Ռաֆֆի Սարգիսեան
Թորոնթօ, Գանատա
Ձմրան բուքին,
սարերու գրկին,
տերեւաթափ եւ սառած`
արգասաբեր անտառներու
հողին ներքեւ,
կը բողբոջեն արդէն,
համար եւ սրտոտ,
Գարունը աւետող`
ձնծաղիկները առատ,
իրենց կորովի’ կոճղէզները` անխորտա’կ,
ընձիւղներ կը տարածեն,
շառաւիղները սփռելով
վճռակա’ն,
որ ոսկէ պարով բարձրանան`
Աստուածածնի’ օրհնութեամբ,
եւ ճեղքեն տիրող աղջամուղջը,
որ գալիքներու տեւակա’ն փարոս
իր լուսէ խաղը դիւցազնի’,
յոռի’ ճիրաններուն ետին չի խաւարի։
Յամառօրէ’ն թող բարձրանա՜ն
ձնծաղիկները յաւէտ,
Ոսկէ’ պարով,
շողո’ւն եւ հպա’րտ,
հողէն բնի’կ
հողէն հարազա’տ,
ի հեճուկս ամպրոպներու`
մի’շտ անկա՜խ,
մի’շտ ազա’տ։