Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
1 Մայիս 2024
Բարեկամ մը քիչ առաջ ե-նամակով խոր ընդվզում արտայայտեց, որ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը, իրեն պէս դրածոյի մը հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը պահուն, ըսեր է, որ Հայաստան ո՛չ թէ չորս գիւղ պիտի յանձնէ Ատրպէյճանին, այլ չորս գիւղ պիտի ստանայ:
Անկեղծօրէն, երկար ատենէ ի վեր դադրած եմ այս դրածոներուն դատարկաբանութիւնները լսելէ, նա՛եւ այն պատճառով, որ յաճախ ժամեր կը խլեն՝ ոչինչ ըսելու կամ իմաստազուրկ նախադասութիւններու ոլորապտոյտներ ստեղծելու համար (այսօրուանը զարմանալիօրէն միայն 70 վայրկեան տեւեց):
Բարեկամիս ըսածը եւ ընդվզումի շարժառիթները կասկածի տակ չդրի, սակայն խոստովանիմ, որ պատառիկներ լսեցի այդ հարցազրոյցէն, ներառեալ՝ գիւղեր յանձնել-ստանալու, «իրական Հայաստանի սահմանները ճշդելու» մասին (նաեւ այլ) «փիլիսոփայութիւննե՜րը»: Անգամ մը եւս աչքերուս դիմաց պարզուեցաւ դաժան ճշմարտութիւնը, թէ այս արարածը ամբողջ էութեամբ թշնամիին գործակատարն է, թշնամիին պահանջներուն պաշտպանը, քարոզիչը, այդ կը փաստեն անոր խօսքն ու մանաւանդ գործերը:
Ու բարեկամիս պատասխանեցի քանի մը բառով. «Ինչո՞ւ կը զարմանաս: Սա այն մարդը չէ՞, որ շատո՜նց բաց ճակատով խոստովանած է, թէ չի նեղանար՝ եթէ զինք թուրք կոչեն: Եթէ պահ մը միտքիդ մէջ պահես, որ ան թուրք-ազերիին ներկայացուցիչն է, ամէն բան տեղը կը նստի…»:
Ըսածներուն եւ ըրածներուն ցանկագրումը իմաստ չունի: Այս անգամ ալ, նոյն վկայութիւնը ճառագայթեց հարցազրոյցին առաջին վայրկեաններէն, երբ իր որդեգրած (ազերիա-թրքանպաստ) քայլերը սկսաւ հիմնաւորել Ալմա Աթայի հռչակագիրով, մինչդեռ այդ հռչակագիրը ո՛չ մէկ կապ ունի հարցին էութեան հետ (խեղաթիւրման մէջ ալ անմրցելի եւ… աննախադէպ վարպետ է), անիկա առանց որեւէ հիմունքի հրապարակ նետուեցաւ Ատրպէյճանի (եւ Թուրքիոյ) կողմէ, «ամենագէ՜տ ազգընտիր»-ը մեծ ախորժակով որդեգրեց նա՛եւ այս (չ)հիմը, եւ ահա, գոնէ երկու տարիէ ի վեր այդ ոչինչին վրայ կը կառուցուի ցնորական խաղաղութիւնը (նորագոյն դրուագները), որուն մասին ո՛չ մէկ երաշխիք կու տայ նոյնինքն խաչմերուկակիրը…
Եւ իսկապէս. եթէ պահ մը մտաբերենք «թուրքընտիր»-ին անցեալի հարցազրոյցներուն միտք բանին, նոյն ակնոցով դիտենք անոր յառաջիկայ ըսելիքներն ու ընելիքները, հետեւողական կերպով պիտի մրճահարուինք այն իրականութեամբ, որ Փաշինեան կը խօսի եւ կը գործէ թուրք-ազերիի տրամաբանութեամբ, թշնամիին շահերուն պաշտպանի դիրքերէն: Պարզ տրամաբանութեամբ՝ սա գիւղերը ստացողը Հայաստա՞նն է, թէ Ատրպէյճանը: Ու եթէ իրական ստացողը Ատրպէյճանն է, պարզ չէ՞, թէ Փաշինեան ինչո՛ւ կ’ըսէ, թէ «չենք տար, այլ կը ստանանք»: Յաւելեալ խոստովանութիւն մը՝ թէ ինք ազերի է իր մտածելակերպով, դիրքորոշումով, իբրեւ ազերի՛ է որ կը ստանայ չորս գիւղ (վաղն ալ աւելին):
…Խոստովանութիւն մըն ալ աւելցնեմ: Բարեկամիս գրեցի մաղթանք մը, որ հայութիւնը դուրս գայ բթանոցէն (սա նորահնար բառ է, կը նշանակէ բութերու տեղ): Համեստ մաղթանք մը՝ Մայիս մէկի տօնին առիթով: