Գահիրէի «Սարդարապատ» պարախումբի ելոյթը

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

 

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան, հովանաւորութեամբ գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանին, եւ նախագահութեամբ Շաքէ Յովակիմեանին, Շաբաթ, Մարտ 16-ին, «Հելիոպոլսոյ Գրադարան»ի թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Սարտարապատ» պարախումբը։

Երեկոյթին բացման խօսքը կատարեց Սօսի Չիլինկիրեան. ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք պատուոյ հիւրերուն եւ մշակութասէր ներկաներուն, անդրադարձաւ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան աւելի քան 50 տարի առաջ սկսած առաքելութեան՝ «պահպանել մշակոյթը՝ ձեւաւորելով հա՛յ երիտասարդին հա՛յ ինքնութիւնը», ինչպէս նաեւ՝ պարախումբի պատմութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահուհի, «Սարտարապատ» պարախումբի հիմնադիր՝ արուեստագիտուհի Շաքէ Յովակիմեանին, ընդհանուր ղեկավար՝ Գարոլին Մազլումեանին, պարուսոյց Մարիամ Կարապետեանին, պարախումբի բոլոր անդամներուն, իրենց ծնողներուն, քուլիսներու ետին աշխատող կազմին, կազմակերպիչ վարչութեան եւ բոլոր նուիրեալներուն։

Ապա, արաբերէն լեզուով բացման խօսքը կատարեց Մարլօ Աւետիսեան, որմէ ետք ծափողջոյններով ելոյթ ունեցաւ «Սարտարապատ» պարախումբը՝ իր 25 անդամ-անդամուհիներով, եւ 14 պարերով, «որոնք արտայայտութիւնն էին մեր հայրենիքի տարբեր շրջաններու կենցաղային եւ մշակութային բազմազան առանձնայատկութիւններու»։ Այստեղ տեղին է նշել, որ հակառակ շատ կարճ ժամանակուան փորձերուն, պարախումբի անդամները յաջողեցան հանդիսատեսը առինքնել, բարձրացնել ներկաներուն տրամադրութիւնը, եւ փոխանցել դրական տպաւորութիւն՝ իրենց շարժումներու համաչափութեամբ եւ պարային քայլերու համադրումով։

Ընթացքին, Նորա Քէօհնէլեանի կատարողութեամբ, յաւերժացաւ անկրկնելի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը, ծննդեան 100-ամեակին առիթով՝ իր «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Ղօղանջ Եղեռնական» հատուածով։

Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետ Շանթ Կապէեանը, որ ՝ յուշանուէրով մը պատուեց  «Սարտարապատ» պարախումբի աշխատանքները համադրող, ընդհանուր ղեկավար Գարոլին Մազլումեանը, նաեւ՝ գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Մարիամ Կարապետեանը։

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան բարձր գնահատեց եգիպտահայ համայնքէն ներս տարուող միութենական գործունէութիւնը՝ ի մասնաւորի անդրադառնալով նուիրական այն աշխատանքին, զոր տարած է «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութիւնը՝ «Սարտարապատ» պարախումբին համոյթը կեանքի կոչելով։

Նշեց նաեւ, որ Ազգային Առաջնորդարանը եւ Ազգային իշխանութիւնը մի՛շտ պատրաստ է զօրավիգ կանգնելու եւ աջակից ըլլալու մեր բոլոր միութիւններուն, որպէսզի երիտասարդ սերունդին մէջ արմատաւորուի հայ ազգային մշակոյթն ու հայրենասիրական զգացումները, որոնք երաշխիքն են հայկական դիմագիծ ունեցող համայնքի գոյութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles