0
0
Read Time:16 Second
Քարացեր է օդը այս գորշ
Կամարակապ երկինքն կապոյտ
Մշուշապատ
Մռայլ ու լուռ
Մահն է գրկած
Քարացեր են եւ ծառերը
Լռութիւնն ալ մահացումի շապիկ հագած
Ծածկեր է դաշտ, ծածկեր երկինք, ծածկեր երկիր
Եւ ամէն ինչ քարացած է․․․
Պահը այս մեղկ քարացումի քարացումով քարացած է
Լռութիւնը լռութեան մէջ մահացած է․․․
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Մարտ 4, 2024