«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ «ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

1 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

 

Հինգշաբթի, Մարտ 21-ին, կազմակերպութեամբ Պէյրութի «Հայկազեան» Համալսարանի տնօրէնութեան եւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան տեղի ունեցաւ ուսանողութեան հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատուեցաւ շարունակականութիւնը «Համազգային»-«Հայկազեան» երկարամեայ գործակցութեան՝ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու։

«Հայկազեան» Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի տագնապին եւ նման ծրագիրներու անհրաժեշտութեան։ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ուրախութեամբ յայտնեց, որ տասնամեակէ մը աւելի այս գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ արգասաբեր արդիւնքները սկսած են ամենուրէք տարածուիլ։ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, հակիրճ կերպով բացատրեց «Համազգային»-ի հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիրը եւ 7 տարուան կրթաթոշակի ամբողջական տրամադրումը այն ուսանողներուն, որոնք ունին փափաքը հայերէնի ուսուցիչ դառնալու եւ նուիրուածութեամբ աշխատելու։

Գալուստեան բացատրեց, որ թեկնածուն իր բնակած երկրին մէջ, աւարտելէ ետք հայկական վարժարանը, 3 տարի պիտի ուսանի մանկավարժութիւն, մէկ տարի պիտի հետեւի ուսուցիչի պատրաստութեան յատուկ ծրագիրի, ապա պիտի մեկնի Երեւան եւ երկու տարի Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ հետեւի հայագիտութեան ճիւղին։ Այսպիսով ուսանողը կ’ունենայ մանկավարժութեան BA, ուսուցչութեան վկայագիր (teaching diploma) եւ հայագիտութեան MA։ Այս ընթացքին շաբաթական դրութեամբ ան առցանց կը հետեւի նաեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան նիւթերուն մասնագէտ ուսուցիչի հետ։ Այս բոլոր ծախսերը՝ ներառեալ կրթաթոշակ, օդանաւի տարեկան մէկ տոմս, Հայաստանի մէջ կեցութիւն եւ ապրուստ, կը հոգայ Կեդրոնական Վարչութիւնը։

Այս ամբողջ ճամբան կտրած եւ յաջողութեամբ աւարտած ուսուցիչ Սարգիս Եագուպեան իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, որ այս օրերուս աւելի քան անհրաժեշտ է հայերէնի ուսուցիչին դերը ոչ միայն հայերէն լեզուն լաւապէս սորվեցնելու, այլեւ հայութեան հոգիին վրայ օրըստօրէ կուտակուող պարտութեան ոգին փարատելու եւ հզօրացնելու գործին մէջ։ Ան իր կարգին թելադրեց ուսանողներուն, որ չվարանին եւ համոզումով լծուին աշխատանքի, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ հաստատութիւններուն այս առիթը իրեն ընծայելու համար։ Սարգիս Եագուպեան աւարտած է «Համազգային»-ի «Մ. եւ Հ. Արսլանեան» Ճեմարանը եւ վեցամեայ ուսումը ամբողջացնելէ ետք ներկայիս կը պաշտօնավարէ իր դպրոցին մէջ։

Համագործակցութեան աւելի քան տասնամեակի մը առիթով «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոթսեան յուշանուէր մը յանձնեց «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles