Արեւմտեան Հայաստանէն «Արեւմտեան Ատրպէյճան»

0 0
Read Time:2 Minute, 40 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Պայքարողն ու նպատակները կարծէք թէ փոխուած են։
Խօսքը Երեւանի իշխանաւորներուն մասին է: Ո՛չ միայն փոխուած, այլ տարբեր կողմ անցած եւ ազգութիւն փոխած են։
Զարմանալի ակնասեւեռում։ Լա՛ւ ու մօտէն նայեցէ՛ք ու սերտեցէ՛ք։ Հայորդիին համար, այս քարտէսը առանց վէճի իր հայրենիքն է, որ բազմիցս շերտ առ շերտ խլուած է, վերջինը՝ Արցախը։ Յաւելեալ բծախնդրութեամբ դիտելով՝ ոչ մէկ բան հասկնալի է նշուած գրութիւններէն։
Ազերիները արդէն իրենց երկիրը կը սեպեն Հայաստանը եւ կը փորձեն այս անգամ մեծ շերտ մը, աւելի ճիշդը՝ մնացեալ պատառը կուլ տալ եւ զայն կոչել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։
Տեղանուններն ալ աղաւաղուած ու տարբեր անուններով օժտուած են։
Տաւուշի ու Արարատի մարզերու շրջապատուած կարգ մը հողամասերը՝ անկլաւները Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանաչելու մասին չէ խօսքը։ Հայաստանը ամբողջութեամբ կը նկատուի ատրպէյճանական անկլաւ մը։ Որսորդին նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, մանաւանդ երբ նոյնինքն որսը չի գիտակցիր, չ’ըմբռներ, թէ նմանօրինակ գաղափարի մը իրականացումը ճանացուածի վերածել «խաղաղութեան ճանապարհ» չնաշխարհիկ «գիւտը»։ Եւ արդէն կը տեսնենք, որ անոր մասին նուազ յաճախ կը խօսին գիւտարարները…
Պաքու ժամանողը կրնայ վայելել ասպնչականութիւնը «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Հետազօտութիւններու Կեդրոն»-ին, որ կը գտնուի քաղաքի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ, ուր վերջերս կատարուած է այս հիմնարկին պաշտօնական բացման արարողութիւնը։
Վիթխարի է այդ կեդրոնին մէջ զետեղուած՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի ամբողջական քարտէսը, իր ազերիաթրքերէն տեղանուններով։
Բացման արարողութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին պետական պաշտօնատարներ եւ խորհրդարանականներ, ինչպէս նաեւ համալսարանին վարչական կազմը։ Անոնց միտք բանին եւ յորդորանքը միեւնոյնն էր․- «Մեր հայրենիքի անբաժան մասն է Արեւմտեան Ատրպէյճանի տարածաշրջանը»։
1989-էն ի վեր կը գործէր «Ատրպէյճանի Պատսպարեալներու ընկերակցութիւնը» (“Azerbaijan Refugee Society”), որուն կիզակէտը Արցախէն հեռացած ազերիներն էին։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Օգոստոս 2022-էն ի վեր, այս հիմնարկին անունը փոխուած է եւ կը կրէ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Համայնք» (“Azerbaijan Refugee Society”) անունը։
Նոյնիսկ լսատեսողական պատրաստութիւններ կան, որոնց մէջ կը բացատրուի, թէ ներկայ Հայաստանը պատմականօրէն կը պատկանի Ատրպէյճանի։ Արդեօք ո՞ր պատմագէտը պիտի հաւատայ նմանօրինակ հաստատումներու, թէեւ կարելի է մտածել, որ փեթրօ-տոլարները կրնան հաւատացողներ եւ քարոզողներ գնել…
…Տասնամեակներ շարունակ, աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, զանազան գիտաժողովներու, խորհրդաժողովներու եւ քաղաքական բարձր մակարդակի հանդիպումներու ընթացքին, մեզի համար սուրբ էր Արեւմտահայաստանը: Զգացականէ աւելի, անիկա ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ խորհրդանշան էր ու սեւեռակէտ։ Հեւ ի հեւ աշխատանք կը կատարուէր, պաշտպանելու համար բռնագաղթի ենթարկուած, Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիին իրաւունքը՝ բարոյական, թէ նիւթական։
Սփիւռքի մէջ այսօ՛ր ալ ոգի ի բռին աշխատանք կը տարուի, մինչդեռ Երեւանի իշխանութիւնը բանիւ եւ գործով անտարբեր է, այդ բեռը իր ուսերէն նետած է Սփիւռքի ճիտին, ինչպէս որ Արցախը նետեց… Ատրպէյճանի երախը: Ատրպէյճանի մէջ ցուցադրուած քարտէսը յաւելեալ ապացոյց մըն է Պաքուի ախորժակներուն ծաւալին, նաեւ այն հսկայական դաւին, որ կը նիւթուի մեր հայրենիքին դէմ: Իսկ ինչպէ՞ս հանդուրժել ՔՊ-ական վարչախումբին անտարբերութիւնն ու «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի պէս ցնորքներու հետապնդումը, երբ Ատրպէյճան կ’աշխատի խաչ քաշել Հայաստանի ու հայութեան վրայէն: Իսկ ան, որ կը փորձէ մեր ժողովուրդը համոզել, թէ թշնամիին հետ խաղաղութիւնը հիմա աւելի հաւանական է, քան երբեւիցէ (թէեւ չի մոռնալ կակազելու, որ թշնամին խաղաղութեան կողմ չէ, ցեղասպանութիւն կ’ընէ), ուրիշ բան չ’ըներ, եթէ ո՛չ՝ թշնամիին թմբուկը նուագել եւ կրկին ու կրկին ապացուցել, որ ինք Հայաստանի ու հայութեան շահերուն պաշտպանը չէ, այլ գործնապէս անցած է թշնամիին կողմը, լծուած է անոր ծրագիրներուն իրականացման, կամովի՛ն դարձած է անոր մէկ գործիքը: Ինքնահակասումը, ինքնին, հարուած է Հայաստանի դիրքերու եւ Արդարութեան:
Ո՛չ, կարելի չէ հանդուրժել եւ ձեռնածալ սպասել: Համաժողովրդային, համազգային շարժումը պէտք է առանց յապաղումի դրական ցնցում բերէ եւ բանայ փրկութեան ճամբան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles