Կարմիր Որմազդներ, Կարմիր Գիծեր, Կարմիր… Լուրեր

0 0
Read Time:3 Minute, 16 Second

 


«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Մահը չի հրապուրեր հերոսներու աչքերը,
Դուք ձեր դիմանկարներն ունէիք մեր քաղաքներու պատերուն վրայ։
(Խօսք՝ Լուի Արակոն, երգ՝ Լէօ Ֆեռէ )

«Ա՜հ»․․․
Այսպէս կը սկսի պատմութիւն կերտած ֆրանսացի բանաստեղծ-երգիչ Լէօ Ֆեռէի «Կարմիր Որմազդը» («L’affiche Rouge») երգը։ Եւ այդ վշտագին «Ա՜հ»-ը (հաւանաբար աւելի պատշաճ պիտի ըլլար հայերէն թարգմանութեան պարագային «Ա՜խ» հնչել) քանի մը անգամ կը կրկնուի տպաւորիչ եւ յուզիչ խօսքերէն առաջ։
Նմանապէս երկար «Ա՜հ» մը պիտի քաշէր եւ խորապէս պիտի ցաւէր նոյնինք Միսաք Մանուշեանը, հետեւելով վեցանկիւն երկրին՝ Ֆրանսայի քաղաքական խոհանոցի անցուդարձերուն, ու պիտի նկատէր, որ մութ հաշիւներով՝ յանկարծ իր ազգային պատկանելիութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ստանար, մինչդեռ կենդանութեան օրերուն, երկու անգամ իրեն մերժած էին Ֆրանսայի հպատակութիւն ստանալ։
Թուականները նկատի ունենալով՝ «թայմինկ»-ը տրամաբանական էր։ Ութսուն տարի ետք, որոշուած էր նացիներու դէմ պայքարած Մանուշեանն ու իր կողակից Մելինէն պանթէոն փոխադրել: Անոնք եղան պանթէոնի առաջին ոչ-ֆրանսացի անշունչ բնակիչ ամոլը։ Սակայն քաղաքականութեան «թայմինկ»-ն ալ իր դերը ունէր։ Արդարեւ, Ֆրանսայի ծայրայեղ աջն ու ծայրայեղ ձախը, ձեռք ձեռքի տալով՝ դէմ կանգնած էին գաղթականներու առնչութեամբ նախագահ Մաքրոնի առաջարկած ծրագիրներուն։ Դեռ աւելին, դիպուկ չէր ծայրայեղ ազգայնամոլ Մարի Լըփէնի ներկայութիւնը մեծարման այս հանդիսութեան, հակառակ նախագահ Մաքրոնի ընդդիմութեան։
«Ա՜հ»․․․ Մանուշեան եթէ ողջ ըլլար, պիտի ընդունէ՞ր հեռանալ իր միւս 22 ընկերներէն եւ ստանալ տարբեր վերաբերմունք եւ․․․ տիտղոս։
«Ա՜հ»․․․Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի զաւակ՝ Մանուշեանը, եթէ ողջ ըլլար, պիտի փափաքէ՞ր նմանօրինակ ծէս, երբ նոյն օրերուն, մեր բոլորին աչքերուն առջեւ՝ Կազայի մէջ այլ ցեղասպանութիւն մը կը կատարուի, իսկ քանի մը ամիս առաջ, մեր հայրենիքին մէկ պատառը՝ Արցախը խլուեցաւ մեզմէ ու հայաթափուեցաւ։
«Ա՜խ»․․․ Մանուշեան եթէ ողջ ըլլար, ձեռնածալ պիտի մնա՞ր՝ ի տես երկիրը սարքովի ջախջախիչ պարտութեան մը տարած եւ իր աթոռին կառչած Հ․Հ․ վարչապետին։
Պահ մը բաղդատութեան դնենք Ֆրանսայի պանթէոնն ու աշխարհի ամենէն երիտասարդ, հոծ եւ անշունչ՝ Երեւանի Եռաբլուր պանթէոնը։ Մանուշեան ձեռամբարձ կը փոխադրուի պանթէոն, մինչդեռ Եռաբլուրի մէջ հանգչող նահատակներու հարազատներ բռնի ուժով կը հեռացուին, երբ վարչապետն ու իր «ընտրանի»-ն հոն կ’այցելեն, նահատակներու ծնողներ դատարաններ կը քաշքշուին, Պաքուի ձեռքին կը մնան պատանդներ, նահատակներու աճիւններ կը մնան «կորսուած» կամ անհոգ ձգուած…։
Կայ աւելի՛ն. Ֆրանսա յետ մահու՝ pօst-mortem անցագիր մը շնորհած էր օտարազգիի մը, մինչդեռ Հայաստան մուտքի իրաւունքէ կը զրկուին Հայաստանի օգտին համար արտերկրի մէջ ժրաջանօրէն գործող հայորդիներ, մինչեւ իսկ Արցախի հարազատ զաւակներուն կ’ըսուի, թէ իրենք Հայաստանի հպատակ չեն, պէտք է նորովի դիմում կատարեն…։
Զարմանալի է ստեղծուած կացութիւնը, շա՜տ աւելի զարմանելի՝ երբ մտահոգուողը, Հայաստանի վարչապետէն աւելի՝ Ֆրանսայի նախագահն է (գոնէ իր յայտարարութիւններով)։
Հաւանաբար, Հ․Հ․ «ազգընտիր վարչապետ»-ին տեսանկիւնէն՝ ֆրանսացի երգիչին «Կարմիր Որմազդ»-ին գոյնը անգամ մը եւս բանավէճի դուռ բանար, ինչպէս եղաւ ամիս մը առաջ՝ ցուլերու դիմաց կարմիր զգեստով ման գալու «հնարք»-ին առիթով. մոռնալով այդ կարմիր որմազդը եւ արխիւներու մէջ զետեղելով՝ հարցը փակած պիտի ըլլար «ազգընտիր վարչապետ»ը։
Նոյնքան խոր «Ա՜խ» մըն ալ պիտի քաշէր նաեւ Մելինէն, տեսնելով «տիկին վարչապետ»-ին անտարբերութիւնը։
Սքանչելի են բանաստեղծ Լուի Արակոնի «Ոտանաւորներ՝ յիշելու համար» («Strophes pour se souvenir») գործէն առնուած եւ երգի վերածուած Լէօ Ֆեռէի խօսքերը, նոյնքան եւ գէթ աւելի սքանչելի, որքան իր համանուն «Սքանչելի» («C’est Extra») երգը։
Արակոն այս բանաստեղծութիւնը յօրինած է 1955-ին, «Մանուշեան խմբակ»-ի անդամներու գնդակահարումէն հազիւ 11 տարի ետք, երբ Փարիզի 20-րդ շրջանի մէկ բանուկ ճամբան պիտի կրէր այդ 23 հերոսներու խմբակին անունը։
«Ա՜հ»․․․ Ա՜խ»․․․ Եւ այսպէս, Ժամանակին հետ ամէն բան կը կորսուի (Avec le temps, va, tout s’en va), ինչպէս կը նկատէ բանաստեղծ-երգիչ Ֆեռէի մէկ այլ գլուխ-գործոց երգերէն նախադասութիւն մը:
Նահատակ բանաստեղծը՝ Սիամանթօ, այսօր տարբեր յղացքով պիտի գրէր «Կարմիր լուրեր բարեկամէս»-ը: Մեր յիշողութեան ու քաղաքական կամքին մէջ հաստատ կը մնան բազմադարեան պատմութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն եւ անթիւ նուաճումներ: Անոնք մնայուն բնակիչներն են մեր քաղաքական ծրագիրներու պանթէոնին, ինչպէս որ ֆրանսացիք իրենց պանթէոնին մէջ անմար կը պահեն իրենց մեծերուն յիշատակը:
Հետեւաբար, ժամանակին հետ ամէն բան չի կորսուիր, պէտք չէ կորսուի, ինչպէս կը փորձէ ընել Հայաստանի այժմու վարչախումբը. մոռացութեան տալ պատմութիւն, Արարատ, յաղթանակներ եւ Արցախ ու այլ հողեր, այսինքն՝ կը կտրէ-կ’անցնի ամէն տեսակի կարմիր գիծ:
Եւ ահա, վերոյիշեալ երգի աւարտին քանի մը անգամ կը կրկնուի այդ վշտագին «Ա՜հ»-ը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles