Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ապրիլ 24-ը հոմանիշ է Հայ դատին, այսինքն` մեր խլուած-անտեսուած իրաւունքներուն ու անոնց կենսագործման հետապնդումին:
Երբ կ՛ըսենք ԻՐԱՒՈՒՆՔ, ի մտի չունինք միայն 109 տարի առաջ սկսած Ցեղասպանութեան զոհերու արեան ու մշակութային ժառանգութեանց փոշիացման դիմաց փոխհատուցում, մեր հողային կորուստներուն վերականգնում (շարքը երկար է), այլ նաեւ` երէկ ու այսօր հայրենիքի հողին վրայ ապրող հայուն, սփիւռքով մէկ տարածուած հայութեան տնտեսական, մշակութային եւ, մէկ խօսքով, լինելութեան երաշխաւորման կենսագործում: Մէկ խօսքով, մեր Դատը ունի բազմաթիւ երեսներ, որոնց շարքին քաղաքական պահանջատիրութիւնը, այլապէս բազմաթիւ երեսներով, ամէնէն առաջնահերթն է: Անոր կենսագործումը ինքնին երաշխիք է մեր ազգի թիւի աճին եւ բարգաւաճման:
Մեր Դատի հետապնդումը կտրած է բազմաթիւ հանգրուաններ` սկսելով ճանաչումէն, մինչեւ բազմակողմանի հատուցման պահանջատիրութիւնը: Խորքին մէջ ապրիլ 24-ը, ըստ էութեան, խորհրդանիշ դարձած թուական մըն է, հանգրուան, որովհետեւ մեր իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարը, աշխատանքը ամէն օր շարունակուող ԳՈՐԾ է: Մեկնակէտը միայն 1915-ի ջարդերը, հողերու բռնագրաւումը չեն, այլ ունի «յետադարձ» տարածք, կը հասնի մինչեւ այն փուլերը, երբ մեր ժողովուրդը թիրախ էր բռնատէրերու հալածանքներուն ու բռնադատութիւններուն. անոր մաս կը կազմեն այն փուլերը, երբ հայը իրաւազրկումներու եւ անարդար վերաբերմունքի խաղալիք դարձած է նա՛եւ սեփական իշխանութիւններու կողմէ: Իսկ վախճանակէտը, աւելորդ է կրկնել, մեր ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ճանաչումը, հաստատումն ու իրականացումն են:
Բազմաճիւղ Պայքար
Մեր իրաւունքներուն համար մեր պայքարը միշտ ալ ընթացած է բազմաթիւ գիծերով, ընդգրկած է բազում ճիւղեր, մինչեւ իսկ այն օրէն ետք, երբ Խրիմեան Հայրիկ պատգամեց, որ պէտք է «երկաթէ շերեփ» գործածել` փոխան «թուղթէ շերեփ»-ի: Խրիմեան Հայրիկ իրաւունք ունէր նման եզրակացութեան հասնելու, որովհետեւ Պերլինի մէջ ունեցած էր դաժան փորձառութիւն մը, ըմպած էր հիասթափութեան ու յուսախաբութեան դառն բաժակը: Անոր պատգամին մէկ արդիւնքն էր «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» նշանախօսքին բիւրեղացումը, որ հայկական յեղափոխութեան տուաւ ձեւ-կերպարանք, ձեւով մը միացուց արդարութեան հետամուտ ձեռքերը: Չմոռնանք, որ բռնատիրութեան դէմ ծառացումը մինչ այդ կտրած էր բազմաթիւ հանգրուաններ` առաւելաբար յենելով սեփական բազուկին: Այդ պատգամին արձագանգները կրողներն էին արմենականները, հնչակեանները, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, արմենականներու ժառանգորդ` Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը եւ նուազ անուանի ու համեմատաբար կարճ կեանք ունեցած կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ:
Յաջորդ տասնամեակները ցոյց տուին, որ Խրիմեան Հայրիկի պատգամը, ճշմարիտ ըլլալով հանդերձ, բոլորովին չէր ժխտեր միւս գիծը` քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքի դաշտերը, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սկիզբ առած էին 17-րդ դարուն` Էջմիածնայ ժողովով, որուն հետեւած է Իսրայէլ Օրիի առաքելութիւնը: Անիմաստ է այսօր, աւելի քան երկու դար ետք, քննադատական մեկնաբանութիւններ արձակել դէպի արեւմուտք ու հիւսիս սեւեռելու այդ քաղաքականութեան հասցէին, որովհետեւ դէպքերն ու վիճակները պէտք է տեսնել եւ քննարկել անոնց ծնունդ տուած պայմաններուն, օրուան մտածողութեան տեսանկիւնէն: Իսկ թէ տեղ մը սխալ եղած է, կամ` թերութիւն արձանագրուած, այսօր շատ աւելի դիւրին է գնահատականներ տալը, որովհետեւ ժամանակ կոչուած գորգը բաւական լայն տարածքով հիւսուած է, սկզբնական թելերը մաս կը կազմեն ամբողջութեան, ըստ էութեան, հե՛նքն են իրականացածներուն: Աւելի՛ն. ժամանակ-գորգն իսկ մեզի կը թելադրէ յստակօրէն տարբերել թշնամին ու բարեկամը, չանտեսել պատմութեան դասերը եւ առաջնորդուիլ անկէ բխած փորձառութիւններուն թելադրանքներով: Երբ կը խօսինք «իրատես քաղաքականութիւն» որդեգրելու մասին, այս ճշմարտութիւնը կարելի չէ մտահան ընել, բայց մանաւանդ… դրժել ու ոտնակոխ ընել (ինչպէս որ ոտնակոխ կ՛ըլլան հինէն եկող արժէքներ, աւանդութիւններ):
Եւ ի՞նչ պատկերով կը ներկայանայ աւելի քան երկու դարու վրայ հիւսուած գորգը: Անիկա բազմագոյն է: Ամէնէն կարմիր ու սեւ թելերը, տարածքները բնականաբար հիւսուած են ջարդերու, հալածանքներու, անոնց դէմ պայքարի թելերով, անցնելով նոյնինքն Ցեղասպանութենէն մինչեւ հերոսամարտեր, անկախութեան ծնունդ, կորուստ, արցախեան շարժում, իրերայաջորդ ճակատումներ` նա՛եւ ցեղասպանին աջակցութիւնը ունեցող Ազրպէյճանի դէմ, յաղթանակներ ու նոր կորուստներ, հասնելու համար ապրող փուլին, երբ հողահաւաքի մեր պայքարը ծանր հարուած ստացաւ աւելի քան 7 ամիս առաջ, Արցախի վերջին մասին կորուստով ու ժողովուրդին բռնագաղթով: Այս փուլը դժբախտաբար աւարտի մը չէ հասած, ինչպէս պատահեցաւ 1915-էն քանի մը տարի ետք` Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդով, անոր ընկերացած տաք ու պաղ օրերով, Հայաստանի խորհրդայնացումով եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէկ փոքր մասին պահպանումով, վերապրողներու փրկութեամբ ու սփիւռքի մէջ հայ փիւնիկին վերազարթնումով: Այս սիւնակին մէջ աւելորդ կը նկատենք երկար խօսիլ մօտաւոր կամ աւելի հեռու անցեալին հիւսուած բազմագոյն գորգին սա կամ նա մանրամասնութեան մասին, որովհետեւ անոնք ծանօթ են ըստ ամենայնի, ծանօթ են մանաւանդ արդիւնքները այն պայքարին, ճիգերուն, որոնք հայուն կողմէ ի գործ դրուած են երկաթէ եւ թուղթէ շերեփներու միաժամանակ, կամ փոխն ի փոխ գործածութեամբ: Վկայ` Ցեղասպանութեան ու Արցախի իրաւունքներուն միջազգային ճանաչման փաստագրեալ թղթածրարները, վկա՛յ` հայուն ուժական պայքարին հաւատարմութեամբ` շուրջ 50 տարի առաջ վերականգնած եւ շօշափելի արդիւնքի հասած հակաթուրք ուժական պայքարը: Անոնք պիտի ծառայեն յենարան` մեր շարունակուող պայքարին:
Պայքարի Գիծերը` Այսօր
Անցեալէն եկած պայքարի ու պահանջատիրութեան գիծերը ի զօրու են նաեւ այսօր, ո՛չ միայն անոր համար, որ Ցեղասպանութեան եւ Արցախի իրաւունքներուն ճանաչումը ետ կը մնայ գործնական արդիւնքէ (իրականացածը արհամարհելի կամ անտեսելի չէ), այլ որովհետեւ «անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ», քաղաքական մեր կամքը կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, իսկ այդ մարտահրաւէրներէն մաս մը կը սպառնայ նահանջի մատնել, խորտակե՛լ այդ կամքը, ինչպէս որ արդէն որոշ ձեւերով կը փոշիացնէ անցեալ տասնամեակներու ձեռքբերումները:
Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ մեր պայքարը կը տարուի բազմաճիւղ գիծերով, որոնցմէ գլխաւորներն են ներքին ու արտաքին դաշտերը: Ու եթէ արտաքին դաշտերու մէջ տարուող աշխատանքը բնական շարունակութիւնն է գոնէ Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ասդին բացուած նոր ուղիներուն (հոս ալ նախընթաց տարիները չենք արհամարհեր), ներքին դաշտին մէջ կան նորութիւններ, այն ալ` ինչպիսի՜ այլանդակ ու աներեւակայելի նորութիւններ:
Քանի մը խօսք` արտաքին գիծերուն նկարագիրին մասին:
Մեր պայքարը հիմնականին մէջ ուղղուած էր ցեղասպան պետութեան դէմ, իսկ պահանջը կ՛ամփոփուէր նահատակներուն ու խլուած-բռնագրաւուած հողերուն դիմաց հատուցումով: Այս մասին վէճ չկայ, չի կրնար վէճ ըլլալ: Կարեւոր նախապայման էր ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ թէ՛ միջազգային ընտանիքին եւ թէ՛ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ, իսկ յաջորդ բնական քայլերը պիտի ըլլային (եւ պիտի ըլլա՛ն) արդար հատուցումը: Մեր պայքարի սկզբնական փուլին Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը ուժեղ չէր, որովհետեւ ոճրագործ պետութիւնը տարուած էր դահճապետի մը այն խօսքով, որ միայն մէկ հայ պիտի ձգուի իբրեւ թանգարանային նմուշ: Յետոյ թուղթէ եւ երկաթէ շերեփները զգացուցին Թուրքիոյ ու զայն հովանաւորողներուն, որ թանգարանին պատերը ճաթած են, խորտակուած, ու իրաւատէր հայը ձեռք առած է իր իրաւունքներուն հետապնդման ղեկը: Անմիջապէս ըսենք, որ սա առաւելաբար հայո՛ւն ձեռքերով կատարուեցաւ, հիմնականին մէջ` ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերուն ու գործիչներուն ձեռքով (օրինակի համար, Ցեղասպանութեան մասին ՄԱԿ-ի տեղեկագիրներու պատրաստութիւն, ապա նաեւ` միջազգային ատեաններու յայտարարութիւններ, անհատ պետութիւններու ճանաչողական կեցուածքներ…): Պէտք է յիշենք, որ այդ փուլին Հայաստան կը գտնուէր խորհրդայիններու հրամանին ենթակայ, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան 50-ամեակի յիշատակումը վեր բարձրացուցած էր Մոսկուայի յօնքերը, իսկ հայկական այլ կազմակերպութիւններ հակամէտ էին երգելու Երեւանէն շարժող ճպոտին թելադրանքներով: Մինչեւ իսկ երբ անկախական առաջին հովերը սկսան փչել 1980-ականներու վերջերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը հանդիսացած եռագոյնը կը մնար խծբծանքի առարկայ, որովհետեւ խեղաթիւրողները զայն կոչած էին… դաշնակցական դրօշակ: Ի պատիւ այդ փաղանգներուն` անկախութեան դրօշակը ի վերջով որդեգրուեցաւ բոլորին կողմէ, ծածանեցաւ վերանկախացած Հայաստանի պետական հաստատութեանց վերեւ, հալեցան վերջին վերապահութիւնները…
Մինչ այդ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը սկսաւ թափ ստանալ: Տասնամեակներու ուրացման եւ ժխտողականութեան յաջորդեց երեւութական, մի՛այն երեւութական մեղմացում մը, ու Թուրքիա հրապարակ նետեց «տեսութիւն» մը. եկէ՛ք, ինչ որ եղած է անցեալին, ըսենք` եղածը եղած է, պատահած են ցաւալի դէպքեր, չմնանք անոնց պատանդը, իսկ եթէ պէտք է բան մը ընել, այդ հարցին քննարկումը ձգենք պատմաբաններու, թող անոնք զբաղին նման հարցերով, իսկ հայն ու Հայաստանը հրաւիրուած են քայլ պահելու նոր ժամանակներուն հետ, կարելի է մոռնալ անցեալի դառն էջերը եւ բանալ գործակցութեան, բարեկամութեան նոր դարաշրջան մը:
Թոյնի կաթիլը պտիկ մը ազդեցութիւն ունեցաւ հայութեան դաշտին մէջ, յետոյ սկսաւ աւելի տարածուն դառնալ, որովհետեւ Թուրքիա եւ հովանաւորները գտան հայանուն գործակիցներ, վարձկաններ, իսկ հիմա արդէն ձեւով մը որդեգրուած է Երեւանի իշխանաւորներուն կողմէ, սկսած է ուրուագծուիլ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն:
Հայ-թուրք հակաճառութեան սկզբնական փուլին հրապարակ եկան քաղաքական մարդիկ, պատմագէտնե՜ր, որոնք յանկարծ կարծեցին, թէ իրենց համար օգտակար աշխատանքի դաշտ մը կը հրամցուի «դարձի գալու պատրաստ» թշնամիին կողմէ: Այս ալիքին թափ տուին քանի մը թուրք ընդդիմադիրներ, որոնք տարաբնոյթ հաշուարկներով սկսան խօսիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ-թուրք բարեկամութեան մասին (չենք անտեսեր, որ հարցեր ունէին իրենց կառավարութեան հետ, չըսելու համար, որ մաս մըն ալ… անոր գործակալներն էին: Բոլորը նոյն տոպրակին մէջ չենք դներ): Հատուցման, բռնագրաւուած հողերու վերադարձի իրաւունքները կամաց-կամաց դուրս քշուեցան օրակարգէն (սկիզբը փորձով, յետոյ, ու մինչեւ հիմա ալ` յստակ քաղաքականութեան մը դրդումով): Համաթուրանականութեան իրականացման մէկ ճի՛ւղը դարձաւ այս քաղաքականութիւնը: Այսօր անիկա արդէն շատ աւելի հնչեղ դարձած է Երեւանի մէջ: «Թուրքին հետ պէտք չէ վերաբերինք իբրեւ թշնամիի», «թուրքին հետ կարելի է գործակցիլ», «պէտք է պրպտենք, թէ ջարդերը ինչո՞ւ պատահած են, մի գուցէ հայկական կողմը մեղքի բաժին ունի» եւ նման թրքադրոշմ «տեսութիւններ», ցնդաբանութիւններ կը քարոզուին օր ցերեկով, պաշտօնական անձերու եւ աղբիւրներու բերնով:
Եթէ քիչ մըն ալ մնանք արտաքին դաշտերուն մէջ, պիտի յիշենք, որ հոն երեւան եկան երկու գլխաւոր գիծեր: Մեր ճիգերուն իբրեւ արդիւնք, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւաբար նաեւ` փոխհատուցման տրամաբանութիւնը, սկսան հող շահիլ աշխարհի տարածքին, մեծ ու փոքր պետութիւններու կողմէ, նախ` Հայ դատի յանձնախումբերուն աշխատանքին շնորհիւ, ապա, վերանկախացումէն ետք, որոշ չափով նաեւ Երեւանի աջակցութեամբ: Այս ծիրին մէջ բարձրակէտեր արձանագրուեցան, օրինակի համար, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու խորհրդարանը ի վերջոյ յականէ անուանէ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը: Թէեւ Երեւան միշտ ալ մնաց այն տեսակէտին վրայ, թէ Հայաստան ոեւէ մէկէն հողային պահանջ չունի, սակայն Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի կանգնումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը` միջազգային բարձրագոյն մակարդակի մասնակցութեամբ, վկայութիւնն էին, եւ են, այլ բանի, թէ ՀԱՅԸ, եթէ ո՛չ` Հայաստանի կառավարութիւն(ներ)ը, հողային եւ հատուցման պահանջներ ունի Թուրքիայէն ու անոր ոճրակից Ազրպէյճանէն: Միւս գիծը զարգացաւ ժխտողականութեան նոր ալիքներով ու հնարքներով:
Այլանդակութեան Էջի Բացում
Քիչ առաջ ակնարկեցինք, որ վերջին տարիներուն մեր Դատի հետապնդման աշխատանքները հարուած ստացած են Երեւանի վարիչներուն որդեգրած այլանդակ ընթացքին պատճառով, ընթացք մը, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը թելադրուի Թուրքիայէն ու անոր գործակիցներէն:
Էջին բացման ազդանշանը տրուեցաւ արեւմուտքցի կարգ մը պաշտօնատարներու Հայաստան այցելութեան եւ «հին կարծրատիպերէն հրաժարելու» (եւ այլ) յորդորներու ճամբով: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ Երեւանի իշխանաւորները պատրաստ են գրկաբաց ընդառաջելու նման թելադրանքներու, շեշտե՛նք` հրահանգներու, որոնք, ըստ էութեան, թրքաբոյր էին: Թուրքիա եւ իր գործակիցները արդէն «անցեալին քննարկումը պատմաբաններուն թողունք»-ի տրամաբանութենէն քանի մը քայլ առջեւ անցած են, յստակօրէն կը պահանջեն մոռնալ Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող որեւէ իրաւունք, պահանջատիրութիւն, իսկ Երեւանի ՔՊ-ականները, մինչեւ իսկ պատմութիւնը «վերախմբագրելու» տենդով, լիարժէքօրէն կը շարժին նման հրահանգներով, չեն վրդովիր, եթէ զիրենք թուրք որակեն: Մինչեւ իսկ խծբծանքի առարկայ կը դարձնեն այն, որ հայը թո՛ւրքը կը նկատէ թշնամի, եւ ո՛չ թէ օրինակ… նոր-զելանտացին (ետեւէն ալ հէ-հէ-հէ խնդուք, որ յիմարութեան ու ջղագարի «իմաստութեան» մէկ նոր արտայայտութիւն է): Իրականութիւնը այն է, որ հայն ու թուրքը, ըլլալով անխուափելի դրացիներ, ի վերջոյ «լեզու պիտի գտնեն» իրարու հետ, սակայն ատիկա պիտի չըլլայ ի հեճուկս մեր իրաւունքներուն, մեր լեզուն այրելու գնով…
Աւելորդ կը նկատենք այստեղ ցանկագրել Թուրքիոյ պահանջներուն որդեգրման փաստերը, որոնց նորագոյնները եղան սահմանադրութեան նախաբանի փոփոխութեան, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան տարողութիւնը հարցականի տակ առնելու այս գիտոսիկներուն հնարքները: Բաւականանանք միայն ըսելով. «Ո՛վ որ աչք ունի, թող տեսնէ, ո՛վ որ ականջ ունի, թող լսէ», յուսալով ու մաղթելով, որ Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին կոյրերն ու խուլերը շուտով բուժուին:
Եւ կը ստացուի… ի՞նչ: Կը ստացուի նոյնքան այլանդակ վիճակ: Հիմա հայրենիքի ու հայութեան շահերը պաշտպանողներ իրենք զիրենք հարկադրուած կը գտնեն ճակատելու նոր տեսակի ճիւղաւորումներու դէմ: Մէկ գիծը նոյնինքն թուրք-ազերիականն է, երկրորդը` համաթուրանականութեան շահակիցներու գիծը, իսկ ամէնէն տարօրինակ ու այլանդակը` հայկական «ճակատներ»-ը:
Հասած ենք տեղ մը, ուր հայը, պատմութեան քաջատեղեակը, Ցեղասպանութեան զոհն ու ժառանգորդը ստիպուած կը զգայ իրեն պէս հայե՛րը համոզելու, անոնք ըլլան ՔՊ-ական թէ անոնց ցնդաբանութիւններով, խեղաթիւրումներով «կախարդուածներ»` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, թէ Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցա՛ծ է, ունեցա՛ծ ենք մարդկային եւ հողային անհաշուելի կորուստներ, կը մնանք, պէ՛տք է մնանք մեր անմնացորդ իրաւունքներուն պաշտպանը:
Այո՛, տակաւին հարցը չէ հասած հոն, որ թուրքերու ուրացումն ու ժխտողական ընթացքը լիովին վարակած ըլլայ ՔՊ-ական վարչախումբը, սակայն ի՞նչ երաշխիք ունինք, որ ուշ կամ կանուխ նման արտայայտութիւններ պիտի չհնչեն յականէ անուանէ: «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», «Աղտամը հայրենիքս է» ու նման ճշմարտութիւններ հնչեցնողները օր մըն ալ նոյնինքն թուրք-ազերիական հրահանգներով միջազգային ընտանիքին ներկայացան «Արցախը Ազրպէյճանի պատկանած էի»-ի հայրենուրաց յայտարարագիրներով, ուրացումի նոյն վարքագիծը որդեգրած են նոյնինքն Հայաստանի ճանչցուած հողերուն նկատմամբ: Անմիջապէս յիշեցնենք, որ ոեւէ իրա՛ւ հայու համար Արցախը, Նախիջեւանն ու Արեւմտեան Հայաստանը մի՛շտ ալ հայուն պատկանած են, մասնիկներն են ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ: Արդեօք երկրագունդին վրայ կա՞յ այլ ժողովուրդ, որուն զաւակներէն մաս մը նման ընթացք կրնայ որդեգրել, այսինքն` քայլ առ քայլ գործադրել թշնամիին ծրագիրները: Իսրայէլի դէմ անհամար զոհեր ու անհաշուելի կորուստներ ունեցող պաղեստինցինե՞րը, լիբանանցի՞ք, սուրիացի՞ք, մինչեւ անգամ Անգլիոյ խտրականութեան դէմ ահաւոր կորուստներով պայքարած իրլանտացի՞ք, գաղթատէրերու դէմ պայքարած եւ յաղթանակած արաբնե՞րը, ափրիկէցինե՞րը, լատինամերիկացինե՞րը… «Զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ»:
«Ի՞նչ Կրնանք Ընել…»
Հայրենուրաց եւ ազգադաւ, նոյնինքն մեր պատմութիւնը դրժող-ժխտող` Երեւանի իշխանաւորներուն այժմու ընթացքը վստահաբար ընդունելի չէ ոեւէ հայու, հայկական որեւէ կուսակցութեան ու կազմակերպութեան համար, որոնք լումայ ներդրած են Հայ դատի պայքարին: Բայց ահա հայկական բեմին վերեւ կը պարզուի տեսակէտներու ծիածան մը. մէկ ծայրը կայ «պէտք է պայքարինք եւ թուղթէ ու երկաթէ շերեփներով հետապնդենք մեր իրաւունքները» ըսողը, իսկ միւս ծայրը` «մենք անզօր ենք, ի՞նչ կրնանք ընել, աշխարհի դէպքերուն ընթացքն ալ մեզի շերեփներ չի բերեր» ըսողը, որ, ըստ էութեան, ինկած է իշխանաւորներու քարոզչամեքենային թակարդին մէջ: Անոնց միջեւ կան այլ գոյներ, որոնք կը կոչուին` անտարբերներ, հեռուէն դիտողներ, «մենք քաղաքականութենէ բան չենք հասկնար, չենք ուզեր քաղաքական հարցերու մէջ մտնել» ըսողներ, տակաւին` «ո՛ւր հաց, հո՛ն կաց» տեսութեան հետեւորդներ եւ այլն:
Այս կացութեան դիմաց, կրկնենք, հայկական բեմի տարածքին, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի չորս ծագերը, Հայ դատ հետապնդողը պարտաւոր է աշխատանք, պայքար տանելու թէ՛ արտաքին ճակատներու եւ թէ՛ տարօրինակօրէն, ներքին բեմերուն վրայ:
Անոնք, որոնք իրենք զիրենք անճրկումի կը մատնեն «ի՞նչ կրնանք ընել» թակարդային հարցումով, պէտք է նաեւ հարց տան, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը, եթէ հայ ֆետային եւ իսկական յեղափոխականները նոյնը ըսէին` ընդդէմ օսմանեան այլապէս հզօր իշխանութիւններուն դիմաց: Արդեօք մեր հերոսամարտերը պիտի լուսաւորէի՞ն մեր պատմութեան սեւ ու կարմիր էջերը, Սարդարապատ մը կերտած պիտի ըլլայի՞նք, արցախեան հերոսամարտերը յաղթանակներով պսակած պիտի ըլլայի՞նք (այսօր շա՛տ յստակ է, թէ Երեւանի իշխանաւորներուն մեղսակցութեամբ է, որ Արցախը կորսնցուցինք մաս առա մաս): Արդեօք անոնց մղած պայքարները աւելի՞ նպաստաւոր պայմաններու մէջ մղուած են: Վերջապէս, այդ բոլորէն մեզի հասնող փորձառութիւն եւ ուղեցոյցներ չկա՞ն… Չի բաւեր յայտարարել, որ այս կամ այն յեղափոխական կազմակերպութեան անդամ ես, անոր աւանդներուն ժառանգորդը, երբ գործնապէս կը դրժես անոնց ԸՐԱԾն ու ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾԸ, յետնորդներուն թողած ժառանգութիւնները:
Կարելի է հարցադրումները հասցնել նաեւ այլ տարածք: Խորհրդային բռնատիրութեան օրերուն Դաշնակցութիւնը միայնակ պայքար տարաւ կարմիր բռնատիրութեան դէմ` առանց հարց տալու, թէ «ի՞նչ կրնանք ընել»: Կասկած չունինք, որ Դաշնակցութեան ընդդիմախօսներու մէջ իսկ, նոյնինքն… համայնավարներու շարքերուն, կային «բան մը կրնանք ընել», «պէ՛տք է բան մը ընել» մտածողներ: Այլապէս, պիտի չունենայինք անցեալ դարու 60-ականներու զարթօնքը եւ մինչեւ արցախեան պայքար հասցնող նուաճումները:
Այսօր, բարեբախտաբար, Դաշնակցութիւնը միայնակ չէ մեր իրաւունքներուն հետապնդման ճամբուն մէջ: Ազգային աւանդական կուսակցութիւնները, Հայաստանի մէջ վերանկախացումէն ասդին ծնած բազմաթիւ հայրենապաշտպան միաւորներ բաժնեկից են «բան մը կրնա՛նք ընել» մտածելաձեւին, եւ, աւելի՛ կարեւորը, գիտե՛ն ձեւերը ձախաւերներուն չըրածը ընելու: Անցեալի ու մեր օրերու իրականութիւնները լաւագոյն ապացոյցները կը ցուցահանեն մեր աչքերուն դիմաց, թէ մեր հայրենիքին ու ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին տեղի ունեցող եռեւեփումները կրնան բերել նա՛եւ նպաստաւոր ալիքներ: Նպաստաւորը տեսնելու համար նախ պէտք է ունենալ ազգային առողջ մտածողութիւն, Դատի բոլոր երեսներուն ու տուեալներուն լիարժէք գիտակցութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, անդուլ աշխատանք` երկաթէ եւ թուղթէ շերեփներու լիարժէք օգտագործումով, որպէսզի այդ ալիքները չխորտակեն Հայաստան-նաւը, այլ մեզ փոխադրեն վերականգնումի եւ իրաւունքներու վերատիրացման փուլ:
Մեր Ընելիքը
Բայց արդեօք յստակ չէ՞, թէ մեր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները ինչպիսի՛ ընելիքներու կը մղեն, պէ՛տք է մղեն մեզ: Այս մասին շատ խօսուած է ու գրուած, ժամանակն է, եւ երբեք ալ ուշ չէ, որ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻՆՔ:
Որեւէ գործի ամէնէն հիմնական նախադրեալը յստակ ծրագիրի մը մշակումն է, անոր համապատասխան ռազմավարութեանց յստակացումը եւ մարտավարական քայլերու դասակարգումը:
Ամբողջական ծրագիրի մը մանրամասնութիւնները պէտք չունինք կրկնելու: Երբ գիտես, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, անկէ առաջ ու անկէ ետք ենթակայ եղած ես բազում անարդար կացութիւններու, անոնց դէմ պայքարած ես, ձեռք բերած ես արդիւնքներ, մանաւանդ ձեռքիդ ունիս լեռնացող փաստաթուղթեր (յենարան` երկաթէ շերեփին…), կը մնայ, որ նաւուդ քիթը շտկես ու նաւարկես իրաւունքներուդ իրականացման ուղղութեամբ, քու ձեռքերովդ չկոտրես նաւուդ թիակները, չպատռես առագաստները, ծակեր չբանաս կողերուն ու ջրամոյն չընես նաւդ: Ի սկզբանէ ա՛յդ է թշնամիին ուզածը, Հայաստան-նաւուն խորտակումը ի վերջոյ կրնան հաշտ աչքով դիտել ամէնէն սերտ բարեկամներդ անգամ, երբ տեսնեն, որ դուն` հայդ, անկախ կուսակցական, յարանուանական կամ հայրենակցական տարբերութիւններէն, կամովին (այսինքն` քեզ յաչս աշխարհին ներկայացնող «ազգընտի՜ր» իշխանութեան գործով ու խօսքով) լծուած ես թշնամիիդ ծրագիրներուն իրականացման, քու վարմունքդ` կրաւորականութիւն, ազգադաւ իշխանութիւններուն համակիր մնալով, կամ անզօրութիւն խաղալով, քեզ կը դնէ բոլոր մեծ ու փոքր իրագործումներդ փոշիացնելու, արմատներէդ խզուելու եւ իբր թէ նոր աշխարհի հրամայականներուն հետ քայլ պահելու կորստաբեր ճամբուն մէջ: Քեզի կը մնայ տեսնել, թէ ինչպիսի՜ ցնդաբանութիւններու կեր կը դառնաս, երբ ականջ կու տաս պատմական Հայաստան-իրական Հայաստան հակադրութեան ու բանավէճին, որ անհեթեթութիւններու օղակը կը հասցնէ աննախընթաց տարածքի (փաշինեանական իշխանութեան ամէնէն սիրած բառերէն մէկն ալ… աննախընթացն է):
Հայը չի կրնար ինքզինք խզել` իր արմատներէն, պատմական Հայաստանէն, անցեալի եւ ժամանակակից կորուստներէ բխած արդար իրաւունքներէն: Ոեւէ մէկէն առաջ եւ աւելի՛, մե՛նք է, որ լաւ գիտենք մեր հողային բոլո՛ր պահանջներուն տարողութիւնը, եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ պատգամին հաւատարմութիւնը որակել «առաւելապաշտութիւն»: Եթէ այսօրուան պայմանները կը թելադրեն «պահպանողական» մարտավարութիւն, կարելի չէ մտահան ընել, որ մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն տիրացումը մեր վախճանական կայարանն է:
Մեր անմահները (որոնց դէմ բանիւ եւ գործով պայքար բացած են ՔՊ-ական «քալողներ»-ները) բազմաթիւ ու անժամանցելի պատգամներ աւանդած են մեզի ու իրերայաջորդ սերունդներուն: Եզրափակենք օրինակով մը, որ մեզի հասած է իմաստուն աշուղէ մը` Ջիւանիէն, որուն համար հայն ու Հայաստանը բազմահազար տարիներու կեանք ունեցող ծառ են, ունին խոր արմատներ, մերթ ընդ մերթ կ՛անցնին տկարութեան փուլերէ, սակայն արմատներուն առողջութիւնը գրաւական է երկարակեցութեան: Այս քանի մը տողերուն մէջ կարծէք թէ խտացած է մեր ամբողջ պատմութիւնը, պայքարի եւ փիւնիկանալու երթը.
Ես Մէկ Ծառ Եմ Ծիրանի
Ես մէկ ծառ եմ ծիրանի,
Հին արմատ եմ անուանի,
Պտուղներս քաղցրահամ,
Բոլոր մարդկանց պիտանի:
Հին ծառ եմ արեւելեան,
Չունիմ որոշ այգեպան,
Տունկերըս ամէն երկիր,
Ընկած են բաժան-բաժան:
Արեւելքում ինձ տընկեց,
Երբ որ Աստուած ստեղծեց`
Ասաց` աճէ՛, բազմացի՛ր,
Մի այգի էլ ինձ տըուեց:
Ուղարկեց մի այգեպան`
Հարաւից հսկայ իշխան,
Այն հսկայի անունով`
Կոչուեցայ ծառ հայկական:
Չորս հազար տարուայ ծառ եմ,
Արմատս պինդ, կայտառ եմ,
Թէպէտ ուժըս պակաս է,
Բայց անունով` պայծառ եմ:
Աշուղ Ջիւանի
Իսկ Ջիւանին միակ պատգամախօսը չէ: