ­ղին մէջ: Արա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի կա­ռոյ­ցի բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ, երի­տա­սար­դա­կան, պա­տա­նե­կան եւ “Նի­կոլ Աղ­բալ­եան“ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, հրա­ւիր­եալ­ներ եւ գրե­թէ ամ­բողջ Այ­գե­հատ գիւ­ղը:

Հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօ­նը մա­տու­ցեց Օձու­նի եւ են­թաշր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Վրթա­նէս քհնյ. Բա­ղալ­եան, մաս­նակ­ցու­թեամբ Վա­նա­ձո­րի Սուրբ Մար­ի­ամ Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ “Սուրբ Տի­րա­մայր“ երգ­չա­խում­բին:

Քհնյ. Բա­ղալ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ նշեց, որ սրբա­վայր-ուխ­տա­տեղիի վե­րած­ուած շի­րի­մին շուրջ մեծ թիւով երի­տա­սարդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը ան­գամ մը եւս կը փաս­տէ, որ հայ­րե­նա­սի­րա­կան այն ոգին, որուն կրո­ղը հան­դի­սա­ցած է Սի­մոն Զա­ւար­եան:

Նշենք թէ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին` 2015 թուա­կա­նին, կ՛ամ­բող­ջա­նայ Զա­ւար­եա­նի ծննդեան 150-ամ­եա­կը:

Ելոյթ ու­նե­ցան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Լե­ւոն Մկրտչեան, “Սի­մոն Զա­ւար­եան“ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Գա­գիկ Շահ­վերդ­եան, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր, “Վէմ“ գի­տա­կան հան­դէ­սի գլխա­ւոր խմբա­գիր Գէ­որգ Խու­դին­եան, Այ­գե­հան գիւ­ղի դպրո­ցի տնօ­րէն Պա­րոյր Շահ­վերդ­եան, որոնք փո­խան­ցե­ցին Լոռիի այդ մեծ զաւ­կին տե­սիլքն ու ցան­կու­թիւն­նե­րը: Անոնք յայտ­նե­ցին թէ Զա­ւար­եա­նի հայ­եացք­նե­րը, մարդ­կա­յին կեր­պարն ու ան­սա­կար­կե­լի հե­ղի­նա­կու­թիւն,  պատ­կա­ռանք ներշն­չած է:

Այ­ցե­լու­թեան աւար­տին Հ.Յ.Դ.-ի Իրա­քի ղե­կա­վար Պա­րոյր Յա­կոբ­եա­նի կնքա­հայ­րու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցան երի­տա­սար­դա­կան խոստ­ման եւ կու­սակ­ցա­կան երդ­ման արա­րո­ղու­թիւն­ներ: Խումբ մը երի­տա­սարդ­ներ մի­ա­ցան Հ.Յ.Դ.-ի շար­քե­րը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles