ԳԵՐՊ. Տ. ՊՕՂՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀՈՎԻՒ

0 0
Read Time:54 Second

Կիրակի, Ապրիլ 28-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան նախագահեց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի պաշտօնակալութեան, որպէս Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հանդիսավարութեամբ՝ հոգաբարձութեան անդամ Լիտիա Առաքելեանի։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Մայքըլ Ինճէեան, բարի գալուստ մաղթեց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանին։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին ջերմ ընդունելութեան համար, ինչպէս եւ փափաքը, որ իր պաշտօնավարութիւնը հեզասահ ընթացք մը ունենայ։

Հայր Սուրբը անցնող տարիներուն Լոս Անճելոսի Fuller համալսարանին մԷջ հետեւած է աստուածաբանական ուսման եւ ստացած Master of Arts in Theology վկայականը: Ապա, Հայր Թինքճեանը դպրեվանքէն ներս ծառայած է որպէս փոխ-տեսուչ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբին արժանիքները որպէս տեսուչ Դպրեվանքի, հովիւ Կլենվիւի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ եւ ատենապետ Կրօնական Ժողովի։ Խօսքը ուղղելով ծխականներուն, ասացուածք մը մէջբերելով ըսաւ. «Երէկը պատմութիւն է, վաղը՝ առեղծուած, բայց այսօրը Աստուծոյ ընծան է»։ Ուստի, քաջալերեց, որ բոլոր ծխական մարմիններն ու քոյր կազմակերպութիւնները թեւ ու թիկունք կանգնին Հայր Սուրբին, մաղթելով որ իր փորձառութեամբ առաւել եւս զօրացնէ եւ բարգաւաճեցնէ գաղութը։

Հիւրասիրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ապրիլեան քայլարշաւը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles