Միսաք Մանուշեանի Բանաստեղծութիւններէն Փունջ Մը

1 0
Read Time:4 Minute, 39 Second

Միսաք Մանուշեանի աճիւններու Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխման առթիւ, շատ խօսուեցաւ նաեւ անոր գրիչին մասին։ Ստորեւ, փունջ մը բանաստեղծութիւններ․-

 

ԸՆԴՎԶՈՒՄ

Երազներս անցեալ, տակաւ կը մարին…

Համայնաւեր շունչն անցնող պահերուն

Հոգիս կը նետէ բոցին մէջ անհուն՝

Նոր Աստուածներու մեծ պաշտամունքին…

 

Մտքիս մէջ հիմա, յիշատակներուս

Շղթան ամփոփած կը խոկամ լռին.

Սրեռիս երէկի քոյրե՜ր անմեկին,

Ի՜նչպէս լըքել ձեզ տրտում այս ժամուս։

 

Կ՛ափսոսամ քե՛զ ալ անցեալ իմ անտէր.

Այլ անծիր ծովու սառնաշունչ հովին՝

Նոր տեսիլներու իմ սիրտն եմ բացեր…։

 

Աչքերս ա՛լ գինով՝ անհունին սեւեռ,

Ու ղեկը նաւիս փշրած կամովին

Կ՛երթամ անծանօթ նոր հորիզոններ։

 

Հոկտեմբեր 1930

Փարիզ

 

ԱՄԲՈԽԻ ԿԱՆՉԸ

 

Երբ սենեակիս առանձնութեան մէջ լրռին,

Թըղթին, գըրին, մըտերմանամ սրտագին

Ու սաւառնի միտքըս արծուի մը նըման,

Անցեալին մէջ մարդկային լոյս պատմութեան.

 

Կամ ձերբազատ՝ հոգի խայթէն թունաւոր

Ու ձանձրոյթի ճիրաններէն արնածոր,

Ես կ՛արբենամ երանութեան մէջ անհուն,

Գեղարուեստի խորհուրդներուն իմաստուն։

 

Վայրի ուժեր հոգւոյս վազքը կը դարձնեն

Դէպ իտէալ իր սանձարձակ արշաւէն

Ու բռնօրէն կը բերեն զայն ներկայի

Ամենօրեայ պայքարին մէջ կատաղի…։

 

Ինձ կը թըւի, թէ փողոցին մէջ մարդիկ

Կը մարտընչին ժամանակին հետ սաստիկ,

Եւ ամէն պահ յաղթանակէ յաղթանակ,

Ապագային կը բարձրանայ մի բանակ…

 

Մինչ ես հեռու այդ պայքարէն սրբազան,

Կը պահուըտիմ խոհերու մէջ դաւաճան…

Արդ խղճահար՝ դուրս կը վազեմ անձկօրէն

Ամբոխ հոգիս տալու ընդմիշտ ամբոխին։

Մայիս 12, 1933

Փարիզ

 

ՊԱՅՔԱՐ

 

Ինչպէս բաժկի մը մէկ փակ՝ ըմպելիներն համադամ,

Բաց ոդին մէջ տարրալոյծ՝ կ՛ըլլան տակաւ դառնահամ,

Հոգւոյս իղձերն ու սէրերն արդ պայքարին մէջ կեանքին,

Գիտակցութեանս լոյսին տակ ատելութեան կը փոխուին…։

 

Սալին վրայ զրկանքին, թշուառութեան առօրեայ

Մըտածումներս անդադար երբ կը ծեծուին անխնայ,

Հոծ վրէժի ցասման հրդեհն իմ մէջ յուսաբեր՝

Կատաղութեան մոլուցքով կը բորբոքի անհամբեր…։

 

Ու բերկրութիւն մ՛անսահման կը համակէ զիս յանկարծ,

Համբոյրներուս հետ սիրոյ՝ կ՛ըղձամ ես այդ հուրն արծարծ

¬ Ատելութեան, վրէժի այդ հուրն այրող, ոխակալ,¬

Ամէնուրէք տա՜լ առա՜տ՝ հոգիներուն տառապեալ։

 

Որ անոնց մէջ մահանան ստրկութեամբ ուծացած

Համբերանքներն ու մութ յոյս ջամբող ամէն կոյր Աստուած…

Որ դառնութեան հալոցին մէջ ադուցուած ամրօրէն,

Ազատ կեաքի պահանջքով իրենց սրերն ա՜լ սրեն…։

 

Մայիս 29, 1934

Փարիզ

 

ԶՐԿԱՆՔԸ

 

Բարեկամներ երբեմն ինծի կը հարցնեն.

¬ Ինչպէ՞ս կ՛ապրիս ու միշտ հոգւոյդ խորերէն

Կ՛ըղձաս ուժ տալ յուսալքուած սրտերուն,

Մինչդեռ զրկեալ՝ ու նօթի ես յաճախ դուն։

 

¬ Երբ քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառ՝

Թշուառութեան ու զրկանքին անհամար

Հառաչանքներն ու բողոքներն անընդմէջ,

Աչքերովս կը հաւաքեմ հոգւոյս մէջ։

 

Ես զանոնք իմ տառապանքին կը խառնեմ,

Կը պատրաստեմ, ատելութեան թոյներով,

Մի բարկ շիճուկ, որ կը հոսի գերդ արիւն

Մարմնոյս, հոգւոյս երակներուն մէջ համբուն։

 

Գուցէ հեղուկն ալ անսովոր թըւի ձեզ

Սակայն ան զիս կ՛ոգեւորէ վագրի պէս…

Ատամներս ու բռունցքներս սեղմ՝ ուժգին,

Երբոր կ՛անցնիմ փողոցներէն քաղաքին։

 

Մարդիկ յաճախ զիս կը կարծեն խենթ գինով.

Մինչ երազանքի մ՛յոյզերով

Պաշարուած են մտածումներս ինքնահոլով,

Ու ես կ՛երթամ յաղթանակին հաւատով։

Յունիս 30, 1934

Փարիզ

 

ՎԱԶՔ

 

Մրըրկավար՝ ինչպէս նըժոյգ մը վայրի,

Հոգիս դժգոհ՝ կարօտավառ յաւիտեան՝

Կենչէ ի տենչ կը սըլանայ անկայան.

Աչքերուն մէջ սիրոյ հրդեհ յար կ՛այրի։

 

Հեռու բոլոր ճամբաներէն հասարակ

Ան մըտեր է ուղին մոլոր ու փըշոտ

Ու կ՛արշաւէ դէպ իր երազն անծանօթ

Որոնելով կեաքի խորհուրդն անյատակ։

 

Պայքարին մէջ՝ խաւարին դէմ առօրեայ,

Երբեմն յոգնած՝ կ՛իյնայ դարպասն ունայնին

Եւ իր իղձերն մահուան բոյրով կ՛ըզգլխին…

 

Բայց կազդուրուած կարծես նոյն այդ ունայնէն,

Կը վերածնի յոյսէն շարժումն համօրէն

Ու դէպ անհուն՝ հոգիս միշտ թեւ կը բանայ…։

 

Հոկտեմբեր 21, 1933 Ալֆորվիլ

 

ՀԱՅԵԼԻՆ ԵՒ ԵՍ

 

Աչքերուդ մէջ յոգնութիւն, ճակտիդ վրայ՝ կնճիռներ,

Մազերուդ մէջ ճերմակներ, տես ճերմակներ կան ընկեր

Այսպէս կ՛ըսէ յաճախ ինձ խորազննին հայելին,

Ամէն անգամ, երբ գիտեմ ինքզինքս իր մէջ ես լռին։

 

Բոլոր օրերս մանկութեամբ, բոլոր օրերս պատանի,

Մերթ սիրտս ամբողջ պոկած՝ ողջակիզեր եմ բռնի

Ժամանակի պահանջկոտ ունայնութեանց սեղանին

Ապաւինած միամիտ՝ լոկ յոյսերու խոստումին։

 

Թիապարտի պէս տանջուած, որպէս ըստրուկ հալածուած՝

Անարգանքի, զրկանքի խարազանովն եմ մեծցած

Միշտ մահուան դէմ կռուելու, կեանքն ապրելու ի խնդիր

Քաղցր ամէն հմայքին եղեր եմ ես ունկընդիր։

 

Դառնութիւնն որ խըմեր եմ, սակայն հոգսի բաժակէն,

Ըմբոստութեան եւ ուժի փոխուեր է մէջս հուլօրէն

Ու զայրոյթով ծաւալուն համբերութիւնս ալ հիմա

Երգի արգանդն ամբարած տարրերուն պէս կ՛սպառնայ։

 

Ի՜նչ փոյթ, ի՜նչ փոյթ թէ գոնէ

Ժամանակը ցանէ թող մազերուս մէջ ճերմակներ

Կը խորանայ, կը լայննայ ու կը հոսի յորդառատ

Գիրկն անսահման մարդկութեան որպէս մայրն հարազատ։

 

Ու մենք վէճի կը նստինք ժամանակին յանդիման.

Ես միամիտ, երազուն, ան իրատես հեգնական.

Ժամանակն ինչ փոյթ թէ ցանէ մազերուս մէջ ճերմակներ

Հոգիս գետի պէս կ՛առնէ ամէն օր նոր հոսանքներ։

 

ՄՈՒՍԱՅԻՍ

 

Մանուկ օրերէն ես քեզ սիրեցի,

Դու փայփայեցիր երազներս ոսկի,

Թեւերուդ վրան առիր իղձ¬հոգիս…

Ուզեցիր միշտ վեր, վե՜ր բարձրացնել զիս։

 

Սակայն ես ըմբոստ, անառակ ու խեւ՝

Սուրբ պատգամներուդ եղայ անտարբեր.

Երբ մտայ կեանքի տօնավաճառն ես,

Ո՜հ, նոյնիսկ յաճախ անարգեցի քեզ։

 

Լոկ րոպէն ապրիլ տենջացի հանուր

Ու կեանքին բացի մի նոր առագաստ…։

Բայց անշահ ելայ ես այդ վաճառքէն,

Եւ ամենուրէք, մարդիկ, բրտօրէն,

 

Հեգնեցին մըտքիս զարմանքներն արդար

Ըսին… կեանքն իրաւ ապրելու համար,

Հարկ է սողոսկիլ, ճըկիլ շարունակ.

Հոգին կեղծիքով պատել մինչ յատակ։

 

Բայց սարսափահար՝ մերժեցի ես այդ,

Հոգւոյս ընծայուած խորհուրդներն յայրատ,

Ու երբ ոխիս հետ մնացի փակուած,

Օրերս եղան լոկ հոգի առեղծուած…։

 

Մերթ զրկանքն ու մերթ ձանձրոյթը մըթին

Սիրտս ունայնութեան գիրկը նետեցին.

Մահուան մէջ, սակայն, դարձած ես զգաստ

Ու կեանքի բացի մի նոր առագաստ…։

 

Հոգիս խորան մ՛եր երազի, իղձի,

Ըւր ես ամէնուն սէ՛ր տալ ուզեցի.

Մինչ այդ՝ հրդեհուած անտառ մ՛է վայրի

Եւ ատելութեանց մէջ սէրըս կ՛այրի…։

 

Մուսա՛ս, ո՛վ մուսաս, դու սրտիս Աստուած,

Կեանքի եւ հոգի ցաւէն հալածուած՝

Ներէ որ յաճախ ամբարիշտի պէս

Կրքերուս ներքեւ ես պղծեցի քեզ։

 

Ներէ՛, դաւաճան՝ խղճահար հոգւոյս,

Կուր իմաստութի՜ւն, շնորհ բառերուս,

Ըր բեղմնաւորուին երգերն իմ բոլոր,

Կռուի, վաստակի երկունքով հըզօր…։

Դեկտեմբեր 1933, Փարիզ  

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles