Երուսաղէմի Հայ Համայնքի Կոչը` Միջազգային Հանրութեան

0 0
Read Time:2 Minute, 10 Second

Մենք` Երուսաղէմի հայ համայնքի հասարակական, բարեգործական, երիտասարդական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ, ի հարկէ «SavetheArQ» շարժման ներկայացուցիչներս, հրատապ կոչով կը դիմենք միջազգային հանրութեան` խնդրելով մեր համայնքին համար խիստ վճռորոշ այս պահուն աջակցիլ Երուսաղէմի պատմական հայկական թաղամասը պաշտպանելու գործին: Իսրայէլի ոստիկանութեան վերջին գործողութիւնները վտանգաւոր նշաձող աւելցուցին, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք մենք:

Հակառակ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ յարուցուած շարունակական դատական գործընթացներուն` ուղղուած «Կովերու պարտէզ»-ին հետ կապուած անօրինական գործարքը չեղեալ յայտարարելուն, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այժմ միացած է իսրայէլացի վերաբնակներուն, որոնք գործնականօրէն կը սրեն լարուածութիւնը եւ կը փորձեն տեղւոյն վրայ ուժով փոխել իրողութիւնը: Ըստ այնմ, խիստ վտանգուած է Երուսաղէմի մեր 1600-ամեայ ներկայութիւնը: Հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին պատմական գոյութիւնը այժմ վտանգի տակ է: Որպէսզի պարզ ըլլայ բոլորին, մենք միասնական ձայնով կը յայտարարենք, որ «Կովերու պարտէզ»-ին հետ կապուած ստորագրուած գործարքը չեղարկուած է. մեր գոյութիւնը կը վտանգէ իբրեւ համայնք եւ կը խախտէ մեր սեփականութեան իրաւունքները:

Մենք կը խնդրենք միջազգային հանրութենէն ճանչնալ Երուսաղէմի մեր մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան նշանակութիւնը եւ կանգնիլ մեր կողքին` ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի հայութեան գոյութեան իրաւունքին: Հայկական թաղամասը զուտ աշխարհագրական տեղանուն չէ, անիկա մեր մնայուն ներկայութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշն է: Անոր նկատմամբ ցանկացած ոտնձգութիւն ոչ միայն կը խաթարէ մեր համայնքին ու պատրիարքարանին իրաւունքները, այլեւ կը սպառնայ ոչնչացնել «Հին քաղաք»-ի խճանկարը:

Մենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, ներառեալ պետութիւններու ղեկավարներուն, դիւանագիտական առաքելութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն կոչ կ՛ուղղենք բարձրացնելու այս գոյութեան սպառնալիքի հանրային հնչեղութիւնը, համախմբուելու եւ մեզի հետ համերաշխութեամբ առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու` կասեցնելու հետագայ ոտնձգութիւնները հայկական կալուածներուն նկատմամբ եւ պահպանելու Հայկական թաղամասի ներկայ սթաթիւս քոն:

Մենք համապատասխան բոլոր կողմերուն յատուկ կոչ կ՛ուղղենք` ճնշում գործադրելու իսրայէլեան ոստիկանութեան վրայ` դադրեցնելու իրենց անմիջական օգնութիւնը, խթանումը եւ նոյնիսկ իսրայէլացի վերաբնակներու ուղեկցումը, որոնք կը ցանկան բռնի ոտնձգութիւն կատարել «Կովերու պարտէզ»-ին, հայկական թաղամասին եւ հայ համայնքին նկատմամբ: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են Երուսաղէմի ամբողջականութեան, իր պատմութեան եւ բոլոր համայնքներու կենսունակութեան պահպանմամբ, պահանջելու, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պարտաւորեցնէ տեղւոյն ոստիկանութեան չօգնելու, չխթանելու եւ նոյնիսկ չգլխաւորելու ընկերութեան յարձակումը հայ համայնքի վրայ, չբռնագրաւելու հայկական թաղամասի եւ համայնքի թանկարժէք գոյքը:

Անոնք զինուած են: Մենք` ոչ: Պէտք է, որ գերիշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, ոչ թէ իսրայէլացի վերաբնակներու ապօրինի եւ ուժային ոտնձգութիւնները` աջակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան: Մեր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, իրաւական գործընթացները եւ սթաթիւս քոն (գոյավիճակը, խմբ․) պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Այս պահուն, իսրայէլեան ոստիկանութեան եւ վերաբնակներու ձեռնարկած գործողութիւններու հետեւանքով, բոլորը վտանգուած են: Մեր ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ յարգանքի, հանդուրժողականութեան եւ մշակութային բազմազանութեան ընդհանուր արժէքներու վկայութիւն, որոնք պէտք է պահպանուին Երուսաղէմի մէջ:

ՀԱՅՈՑ ԹԱՂԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles