Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Ապրիլ 2024
Հայաստանի մէջ նոր եռք մը սկսած է վերջին շաբաթներուն, որ հրաբխային վիճակ ստեղծած է քիչ մը ամէն տեղ, սկսելով Տաւուշէն մինչեւ Երեւան եւ այլ շրջաններ: Այս եռքի մթնոլորտին մէջ է որ նշուեցաւ Ցեղասպանութեան 109-րդ տարեդարձը: Այս եռքն է որ սկսած է ալիքներ տարածել նաեւ Սփիւռքի մէջ, կը բերէ թէ՛ ներքին եւ թէ համահայկական դաշտերու մէջ նոր ծաւալ ստանալու սպասումը:
Հայաշխարհը փաստօրէն սպասումի մէջ է (թէեւ սպասողականէ գործի անցնողներ ալ կան). սպասում՝ որ Տաւուշէն ծայր առած ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ երկիրն ու հայաշխարհը հասցնեն ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՅԹՈՒՄԻ մը, շօշափելի բարեշրջում ստեղծեն՝ ո՛չ միայն վերջ տալու վեց տարի առաջ սկիզբ առած նահանջի ու կորուստներու, մինչեւ իսկ նոր ցեղասպանութեան ընթացքին, այլ նաեւ հայութեան նաւուն ղեկը վստահելու ազգ ու հայրենիք փրկելու եւ պաշտպանելու ատակ վարչախումբի մը:
Նախ բացատրենք, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՅԹՈՒՄ եզրոյթով: Սա կը նշանակէ, որ ամբողջ ազգը միացնէ ձեռքերը եւ կասեցնէ աղէտալի ու կորուստէ-կորուստ տանող այլանդակ վազքը, սկսելով թշնամիին գործակիցն ու հլու կամակատարը դարձած իշխանախումբին հեռացումէն:
Պայթում բառը, ինքնին, սարսափազդու բան է, որովհետեւ կրնայ պատճառել մահ, վիրաւոր, վնասներ, սակայն ի վերջոյ վիճակ մը կը փոխէ: Պայթումը դրական կ’ըլլայ, երբ ճիգ ըլլայ էական փոփոխութիւնը յաջողցնել առանց զոհի, վիրաւորի եւ այլ վնասներու:
Ուրկէ կու գայ այս մտածումը: Արձանագրենք քանի մը իրական տուեալներ:
Իշխանութեան վարկը իր իսկ ձեռքով «ասֆալթին փռուած» է, այսինքն՝ թշնամիին հետ իր յարաբերութիւններուն ճամբով, քաղաքացիներուն հետ բիրտ վարմունքով, տնտեսական ձախաւերութիւններով եւ բազում այլ վնասարարութեամբ՝ անոր յենարանները գրեթէ զեռոյացած են. միակ յենարանները կը մնան (լաւ վարձատրուող) ոստիկանները եւ դրսեցի հովանաւորները, որոնց շարքին են… Ատրպէյճանն ու Թուրքիան:
«Սահմանագծում-սահմանագծում» յանկերգին Տաւուշ փոխադրումն ու քանի մը սիւնի հաստատումը, շրջանէն բանակային զօրքերու հեռացման եւ գրեթէ անզէն սահմանապահներու տեղադրումի, աւելի՛ն, Հայաստանի՝ այսպէս կոչուած սահմանին ամէնէն ամուր դիրքերուն ականազերծումի քայլերը ահազանգի մատնած են նախ՝ տաւուշցիները, անոնց հետ նաեւ՝ այլ շրջանները, եւ, ինչպէս նշեցինք արդէն՝ ահազանգը կը տարածուի քիչ մը ամէն տեղ: Մարդիկ հիմա իրենց աչքերով կը տեսնեն, որ ընդդիմադիրները անհիմն զգուշացումներ չէին արձակեր տարիներէ ի վեր, ըսելով, որ Արցախի յանձնումէն, նուիրումէ՛ն ետք, կարգը պիտի գայ նոյնինքն Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն, յետոյ նաեւ ներքին տարածքներուն, թէ՝ այդ բոլորը կը կատարուին շինծու, իրաւական եւ օրինական հիներէ զուրկ պատճառաբանութիւններով, խաբէութեա՛մբ:
Սիւնեցիներուն պարգեւուած էր առաջին նախաճաշակը, երբ մարդիկ տուն-տեղ-գիւղ-արօտավայր կորսնցուցին եւ փոխհատուցման խոստումները չիրականացան: Նոյնը կը սպասուի Տաւուշի մէջ եւ այլուր: Հիմա, տաւուշցիք բանիւ եւ գործով կը ծառանան, ըսելու՝ որ պիտի չխաբուին, պատրաստ են իրենց հողը սեփական ձեռքերով պաշտպանելու: Իշխանաւորները ո՛չ միայն օգնութիւն կը զլանան (ուրիշ տեղ ալ օգնութիւն չտրամադրեցին, այլ մինչեւ իսկ հայրենապաշտպաններ հալածեցին), այլ նաեւ սեփական հող պաշտպանողներու դէմ արձակած են դժբախտ ոստիկանները, միաժամանակ յառաջ կը տանին ականազերծումը, որպէսզի ազերիական նոր յառաջխաղացքի մը պարագային, ազերիներու քիթը չարիւնի (հայ զինուոր մը վիրաւորուած է ականի մը պայթումէն):
***
Երեւանի մէջ եւ այլուր, տաւուշցիներու շարժումը համապատասխան գործնական արձագանգներ կը գտնէ: Մայրաքաղաքին մէջ թէ անկէ շրջաններ տանող մայրուղիներ կը փակուին բողոքողներու կողմէ, սակայն բոլորն ալ իրենց դիմաց կը գտնեն բիրտ ուժ, ճնշում եւ բռնարարքներ: Ոմանք Տաւուշ փութացած են, ֆիզիքապէս կանգնելու հայրենիք ծախողներուն դէմ կանգնողներուն շարքերուն. շատերու նման, դաշնակցական երեսփոխան մըն ալ բիրտ ուժ համտեսած է: Ընդդիմադիրներուն այն զգուշացումները, թէ՝ Սիւնիքէն պատառիկներ տուողը, որ հիմա Տաւուշէն սկսած է տալ՝ արդէն աւելի՛ շատ լսող ականջներ ու հասկցող ուղեղներ կը գտնեն, ու ժողովուրդը կը համոզուի, որ իշխանաւորներուն այլապէս բաղձալի խաղաղութիւնը կը մնայ ցնորքներու աշխարհին մէջ: Ժողովուրդը կը տեսնէ (չտեսնողն ալ շուտով պիտի տեսնէ), թէ «չորս գիւղերու» խեղկատակութունը միայն նախերգանք է Ալիեւի համար, մէկ դրուագը՝ Փաշինեանի եւ թշնամիներուն, զանոնք հովանաւորողներուն միջեւ գաղտնի համաձայնութիւններուն, դրժո՛ւմն իսկ՝ այն հաւաստիքներուն, թէ իշխանութիւնը ժողովուրդին կամքին հակառակ կամ անկէ գաղտնի քայլ պիտի չառնէ: Ալիեւ հիմա բաց վարագոյրի առջեւ կեցած կը խօսի այլ տարածքներու մասին, նախապայմաններ կը դնէ, թէ Հայաստան պէտք է փոխէ սահմանադրութիւնը, Զինանշանէն վերցնէ Արարատը, իսկ բուն ոճրագործը՝ Թուրքիա կը պահանջէ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան թղթածրարէն, սկսելով ճանաչումէն մինչեւ փոխհատուցում (նոյնը կ’ըսէր Փաշինեան, եւ սա արդէն փոխասացութեան վերածուած է «արխատաշներուն» միջեւ):
Դրական պայթումի սպասում կը նշանակէ նաեւ (եւ սա շատ կարեւոր կէտ է) խուսափիլ ներքին արիւնահեղութենէ: Ոեւէ մէկէն աւելի, ընդդիմադիր ճակատները լաւ գիտեն, թէ իշխանութեան բռնարարքները ունին այդ յետին նպատակը, այսինքն՝ ժողովուրդին ուժականութիւնը ընկղմել ներքին անհարկի բախումներու ոլորապտոյտին մէջ, որ այլապէս սքանչելի ծառայութիւն մը պիտի ըլլայ համաթուրանական ծրագիրը հետապնդողներուն: Նախընթացները չեն մոռցուած…
***
Արդ, դրական պայթումի սպասում՝ կը նշանակէ ո՛չ միայն հայրենիքի պաշտպան ձեռքերու միացում ու խաղաղ իշխանափոխութիւն, այլ, աւելի՛ կարեւորը, բարեշրջման ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐՈՎ մը նոր վարչակազմի մը ձեւաւորումը, այս պայթումին մասնակիցներուն՝ անոր շուրջ համախմբումը:
Ընդհանրապէս սուտ են եւ անհիմն այն «տեսութիւնները», թէ միջազգային ընտանիքը վերջնականապէս որդեգրած է «Փաշինեան կամ ոչինչ» սկզբունքը: Երբ սնանկ վարչախումբ մը օրինական ձեւերով, ժողովրդային համընդհանուր շարժումով մը կը փոխարինուի հայրենիքի շահերուն նախանձախնդիր կառավարութեամբ մը, եւ անիկա կը վայելէ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութեան զօրակցութիւնը (կ’ընդունինք, որ մի՛շտ ալ պիտի ըլլան մոլորեալներ ու վարձկաններ, որոնք պիտի չհրաժարին կործանարարին հաւատարիմ մնալէ), բարեկամներ, այինքն՝ միջազգային ընտանիքը ստիպուած կ’ըլլան գործակցելու այդ վարչախումբին հետ, մինչեւ իսկ թշնամին ստիպուած կ’ըլլայ վերատեսութեան ենթարկելու իր հաշիւները, որովհետեւ նոր վարչախումբին առաջնահերթ առաքելութիւններէն մէկն ալ պիտի ըլլայ բարեկարգել բարեկամներուն հետ յարաբերութիւններու դաշտերը, վերջ տալ սոսկ դուրսէն արձակուած հրահանգներուն ենթարկուելու վարուելակերպին, խորտակել բերանացի եւ գաղտնի, հետեւաբար հիմէ զուրկ համաձայնութիւնները: Հայաստան մօտիկ անցեալին կը վայելէր այդ ուժականութիւնը:
…Պատրանքներով չենք տարուիր: Դրական պայթումի սպասումը նորութիւն չէ. անիկա քանի մը փորձաքարի զարնուած է մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմէն, ապա նաեւ Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն ու հայաթափումէն ասդին: Նախընթաց փորձերուն ներուժն ալ այսօր ի սպաս դրուած է այս նոր եռքին, որ պէ՛տք է յաջողի՝ հոս-հոն ծայր առած բողոքի շարժումներուն մէկ եւ համակարգող հովանոցի մը տակ համախմբումով: Եւ սա այս իշխանութեան ընդդիմադիներուն, բոլոր ընդդիմադիրներուն դիմաց հնչող ընդհանրական մարտահրաւէրն է այսօր: Բոլորն ալ գիտեն, որ մէկ կուսակցութեան կամ որոշ համախմբւոմի մը գործը չէ սա, այլ ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ:
Մեր խօսքը անկարելի բաներու մասին չէ. դիտենք մեր շուրջը, աչքի առջեւ ունենանք մեր հայրենիքին մօտակայ թէ հեռու ինկող շրջաններու մէջ նման փորձերու յաջողութիւնը, բայց մանաւանդ համոզուինք ու հաւատանք, որ սեփական ուժը պիտի ըլլայ մեր առաջին յենարանը: Իսկ եթէ նախընտրենք դիտել մե՛ր իսկ փորձառութիւնները, հոն ալ կը գտնենք պատասխաններ: Չմոռնանք, երկու շաբաթ ետք պիտի յիշատակենք Շուշիի եւ Արցախի ազատագրական ճակատամարտերը, իսկ ամիս մը ետք պիտի նշենք ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏի 106-րդ տարեդարձը: