ԿԻՐԱՆՑԷՆ ԵՐԵՒԱՆ՝  ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second

Ա.Ա. 

Համահայկական շարժման վերափոխուելու բոլոր պայմանները կը լրացնէ Տաւուշի շարժումը,որ ժողովուրդին ծոցէն ծնած եկեղեցականի մը՝ Բագրատ սրբազանին կողմէ ձեռնարկուած է։ Այս շարժումը հայ եկեղեցւոյ դարաւոր եւ պատմական առաքելութեան ծիրին մէջ կ՛իյնայ եւ բնաւ զարմանալի եւ անակնկալ չէ, այլ շատ բնական նախաձեռնութիւն մըն է, որ խոր արմատներ ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան,գոյութեան ու լինելութեան հոլովոյթին մէջ։

Սրբազանին հասցէագրուած ցեխարձակումները եւ զրպարտութիւնները իրենց կարգին կու գան առաւել բացայայտելու, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հաշւոյն գործող հինգերորդ զօրասիւնը ինչ նպատակներու համար նման արշաւի մը ձեռնարկած է։ Բագրատ սրբազան հայորդի մըն է, որ ապաւինելով հողը չծախելու եւ հայկական արժանապատուութիւնը չոտնակոխելու բնական իրաւունքին, ձեռնարկեց քայլարշաւին՝ Կիրանցէն Երեւան, հաշիւ պահանջելու համար հայրենի հողն ու հայութեան արժանապատուութիւնը քաղաքական մութ հաշիւներու համար սակարկութիւններու նիւթի վերածած իշխանութիւններէն, որոնք իրենց գոյութիւնը քաշքշելու համար, սահմանամերձ շրջաններուն մէջ մութ եւ կասկածելի գործառնութիւններ կը կատարեն թշնամիին հետ։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ բարձրացած արձագանգը ասիկա կ՛ապացուցէ։

Այս շարժումին նպատակն է հասնիլ սահմանազատման կասեցման։ Անիկա իր էութեամբ բարոյական շարժում մըն է, որ կը հետապնդէ ճշմարտութիւնը բացայայտելու բնական իրաւունքի գործադրութիւնը։

Քայլարշաւին կը մասնակցին բոլոր խաւերէն մարդիկ։ Եկեղեցական, պատգամաւոր, քաղաքագէտ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր քաղաքացիներ, գիւղացիներ, որոնք կառչած են իրենց հողին եւ կը մերժեն սահմանազատման եւ սահմանագծման որեւէ գործառնութիւն, որ քաղաքական մութ հաշիւներու արդիւնք է։ Յստակ է, որ սահմանազատման աշխատանքները կը կատարուին միջազգային պայմանագրերու բացակայութեան, ինչ որ միակողմանի զիջումներու վտանգը կը բարձրացնէ։

Քայլարշաւին մասնակիցները խորապէս կը հաւատան,որ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները պէտք է կատարուին հանրաքուէի մը հիմամբ եւ ըստ միջազգային համաձայնագրի մը սկզբունքներուն։ Նման հոլովոյթ կը նուազեցնէ միակողմանի զիջումներու վտանգը եւ կ՛ամրագրէ հողի պահպանման իրաւունքը։

Իշխանութիւններուն եւ անոնց մունետիկներուն այն պնդումները, թէ քայլարշաւին մասնակիցները իրենց արարքով պատերազմին վտանգը կը բարձրացնեն, որովհետեւ կը մերժեն սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ի սկզբանէ հերքուած է, որովհետեւ խնդիրը սահմանազատման եւ սահմանագծման չի վերաբերիր, այլ զանոնք կատարելու հոլովոյթին, որ կտրականապէս մերժուած է։ Չափանիշերը եւ սկզբունքները պէտք է պահպանուին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադարձ բարձր վստահութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորուած պէտք է ըլլայ, որպէսզի սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը հիմնուի յստակ չափանիշերու վրայ եւ ամրագրուած ըլլայ միջպետական համաձայնագրով։

Ծանօթ է, որ 19 Ապրիլին Երեւան եւ Պաքու յայտարարեցին Տաւուշ- Ղազախ շրջանին մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման նախնական համաձայնութեան մը մասին, ըստ որուն, տուեալ շրջանի սահմանի որոշ հատուածներ Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուն գտնուած միջհանրապետական սահմաններուն համապատասխան պիտի դառնան։ Այլ խօսքով, հայկական ուժերը կը քաշուին Պաղանիս- Այրում, Աշաղը Ասկիպարա, Խեյրիմլի եւ Գըզըլհաճիլի գիւղերու ուղղութիւններով։ Պէտք է նշել, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման այս հոլովոյթը առայժմ չի վերաբերիր Բերքաբերի դիմաց գտնուող հայկական տարածքներուն, որոնք ատրպէյճանական գրաւման տակ են։ Այս իրողութիւնն ալ մեծ հարցականներ կը գծէ հոլովոյթին կապակցաբար։ Անկէ դուրս է նաեւ Ոսկեպարի յարակից միջպետական մայրուղիին հատուածը, որ ներկայիս հայկական վերահսկողութեան տակ է։ Տաւուշցիները ունին լուրջ կասկածներ եւ մտահոգութիւններ, թէ սահմանազատման այս հոլովոյթին պատճառով հայկական հողեր, նաեւ՝ Կիրանցէն, ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ պիտի անցնին։

Ուրեմն, Կիրանցէն Երեւան քայլարշաւին մասնակիցներուն պահանջները շատ յստակ եւ իրաւացի են եւ այն բոլոր կասկածելի աղբիւրներու միջոցով տարածուող ապատեղեկատուութիւնը կու գայ առաւել ամրագրելու շարժումին մասնակիցներուն կասկածները, թէ գործառնութեան ետին կան քաղաքական մութ հաշիւներ, որոնց զոհ կրնան երթալ հայկական ինքնիշխան տարածքներ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles