ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 27 Second
Լուսանկարներ՝ Քեննեթ Մարթին

Կիրակի, Ապրիլ 21-ինն, Պոսթընի «Ժառանգութեան պարտէզ»-ին շուրջ տեղի ունեցաւ հաւաք, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտական կազմի տողանցքէն եւ աղօթքէն ետք, «Մեղեդի» երգչախումբը երգեց Ա․Մ․Ն․-ի եւ Հայաստանի քայլերգները։

Օրուան հանդիսավարն էր երիտասարդ փաստաբան Յակոբ Տողրամաճեան, որ հմտօրէն կատարեց իր պարտականութիւնը, տեղին կարծիքներ եւ եզրակացութիւններ փոխանցելով։

Միտըլսեքսի (Մասաչուսէց) շերիֆ Փիթըր Գութուճեան ակնածանքով անդրադարձաւ արցախահայութեան։ Անգամ մը եւս կոչ ուղղեց, թէ ժամանակն է միասնականութեան եւ երբեք պէտք չէ վհատիլ։

Օրուան բանախօսն էր «Թաֆց» համալսարանի «Ֆլեչըր» դիւանագիտութեան բաժանմունքի ուսանող Սիրանոյշ Սարգսեան, որ Արցախ կը բնակէր, մինչեւ անցեալ Սեպտեմբերի տեղահանումը։ «Նպատակն ու թիրախը միեւնոյնն էր։ 109 տարի առաջ Արեւմտահայաստան եւ ահաւասիկ Արցախ։ Եթէ այսպէս շարունակէ գործել ներկայ ղեկավարութիւնը․․․մութ է մեր ապագան։ Կը հաւատամ, որ կարելի է պայքարիլ եւ վերադառնալ Արցախ», ըսաւ Սարգսեան, որ յուզիչ մանրամասնութիւններ փոխանցելով տպաւորեց աւելի քան երեք հարիւր ներկաները։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ «Պըրքլի» երաժշտանոցի ուսանող՝ Անժելինա Նազարեան։

Աւարտին, հանդիսավար Յակոբ Տողրամաճեան եզրակացնելով նշեց, թէ պայքարը երկար է եւ պէտք չէ յուսահատիլ եւ անդադար շարունակել։

Նշենք, թէ Ուրբաթ, Ապրիլ 19-ին, նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հաւաքը, որուն ընթացքին մեծարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած 110-ամեայ Մարի Վարդանեանը։
Վարդանեան մեծարանքի արժանի նկատուեցաւ Մասաչուսէցի մէջ անոր՝ հայկական մշակոյթը վառ պահելուն համար։

Ոգեկոչման մեկնարկը տրուեցաւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս շաբաթօրեայ հայկական նախակրթարանի աշակերտներուն կողմէ Հայաստանի քայլերգի կատարողութեամբ։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ նահանգէն ներս գործող խորհրդական Տէյվիտ Մուրատեան:

Ծերակուտական Ուիլիամ Պրաունզպերկըր յայտնեց, թէ Մարի Վարդանեանի վարքը արժանացած է իր համայնքի շատերու յարգանքին եւ գնահատանքին։ «Մասաչուսէցի Ծերակոյտը եւ Ներկայացուցիչներու տունը եւս միասնաբար կը մեծարեն Վարդանեանը, ամերիկահայ համայնքին մէջ անոր ունեցած աւանդին համար», ըսաւ Պրաունզպերկըր:

Մարի Վարդանեան նած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ 1970-ականներուն հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ եւ այժմ կ՛ապրի Ճամայքա Փլէյնի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles