«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Դժուար է ընդունիլը, բայց իրողութիւնը այդպէս է։
Այո՛: Մայիսեան օրերը հայորդիին համար տարբեր զանգեր կը հնչեցնէին։ Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտեր եւ «խենթերու հնար»-ներ։ Տասնամեակներ ետք՝ Արցախեան պատերազմ եւ Շուշիի ազատագրում…
Եւ տեսէ՛ք, թէ հարիւր, ապա երեսուն տարի ետք, այսօր, որքա՜ն բան փոխուած է պատկերը։ Ամէն բան շրջուած է գլխիվայր:
Մութ փապուղիին ծայրը լոյս մը կ’երեւի այսօր: Հայորդին, պատառ-պատառ փոքրացող հայրենիքը փրկելու համար, կ՛արշաւէ դէպի․․․ Երեւան, դէմ դնելու համար թշնամիին ծրագիրներուն իրականացման լծուած իշխանութեան, խոր թմբիրէն դուրս բերելու իշխանաւորներէն խաբուած «մասսա»-ն, կոչ ուղղելու, որ միանան իրենց եւ պահանջեն ներկայ իշխանութեան հրաժարականը։
Փոխանակ երեւանցին, սկսելով 19 Բաղրամեան Պողոտայի վարձակալներէն, միացեալ շարքերով Տաւուշ ուղղուելու եւ պահանջելու արդարութիւն ու սուրբ հողի միակողմանի առուծախի մութ համաձայնութիւններու կտրուկ դադարեցումը, տաւուշցին է, որ Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ, «կ՛արշաւէ» դէպի Երեւան, իր կողքին միացնելով համակիրներու հոծ բազմութիւն մը։
Բնականաբար գործի լծուած է արդէն իսկ ժողովրդականութիւն եւ ․․․ժողովրդավարութիւն կորսնցուցած փաշինեանական իշխանութիւնը, իր հակաքարոզչական մեքենան գործի լծելով, լուրեր աղաւաղելով, անհիմն եւ սուտ ու փուտ լուրեր տարածելով արդարատենջ ու հայրենի հողին պաշտպան ժողովուրդին հասցէին։ Նորագոյն ստաբանութիւնը իրականացուց նոյնինքն վարչապետը, Երեքշաբթիի իր «մամլոյ ասուլիս»-ով, որ չորս ժամ եւս աւելցուց իր դատարկաբանութիւններուն վրայ:
Պէտք է յստակ ըլլայ: Սահմաններուն վրայ անհիմն սիւներ կանգնեցնող իշխանութիւնը այլեւս պէտք չէ կարելիութիւնը ունենայ իր կողքին ստեղծելու հինգերորդ շարասիւն։ Ժողովուրդը պէտք է ականջները լայն բանայ եւ լսէ, թէ սիւներ կանգնեցնելը միայն ձեւական երաշխիք են խաղաղութեան համար, իսկ եթէ սիւներն ալ բաւարար չըլլան սահմանային գօտիի բնակիչները պաշտպանելու թշնամիին թիրախ դառնալէ, ի՜նչ կայ որ, «ծառեր կը տնկենք» (ահա թէ ի՛նչ մակարդակի է այս «խունթա»-յապետին պաշտպանական տրամաբանութիւնը): Պէտք է տեսնէ՝ որ անոր իւրաքանչիւր «գիւտ»-ին տակ կայ ինքնամեղադրանքի եւ խոստովանութեան տարր մը:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերու՝ ստապատիր «Յաղթելու ենք»-ի եւ այլ նկարազարդ ու այլօրինակ «պլըֆիզմ»-ներու օրերը անցած են։ Ժողովուրդը նաեւ պէտք է օգտագործէ յիշողութիւնը ու տեսնէ, թէ այս իշխանութի՛ւնն էր, որ յաջորդական եւ ահարկու կորուստներ բերող պատերազմներ ԻՐԱԳՈՐԾԱԾ է արդէն, թէ՝ Տաւուշէն սկսած քայլերթը «պատերազմի շարժառիթ» հռչակողը անուղղակի նոր խոստովանութիւն մը կ’ընէ Փաշինեան՝ Ալիեւի հետ Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի մը համաձայնութեան մասին: Ու ՔՊ-ական «քալողներ» կը թութակեն անոր խօսքերը, «սեւացրէք»ի վարք կիրարկելով քայլարշաւին մասնակցողներուն ու առաջնորդներուն դէմ
Բացայայտ դարձած է, որ «Քաղաքացիական Պայմագիր» կուսակցութեան կամ․․․վարձկաններու «խունթա»-յին որդեգրած ուղին զուրկ է, թէ՛ ամենաթոյզն «քաղաքացի»-ութենէ եւ թէ ամէն տեսակի «պայմանագիր»-է։ Անոր «ազգընտի՜ր» պետը՝ ճակատաբաց յայտարարած էր, որ ինք գաղափարաբանութիւն չունի, չի նեղանար՝ եթէ զինք թուրք կոչեն…
Թող իմանան թէ՛ Արեւմուտքը եւ թէ՛ Արեւելքը, որ Տաւուշէն Երեւան քալող ժողովուրդին «ՔԱՅԼ»-ը տարբեր է «Իմ Քայլ»-էն, որ բացայայտօրէն դարձած է «Գորշ գայլ»-ին գործակիցը։ Պահանջատէր եւ գիտակից քալողները ո՛չ մէկ մեծ պետութեան հովանաւորութիւնը կը վայելեն, հեռու՝ «Իմ Քայլ»-ականներու թաւշեայ մութ հաշիւներէն եւ վայելած հովանաւորութիւններէն։ Արեւելումի ճղճիմ հաշիւներ չկան, մանաւանդ, որ մեր հայրենիքի երկնակամարին վրայ, արեւը մար մտնելու մօտ է եւ գրեթէ խաւարումի սեմին ենք։ Այս արշաւին հիմնական նպատակն է արեւը մի՛շտ կենսատու պահել Հայաստանի վերեւ:
Արմատախիլ եղած սահմանային պաշտպանական կէտերու փոխարէն, սիւներ կը «ցանուին» ամէնուրեք։ Իշխանաւորները, ի շարս այլ աւանդներու՝ տարիներէ ի վեր կը քանդեն ու կը քայքայեն բանակը, որուն դիմաց՝ բուռ մը «խունթա»-յականներուն ապահովութեան համար, զարկ տուած է ոստիկանութեան, երկիրը վերածելով ոստիկանական պետութեան մը։
Այս ոստիկաններուն պարտականութիւնը դժուար պիտի ըլլայ։ Մարմինով ճարպոտ, բայց մտային դաստիարակութեամբ վտիտ՝ հաստավիզ ոստիկանները Կիրանցէն քայլարշաւող «բանակ»-ին դէմ ի՞նչ պիտի ընեն։
Արդեօք ի վերջոյ պիտի անդրադառնա՞ն, թէ իրենց պաշտպանած անհատ(ներ)ը գնայուն է, մինչդեռ հայրենասէր «հրամանատար» Բագրատ սրբազանին կողքին արշաւող «բանակ»-ին պաշտպանած հողը՝ մնայուն։
Հայաստանի փրկութիւնը պիտի սկսի Երեւանի ազատագրումով։ Ամէն քայլափոխի թշնամիին հաշիւները իրականացնող, անոր պահանջները թութակող «խունթա»-ն պէտք է հեռացուի այս վատարի դերակատարութենէն: Անկէ ետք, հսկայական գործ կայ ընելիք՝ քանդումն ու նահանջները վերականգնումի ուղիին բերելու համար:
Ի՜նչ օրերու հասած ենք…