Ցեղասպանութեան Քաղաքականացումը. Ժխտողականութիւնը, Փանթուրքիզմը Եւ Հայութեան Բնաջնջումի Ծրագիրը Իր Լրումին Հասցնելու Սպառնալիքը

0 0
Read Time:10 Minute, 27 Second

Խ. Տէր Ղուկասեան

Երբ Փետրուար 1988-ին ծնունդ կ’առնէր Ղարաբաղեան Շարժումը, Սփիւռքը կը գտնուէր Ցեղասպանութեան Յիսունամեակով սկսած իր քաղաքականացման առաջացած հանգրուանին, որուն ենթահողը Հայ Դատի պահանջատիրութիւնն էր:

Ապրիլ 1965-ին Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա կայք հաստատած հայկական կազմակերպուած համայնքները միացեալ ջանքերով փողոց հանած երեք հայ պատմական կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց համար պահանջատիրութիւնը համահունչ էր արդարահատոյցին, այսինքն՝ հողերու վերադարձին: Այդ նպատակը մնաց գերիշխող համոզում յաջորդ քսանամեակին, թէեւ ակադեմական, քաղաքական թէ քարոզչական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ուժական միջոցառումները ստիպողաբար առաջնահերթային դարձուցին Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, որովհետեւ թրքական ժխտողականութեան պետական քաղաքականութիւնը նախանձախնդիր եղած էր միջազգային որեւէ փաստաթուղթի թէ պաշտօնական յայտարարութեան մէջ իրաւական այդ յղացքի վերացման, երբ հարցը կը վերաբերէր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բնակող հայութեան ճակատագրին: Թրքական ժխտողականութեան վերջին եւ գերագոյն ճիգը եղաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբի 1973-ի տեղեկագրէն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման տողը հանել, որով եւ ոճիրը կրնար համարուիլ «կատարեալ», որովհետեւ անոր մասին պիտի չըլլար եւ ոչ մէկ պաշտօնական արձանագրութիւն:

Պետականազուրկ, բայց ինքզինք որպէս համաշխարհային մասշտապով ներկայութիւն ունեցող մէկ ազգային հաւաքականութիւն ճանչցող Սփիւռքի քաղաքականացման առաջին յաջողութիւնները արձանագրելու սկսան արդէն 1985-ին, երբ Պենճամին Ուիթեքէրի տեղեկագրով ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբի Տեղեկագրին մէջ վերանշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, ինչ որ կարելի է համարել թրքական ժխտողականութեան առաջին ձախողութիւնը: Անոր յաջորդեց Եւրոպական Խորհրդարանի 1987-ի որոշումը, ինչպէս նաեւ տարբեր պետութիւններու գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակով հրապարակային յայտարարութիւններու, ի մասնաւորի նախագահներ Ֆրանսուա Միթերանի (Ֆրանսա, 1986) եւ Րաուլ Ալֆոնսինի (Արժանթին, 1987) հրապարակային յայտարարութիւնները:

Նոյն այդ քսանամեակին, հայրենի հայութիւնն ալ խորհրդային կարգերու պայմաններուն մէջ իր քաղաքականացման իւրայատուկ գործընթացը ապրած էր՝ 1965-ին Երեւանի մէջ «Մեր հողերը, հողերը» կարգախօսով զանգուածային ինքնաբուխ ցոյցերով սկսած Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդային լռութենէն դուրս բերելու, եւ առնուազն Խորհրդային Հայաստանի սահմաններէն ներս պաշտօնականացնելու նախաձեռնութիւններով: Միակուսակցական ամբողջատիրական համակարգի բոլոր սահմանափակումներով, հայրենի հայութեան յետ-1965 քաղաքականացման գործընթացը իր բոլոր երեսներով յատուկ քննարկման եւ տեսական բանաձեւման ու համապատասխան մասնագիտական թէ հանրային քննարկման կարիքը ունի տակաւին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու զուգահեռ բայց իրարմէ տարբեր ոլորտներու մէջ տեղի ունեցած զոյգ զարգացումները իրարու հետ բաղդատել եւ անոնց հասարակաց յայտարարները, ինչպէս նաեւ տարբերութիւնները, բացայայտել: Հայ քաղաքական մտածողութիւնը մինչ օրս նման նախանձախնդրութիւն, կամ թէկուզ եւ լոկ մտաւորական հետաքրքրութիւն, չէ ցուցաբերած: Շատ հաւանաբար որովհետեւ 1988-ին Ստեփանակերտի թէ Երեւանի մէջ հնչած «Միացո՛ւմ» հզօր կարգախօսը Սփիւռքի մէջ թերեւս անխուսափելիօրէն ընկալուեցաւ որպէս ազգային միասնականութեան կոչ, զոր Սփիւռքը, իր ճակատագրի իտէալական պատումին մէջ, կը սպասէր…

Ինչպէս համաշխարհային հանրային կարծիքը, Սփիւռքն ալ անակնկալի եկաւ ի տես Ղարաբաղեան Շարժումի զանգուածային երեւոյթին: Հետեւաբար, եւ թերեւս հասկնալիօրէն, Սփիւռքը այդ երեւոյթը ընկալեց իր քաղաքականացման հայելիին ընդմէջէն. Ղարաբաղեան Շարժումը Հայ Դատի պահանջատիրութեան նոր հանգրուանն էր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդարահատոյցի տրամաբանութեան ընդմէջէն, թէեւ ոչ մէկ սփիւռքեան կազմակերպութիւն երբեւիցէ մտածած կամ պատրաստուած ըլլար նման բախտորոշ անկիւնադարձի մը: Աւելորդ է նշել, որ Սումկայիթի փոկրոմները անխուսափելիօրէն Սփիւռքի, եւ թերեւս համայն հայութեան, հաւաքական յիշողութեան մէջ վերակենդանացուցին Ցեղասպանութեան եւ փանթուրքիզմի սպառնալիքը, հայութեան առանձին մնալը եւ ինքնապաշտպանութենէն զատ այլ երաշխիք չունենալը: Հետեւաբար, համասփիւռքեան կազմակերպական կառոյց եւ զօրաշարժի կարողականութիւն ունեցող բոլոր կազմակերպութիւնները Փետրուար 1988-ին յաջորդած ամիսներուն արդէն որոշում առած էին հայրենիք վերադարձի գործընթացը սկսելու: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումը՝ Դէպի Երկիր թերեւս ամէնէն պատկերաւոր եւ պատմական զգացողութեան համահունչ կը ներկայացնէ սփիւռքեան այդ օրերու հոգեվիճակը եւ համոզումը:

Դէպի Երկիր գործընթացը, սակայն, չկարողացաւ օրին հասկնալ, թէ Ղարաբաղեան Շարժումէն ծնած անկախացման ծրագիրը եւ անոր ղեկավարութիւնը ի դէմս Հայոց Համազգային Շարժումին այնքան ալ տրամադիր չէր առնուազն կամրջել Հայ Դատի պահանջատիրութեան տրամաբանութիւնը այն օրերուն կազմաւորուող «պետական մտածողութեան» հետ: Ընդհակառակը, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման փութկոտութիւնը եւ նորանկախ պետութեան միջազգային յարաբերութիւնները «պրագմատիզմ«ի պրիսմակով սահմանելու որոշումը առաջնորդեց յաճախ շատ կոպիտ կերպով արտայայտուած խզումի, որ հասաւ մինչեւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը որակելու «ռըվանշիզմ», եթէ ոչ ազգայնամոլութիւն: Ինչ որ չէր կրնար չյուշել սթալինեան սարսափի տարիներուն բանաձեւուած պոլշեւիկեան պաշտօնական պատմութիւնը, ըստ որուն Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Օսմանեան Կայսրութեան հայկական վիլայէթներու մէջ բնակող հայութեան բնաջնջումի պատասխանատուութիւնը թուրք եւ հայ ազգայնամոլներու պատճառով էր: Օրուայ քաղաքական տիրող ուժը, որ հակառակ իր սկզբնական վերապահութեան համաձայնած էր Անկախութեան Հռչակագրի 11-րդ կէտով պետական յանձնառութիւն վերցնել սատար կանգնելու «1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին», համոզուած կը թուէր ըլլալ որ այդ կէտի որդեգրումով ալ կ’աւարտէր իր յանձնառութիւնը: «Դեկլարատիւ» բնոյթի յանձնառութիւն, որ չէր ենթադրեր որեւէ գործնական նախանձախնդրութիւն զայն արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին բերելու, կամ անոր մասին մտածելու ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան տրամաբանութեան ընդմէջէն:

Այդ խզումը բացայայտ դարձաւ մանաւանդ անկախութեան եւ Արցախեան Առաջին Պատերազմի աւարտին յաջորդած չորս տարիներու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու շատ ցաւոտ հանգրուանին, որուն կրկին անդրադառնալու կարիք չկայ: Ոչ ալ պէտք կայ նժարի վրայ դնել մէկ կողմէ օրուայ իշխանութիւններու վարքագիծը Սփիւռքի հանդէպ եւ միւս կողմէ՝ Սփիւռքի պատրաստակամութիւնը հասկնալու պետութեան մը մտահոգութիւններէն բխած առաջնահերթութիւնները: Անհրաժեշտ է սակայն բանաձեւել այդ խզումին առաջնորդած Ցեղասպանութեան քաղաքականացումը, այսինքն՝ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու օրակարգին խնդրայարոյց տեղադրումը ընդհանրապէս, եւ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ անոր ընդգրկումը մասնաւորապէս: Այսինքն՝ ո՞րն է խորքային այն տարբերութիւնը, ուր Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ ՀՀ պետական մտածողութեան տրամաբանութիւնները իրարու կը բախին կամ կը դժուարանան համախոհութիւն գոյացնել:

Խորքային այդ տարբերութիւնը, ինչպէս երբեմն միամիտ, պարզունակ կամ չարամտօրէն կը բացատրուի, Արեւմտահայաստանը կամ Թուրքիայէն հողային պահանջիրութեան անմիջականութիւնը չէ, այլ՝ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու թրքական պետական քաղաքականութիւնը: Սփիւռքի քաղաքականացումը, փաստօրէն, ծնունդ առաւ որպէս բողոք եւ ըմբոստութիւն Ցեղասպանութեան յաջորդած յիսուն տարիներուն Թուրքիոյ կողմէ յաջողութեամբ կիրարկուած ժխտողական քաղաքականութիւնը, որ, միջազգային, ներառեալ Խորհրդային Միութեան, մեղսակցութեամբ, լռեցուցած եւ մոռացութեան մատնած էր Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայութեան բնաջնջման պետական ոճիրը եւ անոր բոլոր հետեւանքները ներառեալ պատմականօրէն հայկական հողատարածքներու զաւթումը: Սփիւռքի համար, հետեւաբար, թրքական ժխտողականութիւնը ընկալուած է որպէս գոյութենական սպառնալիք: Անկախ Հայաստանի պետական մտածողութեան համար թրքական ժխտողականութեան ընկալումը որպէս սպառնալիք շատ հաւանաբար չթուէր այնքան գոյութենական, որքան որ պարագան էր սփիւռքեան ընկալման: Արդէն միջազգայնօրէն ճանչցուած անկախ պետութեան մը սահմաններուն մէջ բնակչութեան աւելի քան ինիսուն տոկոսը կազմող հայութեան համար ինքնութեան պահպանումը քաղաքական խնդիր չէր, այնպէս ինչպէս պարագան էր Սփիւռքի հայապահպանման ծրագրին: Առաւել՝ դժուար եթէ ոչ անկարելի էր դրացի եւ տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան թէ տնտեսական զարգացման համար իր աշխարհաքաղաքական կշիռը ունեցող երկրի մը հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել եւ առեւտուրի համար սահմանները բանալ, եթէ ժխտողականութիւնը ընկալուէր եւ բանաձեւուէր որպէս ազգային ապահովութեան սպառնալիք:

Թրքական ժխտողականութեան սպառնալիքի այս խորքային տարբերութիւնը որ յատկանշեց Ցեղասպանութեան քաղաքականացումը անկախութեան անմիջականօրէն յաջորդած հանգրուանին բնականաբար առընչակից էր փանթրքական ծրագրի ներկայացուցած վտանգի ընկալման: Փանթուրքիզմը որպէս գաղափարախօսութիւն եւ աշխարհաքաղաքական ծաւալապաշտութեան ծրագիր Ցեղասպանութիւնը բացատրող առաջին պատճառական գործօնն է: Այսինքն՝ հայութեան բնաջնջումը միայն «հայկական հարց«ի լուծումը չէր, այլ՝ հայապատկան պատմական հողատարածքներու բռնազաւթումն ու թրքացումը: Այս առարկայական փաստը հարցականի տակ չէր դրուած Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան աշխուժացման տարիներուն: Աւելի՛ն, Արցախեան առաջին պատերազմի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան համար փանթրքական սպառնալիքի առկայութիւնը հարցականի տակ չէր դրուեր: Ի մասնաւորի երբ ռազմաճակատին վրայ ատրպէյճանական կողմը Գորշ Գայլերու խմբաւորման խորհրդանիշներով մեքենայի, զէնքի թէ տարազի փաստերը չէին պակսեր: Տակաւի՛ն Ղարաբաղեան Շարժման ծնունդի ամիսէն սկսեալ թուրք-ատրպէյճանական «եղբայրութեան» հրապարակային արտայայտութիւնները իրարու կը յաջորդէին: Վերջապէս, Թուրքիան եղաւ, որ Հայաստանի հետ սահմանի փակման նախաձեռնեց եւ սպառնաց միջամտել, որուն այն ժամանակ, 1993-ին, շատ կոշտ պատասխանեց Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարը, զգուշացնելով որ այդ մէկը կրնար առաջնորդել «երրորդ համաշխարհային պատերազմի»: Փանթուրքիզմի այժմէականացման այս բոլոր նշանները, սակայն, չհամոզեցին Հայաստանի առաջին կառավարութեան պետական ղեկավարութեան: Ընդհակառակը, ճիգ եղաւ այդ ծրագրի թէ գաղափարախօսութեան կարեւորութիւնը նսեմացնելու եւ այժմէականացումը ժխտելու կամ անտեսելու: Կրնար այդ մէկը մարտավարական քայլ ըլլալ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը տարբերելու, եւ այդ ձեւով առաջքը առնելու անոնց մերձեցման, կամ յաւելեալ մերձեցման: Թէ որքանով այս համոզումը կամ դիւանագիտական մարտավարութիւնը կ’արդարացուէր՝ առանձին հարց է, իրողութիւնը կը մնայ այն որ փանթուրքիզմի մասին Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ քաղաքական մտածողութեան ընկալումներու տարբերութիւնը վերածուեցաւ Ցեղասպանութեան քաղաքականացման երկրորդ պատճառի:

Ցեղասպանութեան քաղաքականացման առաջին հանգրուանը յատկանշուեցաւ մօտեցումներու բախումով, որ իր գագաթնակէտին հասաւ երբ ՀՀ առաջին Նախագահը Ցեղասպանութիւնը մերժեց ներառել քաղաքական օրակարգին եւ զայն համարեց պատմաբաններու յատուկ թեմայ: Այդ տրամաբանութեամբ ալ բանաձեւուեցաւ խզումը, ընդ որում Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը որակուեցաւ որպէս «յիշողութեան քաղաքականութիւն», որ ոչ միայն խոտոր կը համեմատի պետական մտածողութեան, այլ խոչընդոտ է անկախ պետականութեան զարգացման: Ցեղասպանութեան քաղաքականացումը այդ տարիներուն վերածուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու համակարգը կազմաւորած ազդակներէն մէկը, որ 1998-էն սկսեալ չունեցաւ այն լարուած ու բախումային իրավիճակը որով յատկանշուած էր նախորդ չորս տարիներուն: Պատճառը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականէն յետոյ իշխանութեան հասած Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ Ցեղասպանութեան հարցին հանդէպ նոր մօտեցումն էր, ընդ որում Ցեղասպանութիւնը ներառուեցաւ քաղաքական օրակարգին, ընդհուպ մինչեւ յղացքին ընդգրկումը արտաքին քաղաքականութեան խօսոյթին եւ տարբեր հարթակներէ, ի մասնաւորի՝ ՄԱԿ-ի, միջազգային հանրային կարծիքին ուղղուած յայտարարութիւններուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, 1998-էն սկսեալ եւ յաջորդ քսան տարիներուն առաջին Նախագահի օրերուն բանաձեւուած սկզբունքը՝ «առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ» մնաց ուղենշային:

Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այս շրջադարձը կարծես ինչ որ համախոհութիւն բերաւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնն ու պետական մտածողութիւնը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ: Այս փոխադարձ հասկացողութիւնը, սակայն, անլոյծ ձգեց թրքական ժխտողականութեան ընկալման եւ փանթուրքիզմի այժմէականութեան մասին մօտեցումներու տարբերութեան խնդիրը: Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ» ուղենշային սկզբունքին, անոր քննական/քննադատական վերլուծումը կամ բանավէճը հրապարակային թէ մասնագիտական հարթակներու վրայ, եթէ նոյնիսկ պարբերաբար տեղի ունեցան, որեւէ յատկանշական եզրակացութեան չյանգեցան: Փաստօրէն, Հայ-Թրքական Հաշտեցման Յանձնախումբին թէ Փրոթոքոլներու զոյգ իրադարձութիւններն ու անոնց ստեղծած առաւել թէ նուազ լարուածութիւնը Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ եկան ցոյց տալու, որ թրքական կողմը երբեք չէ ընդունած «առանց նախապայմաններու» սկզբունքը: Ընդհակառակը, յատկապէս Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցով Անգարան հաստատ մնացած է զայն չեղարկելու իր նախապայմանին վրայ: Ինչ որ Երեւանի համար երկկողմանի յարաբերութիւններ սկսելու համար Ցեղասպանութեան հարցով դիւանագիտականօրէն թէ՛ բանակցութիւններու սեղանին վրայ, թէ՛ ալ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները չլարելու նախանձախնդրութեամբ «մանեւրելու» քիչ միջոց ձգած է:

Սերժ Սարգսեանի կողմէ 2010-ին Փրոթոքոլներու սառեցումով եւ Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի նախապատրաստութեան ակտիւ համագործակցութեան տարիներուն կը թուէր, թէ ի վերջոյ Ցեղասպանութեան հարցով Հայաստան-Սփիւռք պիտի հասնէին համախոհութեան այն մակարդակին, որ հարցի քաղաքականացումը այլեւս բացառուէր: Եւ, իրօք, Համահայկական Հռչակագիրը, որ իր տեսակին մէջ պատմական նախընթաց չունեցող, այսինքն՝ ստեղծող, եզակի փաստաթուղթ մըն է, կարծես թէ տուաւ այն վստահութիւնը, որ արդարահատոյցի հանգրուանի յայտարարումով Հայ Դատի պահանջատիրութիւնն ու պետական մտածողութիւնը պիտի ընթանային դէպի կամրջում եւ թերեւս համագործակցութեան հայեցակարգ: Փաստօրէն, Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի աշխատանքները կարեւոր յառաջընթաց արձանագրեցին՝ «արդարահատոյց«ի հասկացողութիւնը բանականացման, յստակեցման եւ օրակարգի վերածելու փաստաթուղթի մը պատրաստութեամբ, իսկ հայկական դիւանագիտութիւնը ՄԱԿ-ի ոլորտին մէջ աննախընթաց նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերեց: Կարեւոր է նշել, սակայն, որ այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի իշխանութեան ամրագրումով եւ արտաքին քաղաքականութեան նէօ-Օսմանեան շրջադարձով, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները ռազմավարական նոր մակարդակ նուաճեցին եւ այդ մէկը շատ բացայայտօրէն դրսեւորուեցաւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ միջազգային քաղաքականութիւնը շրջադարձ կատարեց դէպի աւելի ակտիւ ռազմական միջամտութիւն՝ Եւրասիական այն աշխարհատարածքին մէջ, ուր նախկին Խորհրդային Միութիւնն էր, եւ որ Մոսկուա միշտ ալ սահմանած է որպէս իր ազգային ապահովութեան համար անհրաժեշտ ազդեցութեան գօտի: Սուրիոյ պատերազմը եկաւ փորձադաշտ մը ըլլալու ռուս-թրքական մերձեցման, որ 2015-էն սկսեալ սերտաճեցաւ եւ Կովկասի մէջ թարգմանուեցաւ Ատրպէյճանի դարպասման քաղաքականութեամբ ի գին իր ռազմավարական դաշնակից Հայաստանի տուած առաջնահերթութեանց եւ առանձնաշնորհումներու նուազեցման, ինչպէս երեւան ելաւ 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմին եւ անկէ անմիջապէս յետոյ Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւններուն ընդմէջէն: Այս բոլորը կ’արձանագրուի առ ի յիշեցում, որ 1920-21 թուականներու պոլշեւիկ-քեմալական համագործակցութեան ծանր գին վճարած էր Հայաստանը, ընդ որում նաեւ հայ ժողովուրդի դէմ պետական ոճիրի լռեցման պարտադրանքով:

Այս յետադարձ ակնարկով Ցեղասպանութեան քաղաքականացման վերլուծումը անհրաժեշտ է, որովհետեւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի ու Արցախի հայաթափման ճակատագրական անկիւնադարձը հարցը կրկին օրակարգի բերած են, եւ շատ աւելի սուր կերպով: Որքան ալ որ պարտուած եւ Արցախը ուրացած իշխանութիւնները լռեն այդ մասին, փանթուրքիզմն ու թրքական ժխտողականութիւնը գոյութենական սպառնալիք են Հայաստանին: Իսկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նորագոյն ուղենիշը կը թուի ըլլալ՝ յարաբերութիւններ հին թէ նոր բոլոր նախապայմաններով… Բայց իշխանութիւնները կարծես կը հաւատան, որ բոլոր պահանջուած զիջումները կ’արդարացուին ի գին խաղաղութեան: Թէկուզ եւ այդ խաղաղութիւնը յանգի նուազագոյնի հասցուած հողատարածքի մը Երեւանեան անկլաւի մը տեսքով, ուր պահպանուի պետական իրաւականութեան ձեւականութիւն մը, որ իրողականօրէն պիտի ըլլայ թուրք-ատրպէյճանական գերակայութեան ենթիշխանութիւն մը:

Այս ծայրայեղ տիսթոփիան է թերեւս այն «զրօ կէտը» որմէ ամէն ինչ վերսկսելու մասին ակնարկած էր Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան եւ անոր յաջորդած բոլոր աղէտներուն գերագոյն պատասխանատուն, 9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմանի Համաձայնագրի ստորագրումէն յետոյ իր Ամանորեայ ուղերձին մէջ, երբ արդէն յստակացուցած էր, որ ոչ միայն պիտի չհրաժարի, այլ իշխանութեան վրայ մնալը իր առաջնահերթային նպատակն է:

Կը մնայ, որ այդ «զրօ կէտ«էն ամէն ինչ վերսկսիլը կը նշանակէ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան ուրացումի համահունչ խեղաթիւրումի գինով հաւաքան նոր ինքնութեան մը կերտումը, որուն նախաքայլերը արդէն կը տրուին: Այդ «զրօ կէտ«էն ամէն ինչ վերսկսիլը նաեւ կ’ենթադրէ, որ ցեղասպանութեան ոճիրը իր լրումին պիտի հասցուի՝ թրքական ժխտողականութեան թէկուզ եւ լուռ ընդունումով: Շնական կրնայ թուիլ, բայց Արցախը Ատրպէյճանական կազմին մէջ ճանչցած եւ հայրենիքէն տարածքներ յանձնած եւ յաւելեալ զիջումներու պատրաստ մէկու մը համար Ցեղասպանութեան փաստին մասին լռելը, կամ մինչեւ իսկ անոր ուրացումը այնքան ալ անսպասելի չէ: Ի վերջոյ, Սփիւռքի գործերու իր յանձնակատարը արդէն հարցականի տակ դրած է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէքը» Հայաստանի համար, եւ իր անմիջական շրջապատէն պատգամաւոր մը Թուրքիոյ հետ «չթշնամանանք«ի սոփեստութիւնը բանաձեւած է:

Թէ քանի՞ հայ կրնայ ինքզինք տեսնել հաւաքական ինքնութեան այն հայելիին մէջ, զոր պարտուած իշխանութիւնները այսօր կը պարտադրեն, քանի՞ հայ պիտի չհրաժարի այդ «հայութենէն«՝ հարցումներ են, որոնք այսօր արդէն սպառնացող այս տիսթոփիային նկատառումէն կը բխին: Պարզ է, որ այս տիսթոփիան կարելի է չեղարկել միայն այս իշխանութիւններու հեռացումով, որուն համար ալ պիտի յուսալ, որ ընդդիմութիւնը ի վերջոյ յաջողի միասնական ճակատ կազմել եւ ժողովուրդին համոզել, որ այլընտրանք կայ: Մինչ այդ, Սփիւռքին կը մնայ դիմագրաւել Ցեղասպանութեան քաղաքականացման այս նորագոյն եւ վտանգաւոր հանգրուանը եւ պատրաստուիլ՝ լաւագոյն պարագային նոր իշխանութիւններու հետ Ցեղասպանութեան հիմնահարցը ազգային օրակարգի վրայ ամէն քաղաքականացումէ հեռու պահող համագործակցութեան մը հայեցակարգ ճշդելու, եւ յոռեգոյն պարագային ազգակործան տիսթոփիայի սփիւռքացումը մերժելու:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles