ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Այս օրերուն իրարու կը յաջորդեն յոբելեանները, յոբելենական հանդիսութիւնները, այդ առիթներով՝ շքադրումները։ Կը ստեղծուի որոշ տօնական մթնոլորտ մը, որ լրջօրէն կը հակադրուի մեր ազգային մեծ կորուստին՝ Արցախի բռնագրաւման ու հայաթափման, ինչպէս նաեւ շարունակական անձնատւութիւններու ստեղծած վհատութեան եւ յուսահատութեան։
Եւ լաւ է, որ այդպէս է։
Վերջ պէտք է տրուի այդ վհատութեան եւ յուսահատութեան։
Պիտի մնանք պահանջատէր, պիտի չհրաժարինք մեր հայապատկան հողերէն՝ անոնք ըլլան Արցախի մէջ, թէ այլուր եւ պիտի շարունակենք աննկուն պայքարը մեր իրաւունքներու վերահաստատման համար։
Սակայն կեանքը պիտի շարունակուի, հա՛յ կեանքը, որուն անբաժան երեւոյթներէն մէկն ալ յոբելեաններն են։
Բայց հարց տանք մենք մեզի, թէ ի՛նչ կը նշանակեն անոնք։
Ինչո՞ւ կը յիշատակուին կարեւոր թուականներ, ինչո՞ւ կը յարգուին մեր կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած կամ տակաւին ունեցող ազգայիններ։ Ի՞նչ է նպատակը յոբելեաններ նշելուն։
Առաջին ու գլխաւոր նպատակը անմոռացութիւնն է։
Պահել յիշողութիւնը այդ թուականներու կարեւորութեան, անոնց ձգած ժառանգութեան, անոնցմէ մեզի փոխանցուած պատգամին։ Այս իմաստով պէտք է տեսնել մեր մնայուն յիշատակումը Գրերու գիւտի, Թարգմանչացի, Փետրուար 18-ի, Արցախեան շարժումի, Վարդանանցի, Ապրիլ 24-ի, Մայիս 28-ի, Հ․Յ․Դ․ օրուան եւ այլ պատմական օրերու։ Եւ անոնց յոբելենական աւելի հանգամանալից տօնակատարումները։ Հաւանաբար դեռ աւելի՛ն կայ ընելիք՝ այդ շարքին աւելցնելով, օրինակ, Նուարսակի դաշնագիրը (որպէս մարդկային իրաւանց հնադարեան վաւերաթուղթ, թերեւս առաջինը՝ համաշխարհային առումով), միջնադարեան մեր համալսարանները (որոնք գոյութիւն են առած Հայաստանի մէջ շատ երկիրներէ առաջ), ողիմպիական խաղերու մեր յաղթանակները (որոնք գրեթէ մոռցուած են) եւ այլն։
Նոյնը՝ անցեալի մեր մեծ դէմքերու պարագային, որոնց խօսքը մեզի դաստիարակիչ կը մնայ եւ ուղեցոյց կը հանդիսանայ իրենց ապրած ժամանակահատուածէն շատ աւելի անդին։ Այս ուղղութեամբ ալ, կասկած չկայ, դեռ շատ ընելիք ունինք եւ շատ աւելի մեծ թիւով դէմքերու համար՝ հին ու նոր ժամանակներէ, որովհետեւ պէտք է միշտ յիշենք մեր այդ մեծերը եւ ունկնդիր մնանք անոնց ըսածին ու ճանչնանք անոնց նուաճումները։
Երկրորդ, բայց ոչ նուազ կարեւոր նպատակն է յարգանքը մասնաւորաբար այսօր տակաւին գործող մեր կազմակերպութիւններուն եւ կենդանի մտաւորականներուն, գործիչներուն, արուեստագէտներուն եւ այլ ականաւոր դէմքերու հանդէպ։ Յիշել անոնց վաստակը, գնահատել զայն, ծանօթացնել անգիտաց, վեր առնել այդ վաստակին կարեւորութիւնը՝ յատկապէս օրինակ ծառայելու համար գալիք սերունդներուն։ Այս մարզին մէջ ալ կրնանք ու անհրաժեշտ է աւելի՛ն ընել, մանաւանդ չսպասել, որ մեր արժանաւորները հասնին իրենց կեանքի աւարտին, անկարութեան վիճակի՝ ըստ արժանւոյն մեծարուելու համար։
Այս բոլորը, սակայն, իմաստ ունենալէ կը դադրի, եթէ չնայինք յոբելեաններէն անդին։
Եթէ ինքնաշարժ վարելու ատեն յետահայեաց հայելիին մէջ կը նայինք, այդ կ’ընենք անվտանգ յառաջանալու համար։ Որքան ալ հակասական թուի այս,— ետ նայիլ՝ առջեւ երթալու համար,— նոյնը պիտի ընենք մեր յիշատակումներուն պարագային։
Երբ կազմակերպութիւններու տարեդարձերը կամ յոբելեանները կը տօնենք, ոչ միայն պիտի գիտնանք նշել իրագործումները, այլեւ կատարել հաշուետւութիւն՝ վերյիշելով թերացումներն ու մատուցելով գալիքի մեր ակնկալութիւնները։ Որոնել սրբագրութեան, ինքնասրբագրութեան ուղիները, ներկայացնել մեր ծրագրերը, անո՛նց իրագործման անհրաժեշտ պայմաններն ու կարիքները։ Ոչ միայն ի՛նչը, այլեւ ինչպէ՛սը։
Ուրեմն երրորդ նպատակն ալ կազմակերպութիւններու ինքնանորոգումն է եւ դրօշի փոխանցումն է նոր սերունդին։
Մեր յոբելենական նախաձեռնութիւնները երբեմն կը քննադատուին որպէս անօգուտ միջոցառումներ։ Մանաւանդ, երբ այնքան մարդուժ եւ նիւթուժ կը ներդնենք զանոնք իրագործելու համար։ Այդ ներդրումները կ’արդարանան իրապէս այն պարագային միայն, եթէ այդ նախաձեռնութիւնները ծառայեն ոչ միայն ետեւ նայելու, այլեւ յառաջ երթալու։
Ծառայեն՝ վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը։
Վերահաստատելու հայ կեանքը բարելաւելու մեր կամքը։
Ամրապնդելու հայօրէն ապրելու մեր ոգին։