ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
3 Մայիս 2024
Ծ. Խ. Ոեւէ հայ անկասկած որ ձայնակից պիտի ըլլայ մեր աշխատակիցին եզրափակիչ տողերուն, մանաւանդ եթէ այս դրուագը կարդայ Արցախի կորուստին ու հայաթափման եւ Տաւուշի (ու այլ շրջաններու) ուղղուած սպառնալիքներուն լոյսին տակ:
Հօրս՝ Գրիգոր Չէքիճեանի յուշերէն՝ կ՚ամփոփեմ 1937-ին պատահած դէպքերը, Թէլ Ապիատի շոգեկառքի կայարանէն սկսած եւ շոգեկառքին մէջ պատահած դրուագը, որ կը բացայայտէ «զարգացած» թուրք երիտասարդներուն իսկական դիմագիծն ու հոգեբանութիւնը, երբ օր ցերեկով, առանց ամչնալու, օտարներու առջեւ նորահարսի մը դէմ սեռային ոտնձգութիւն կը փորձեն եւ անոր համար ալ… կը մրցակցին:
Այսպէս կը սկսի յուշագրութեան այդ հատուածը: Խօսքը տանք իրեն.
***
Բախտս բերաւ, որ 1937-ին Սուրիոյ Ռաքքա նահանգին Թէլ Ապիատ հայկական գիւղը հաստատուիմ, ամերիկեան «Պալիա»՝ գործածուած հագուստի գործով զբաղելու համար: Շրջանին մէջ այս տեսակի առաջին խանութն էր, եւ առաջին իսկ օրէն մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, աւանին բոլոր վաճառականներն ու երեւելիները խանութս այցելեցին: Անոնց շարքին էր համակրելի դիմագիծով երիտասարդ մը, որ ինքզինք ծանօթացուց իբրեւ գիւղին մէջ կեդրոն ունեցող Քոմանտան տարմին (ֆրանսական հոգատարութեան շրջանային զինուորական հրամանատար*) քարտուղարը:
Սկիզբէն իմացուց, որ գիւղին կլիման վատառողջ է եւ մալարիայով վարակուած: Ապա յայտնեց, որ գիւղին մէջ կային շուրջ 200 հայ ընտանիքներ, 15 ընտանիք՝ հայախօս ասորիներ եւ 15 ընտանիք ալ սիւննի իսլամներ, բոլորն ալ նահապետական աւանդութիւններով հին սերունդին պատկանող: Ուրեմն, իսկապէս հայկակա՛ն գիւղ էր: «Ճգնաւորի մը նման կ՚ապրիմ, ցերեկին նոյնիսկ պառաւի մը չես հանդիպիր, գիւղացիները արեւուն հետ գործի կը վազեն եւ մայրամուտին իրենց տուներուն մէջ կը բանտարկուին: Ոչ մէկ ընկերային կեանք կայ իմ եւ քեզի նման օտարներուն համար: Վստահ եմ, որ եթէ գիտնայիր՝ այստեղ չէիր հաստատուիր», ըսաւ, յայտնելով, որ ինք ծագումով յոյն է, Իսկէնտէրուն՝ Ալեքսանտրէթ ծնած: (Հայրս անոր անունը չի նշեր, ուստի Խրիսթօ կոչենք զայն):
Յուշերը շարունակելէ առաջ, եւ գաղափար մը հաղորդելու համար, կը մէջբերեմ նո՛յն տարուան գիւղի հայութեան մասին՝ Յակոբ Չոլաքեանի* « Թէլ Ապիատ… Ջաղացքը գացեր էր, չախչախն ալ պիտի երթար» յօդուածէն հետեւեալը (1). «… Ըստ Բերիոյ թեմի վիճակագրութեանց՝ 1938-ին ունի 412, 1943-ին՝ 412 անձ առաքելական հայութիւն: Հայրենադարձութեան պատճառով հայ բնակչութիւնը կը նօսրանայ ու հետզհետէ կ’աւելնան քիւրտերը, արաբներն ու թուրքմէնները: Այսուհանդերձ՝ քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ չեն լքեր գիւղը: … Թէլ Ապիատի Ազգ. Խորէնեան վարժարանը հիմնուած է 1925-ին, լրիւ նախակրթարան է. ունի մանկապարտէզ. 1936-1937 տարեշրջանին ունի 100 աշակերտ աշակերտուհի…»:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութենէն. «Թէլ Ապիատի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղը* հիմնուած է 1932-ին, իսկ 1942 ին, նոր թափով վերսկսած է գործունէութիւնը: Ունեցած է ֆութպոլի զոյգ խումբեր, վոլէյպոլի խումբ մը եւ սկաուտական կազմ: Մասնաճիւղը իր կենսունակ գործունէութեամբ մինչեւ 1961 պահած է իր սեփական ակումբը» (2):
Դարձեալ խօսքը տանք հօրս.
Քանի որ (յոյն երիտասարդը) ինծի տարեկից էր եւ համակրելի՝ այդ գիշեր ընթրիքի հրաւիրեցի զինք, յայտնելով, որ միասնաբար կրնանք մեր այստեղի կեանքը զուարճալի դարձնել: Իբրեւ այնթապցի՝ սմբուկով եւ կծու պղպեղով՝ ձաւարով լիցք պատրաստեցի, որ շիշ մըն ալ գինիով ախորժակով ընթրեցինք: Սենեակիս մէջ մանտոլինս նկատելով, Խրիսթօ տեղէն ցատկեց ու մանտոլինը ինծի տալով, խնդրեց, որ նուագեմ, յայտնելով, որ ինք մանտոլինը շատ կը սիրէր: Նուագել սկսայ յունական ազգային քայլերգով: Զարմացած՝ ան խանդավառութեամբ երգեց քայլերգը, ապա սկսայ յունարէն սիրային երգեր նուագել: Ուղղակի շշմած, ընդհատեց նուագս եւ հարցուց. «Դուն ուրկէ՞ սորված ես այս երգերը, որ յոյն նուագողի մը զգացումով կը նուագես»:
– Բարեկա՛մ, ես հինգ տարի Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանը, ծերունի մեծահարուստ ամոլի մը տան մէջ սենեակ մը վարձած էի եւ հոն ալ իբրեւ ոսկերիչ կ՚աշխատէի: Մեր վերի յարկը անուանի յոյն նուագախումբ մը կը բնակէր, երկու եղբայր եւ երկու քոյր՝ իրենց կիներով եւ ամուսիններով, բոլորը՝ նուագող եւ պարող: Ամէն օր, կէս գիշերէն ետք, երբ խմած ու գլուխնին տաքցած տուն վերադառնային, միաբերան յունական ազգային քայլերգէն սկսելով, սիրային ու գեղջկական երգեր կ՚երգէին ու կը նուագէին, ապա պարի եղանակներով մինչեւ արշալոյս կը զուարճանային:
«Այնքա՛ն սիրեցի յունական երաժշտութիւնը, որ բացի ձմեռէն, ամէն գիշեր գետնայարկ սենեակէս դուրս, բակի աւազանին մօտ կը նստէի ու անոնց երաժշտութիւնը կ՚ունկնդրէի: Իսկ ցերեկին, գործէն դադարի պահերուս մանտոլինով կը փորձէի նուագել ինչ որ լսած էի գիշերը: Օր մը, յետմիջօրէին, երբ սկսայ նուագել գիշերը լսած նոր եղանակ մը, որ երկու մաս ունէր, չկրցայ երկրորդ մասը յիշել, եւ երբ քանի մը անգամ կրկնեցի առաջին մասը՝ վերի յարկէն տիկիններէն մէկը սուլելով երկրորդ մասը ինծի յուշեց: Այսպիսով, աւելի քան երկու տարի, գլխուս մէջ յունական երաժշտութենէն մեծ պաշար ամբարեցի:
Պարի եղանակներով շարունակեցի նուագել եւ Խրիսթոն աշխոյժով պարեց: Աւարտին՝ Խրիսթոն ըսաւ. «Գրիգո՛ր, այս գիշեր ճգնաւորի կեանքէս նոր աշխարհ մը փոխադրեցիր զիս, կը խնդրեմ, որ եթէ ընդունիս, այս կերուխումը ամէն օր կրկնենք, փոխնիփոխ, օր մը ե՛ս ճաշը կը պատրաստեմ, օր մըն ալ դո՛ւն, սակայն քու տանդ մէջ, քանի որ պաշտօնիս անյարմար է տանս մէջ ամէն գիշեր երաժշտութիւն նուագել: Այսպիսով մեր մտերմութիւնը զարգացաւ եւ այս բարեկամութիւնը շարունակեցինք:
1938-ին, Ֆրանսան անակնկալօրէն Կիլիկիոյ Իսկէնտէրուն նահանգը, որ այժմ Սուրիոյ մէջ էր, Թուրքիոյ նուիրեց (խարդախուած հանրաքուէով*)…
Մեր գիւղէն հազիւ մէկ քիլոմեթր հեռու, կը գտնուէր երկաթուղիի կայարանը, որ թէեւ Սուրիոյ մէջ էր, սակայն Թուրքիոյ հսկողութեան յանձնուած էր: Այս առիթով, կայարանին թուրք զինուորներն ու պաշտօնեաները գիշեր-ցերեկ տհոլ-զուռնայով եւ հրավառութեամբ քէյֆ կ՚ընէին: Իսկ մենք՝ վերապրող հայերս կը սգայինք Իսկէնտէրունի յանձնումը թուրքերուն, այն համոզումով, որ շրջանին հայութիւնը, որ 1919-ին վերադարձած ու վերականգնած էր իր տուները, պարտէզները եւ ասպարէզները՝ ճեպէլ-մուսացի քաջարի ժողովուրդին նման, Անտիոքի, Քրըքխանի, Աթըքի, Պէյլանի, Սողուք Օլուքի եւ այլ հայկական գիւղերը վերստին պիտի պարպուէին հայութենէ:
Մեր բարեկամ կարծած «ասպետական» Ֆրանսան՝ որ 1921-ին նմանապէս Կիլիկիայէն անակնկալօրէն հեռացաւ եւ պատճառ դարձաւ իրենց հայրենի հողը վերադարձած հայերուն քանիերորդ ջարդին ու տեղահանութեան:
Այդ օրերուն, գործով Հալէպ պէտք էր երթայի, իսկ Խրիսթոն՝ Իսկէնտէրուն: Ինք շոգեկառքով կ՚ուզէր ճամբորդել, սակայն ես, որպէսզի թուրքերուն ուրախութիւնը չտեսնէի՝ ինքնաշարժով: Շոգեկառքը կէս գիշերին կը հասնէր մեր կայարանը: Խրիսթոն կը խնդրէր, որ շոգեկառքով միասին ճամբորդէինք, մանտոլինս ալ հետս առած, որ ուրախ ուղեւորութիւն մը ունենայինք: Երբ իմ թուրքերուն դէմ հաստատ կեցուածքս տեսաւ, ի զուր ջանաց համոզել, որ թուրքը նախկին վայրագ ազգը չէ եւ թէ՝ Մուսթաֆա Քեմալը ուսեալ ու կրթեալ՝ «ազնուացած» նոր սերունդ մը մէջտեղ բերած է, որոնց հետ դուք հայերդ կրնաք լեզու գտնել եւ եղբայրաբար ապրիլ միասին եւ այլն, եւ այլն:
Շուրջ տարուան մը մեր բարեկամութեան սիրոյն, ի վերջոյ ընդունեցի, սակայն լրջօրէն իրեն ըսի. «Ես արհեստով ոսկերիչ եմ եւ եթէ պատահի, որ քեզի պէս բարեկամ մը ոսկեզօծ եղած զարդեղէն մը բերէ ինծի, իբրեւ ոսկի ծախելու, զինք համոզելու համար, որ կեղծ է՝ փորձաքարի կը քսեմ զայն եւ քովը՝ իրական ոսկի, ապա թթու մը քսելով, իսկոյն կեղծին հետքը կ՚անհետանայ եւ կը մնայ ոսկիինը: Մեր հայերուս դարաւոր փորձառութիւնը սորվեցուցած է, որ թուրք ազգը չ՚ազնուանար»:
Նաեւ, հետեւեալ օրինակը տուի անոր. «Ժամանակին, երկու գիտնականներ կը վիճէին. Մէկը կ’ըսէր, թէ կրթութիւնը ամէն ինչ կը փոխէ, իսկ երկրորդը կը պնդէր, որ ծագումը չի փոխուիր: Իր տունը սուրճի կը հրաւիրէ առաջինը, որ «կրթուած» կապիկ սպասաւոր մը ունէր եւ իր տիրոջ զանազան հրամանները լաւագոյնս կը կատարէր: Երբ որ կապիկը խոհանոցէն սուրճը կը բերէր, հիւրը գրպանէն ափ մը կաղին հանելով կապիկին առջեւ կը թափէ: Կապիկը իսկոյն սուրճը ափսէով միասին մէկդի կը շպրտէ ու կաղինները հաւաքելով կը սկսի ուտել:
Իմ կարգիս բացատրեցի. «Հետեւաբար, ծագումը կարեւո՛ր է, բարեկա՛մ: Թուրքին ալ, երբ առիթը ներկայանայ ջարդելու, թալանելու եւ քանդելու՝ Մուսթաֆա Քեմալին «սորվեցուցածը» իսկոյն կը մոռնայ: Մեր փորձառութիւնը ա՛յս սորվեցուցած է մեզի: Մեր բարեկամութեան սիրոյն, կ՚ընկերանամ քեզի, սակայն առանց մանտոլինի»:
Երբ կայարան մտանք, իսկապէ՛ս թրքական տօնախմբութիւն էր այնտեղ, չորսդին՝ թուրք զինուորներ, սպաներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կը վխտային: Անոնք, տեսնելով Խրիսթոն, որ շուրջ 900 քմ. Սուրիա-Թուրքիա սահմանագիծի սահմանապահ ֆրանսական բանակի հրամանատարին քարտուղարն էր, փութացին անոր մօտ եւ բարեւի կենալով, իրենց յարգանքը յայտնեցին: Խրիսթոն ի՛նք կը վարէր սահմանային վէճերու հարցերը եւ իր այդ բարձր պաշտօնին գիտակից՝ թուրքերուն վրայ ինքզինք պարտադրող կեցուածք ու նկարագիր ունէր:
Երբ շոգեկառքը հասաւ, թուրք սպայ մը իր տասնապետին հրամայեց. «Օսմա՛ն, մեր յարգելի բարեկամը Հալէպ պիտի ճամբորդէ, դուն իրեն պիտի ընկերանաս եւ ի՛նչ որ հրամայէ՝ պիտի կատարես»: Օսման բարեւի կեցաւ բարեկամիս դիմաց եւ «Հրամանիդ տակն եմ, էֆէնտիմ», ըսաւ:
Մեր շուրջը սպասող մեծաթիւ ճամբորդները, որոնք յայտնապէս թուրքեր էին, բոլորը՝ միօրինակ, մաքուր զգեստով երեսուն տարիքի շուրջ երիտասարդներ էին: Երբ շոգեկառքը կանգնեցաւ, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց հարս ու փեսայ զոյգ մը, որ պիտի իջնէր: Չիջած, հարսը քննական ակնարկով ներկաները դիտեց եւ երբ աչքերուս հանդիպեցաւ՝ «Այս երիտասարդը հայ է, անոր նստելիք խցիկին մէջ նստինք», ըսաւ ամուսինին եւ ձեռքէն քաշելով քովս եկան, յուզումի մատնելով զիս: Ես խարտեաշ եւ կապոյտ աչքերով, սովորական հայու մը տեսքը չունէի, ինչպէ՞ս մէկ նայուածքով հայ ըլլալս գիտցաւ…
Այդ պահուն, երիտասարդներէն խումբ մը հարսին կողմը ուղղուեցաւ. անոնցմէ մէկը գէշ նպատակով, փորձեց հարսին ետին անցնիլ. անդին հրեցի զինք եւ ես անցայ հարսին ետին, միջոց մը պահելով թուրքերէն: Այդ պահուն, Օսմանը վազեց դէպի յաջորդ վակոնը եւ «մէկը չմօտենայ» հրահանգելով, խօսքը ուղղեց Խրիսթոյին՝ «Հոս հրամմեցէք, էֆէնտիմ», ըսաւ: Խրիսթոն դէպի այդ կողմը ուղղուեցաւ, ես ալ զգալի շարժումով մը հասկցուցի նորապսակ զոյգին, որ առջեւէս քալեն: Օսմանը զիս ալ կանչեց, սակայն դանդաղելով, հասկցուցի, որ հարս ու փեսան ինձմէ առաջ թող ելլեն. ան ընդունեց: Երբ փեսան հարսին ձեռքէն բռնելով վեր պիտի հանէր հարսը, երիտասարդ մը սպրդելով քովէս, հրմշտուքով առջեւս անցաւ ու երկու ափերով հարսին յետոյքը սեղմելով՝ վեր հրեց: Ահաբեկուած՝ հարսը տեսաւ թուրքը, ու ես հարսին ետեւէն բարձրացայ:
Օսմանը դատարկ խցիկ մը գտնելով, «հոս հրամմեցէք» ըսաւ մեզի: Նախ Խրիսթոն մտաւ, գրաւելով դէպի առջեւ նայող անկիւնը, ես ալ առիթ տուի, որ հարս ու փեսան ինձմէ առաջ մտնեն, որ դիմացի անկիւնը գրաւեն, ես ալ Խրիսթոյին քով նստեցայ: Փեսան երբ հարսը Խրիսթոյին դիմացի անկիւնը պիտի նստեցնէր, ակնթարթի մը մէջ թուրք երիտասարդ մը հարսին թեւէն բռնելով իր կողմը քաշեց, ու փեսան անկիւնը հրելով, ինքն ալ հարսին քով բազմեցաւ: Հինգ անձի նստարանին՝ անոր քով երկու երիտասարդ եւս տեղ գրաւեցին, իմ քովս ալ՝ երեք: Օսմանը դրան մէջտեղ կայնած՝ փակեց մուտքը:
Երբ շոգեկառքը յառաջանալու սկսաւ, հարսին քովի երիտասարդը սկսաւ հարսին ձեռք նետել, թեւը սեղմել, կոնքն ու սրունքը շոյել, դէմքը դէմքին մօտեցնել, եւ այլն եւ միւս երիտասարդներն ալ փողոցային լկտի ու լիրբ արտայայտութիւններով կը չարչրկէին զոյգը: Յանկարծ, քովս նստող թուրքը ոտքի ցատկեց եւ փորձեց հարսին քովի թուրքը տեղէն հանել եւ ըսաւ. «Դուն ելի՛ր, քիչ մըն ալ ե՛ս օգտուիմ, բոզի լակո՛տ…»: Այս երկուքին կռիւի իրարանցումին մէջ, առիթը օգտագործելով, հարսին քովի թուրքին տեղէն հանելով գետին տապալեցի եւ ե՛ս նստայ հարսին քովը:
Թուրքը ոտքի ելլելով ինծի պոռթկաց. «Դուն ո՛վ կ՚ուզես, եղի՛ր, էֆէնտիմ, իրաւունք չունիս տեղս գրաւելու, ելի՛ր, տե՛ղդ նստէ, շան լակոտ» ու գազանային մոլուցքով մը ձեռքը երկարեց, որ զիս տեղէս հանէ: Սակայն արագ շարժումով երկարած ձեռքը ոլորեցի, թեւը տեղէն հանելու ուժգնութեամբ եւ զինք դիմացի ընկերոջ վրայ նետեցի: Երբ աւելի կատղած վրաս պիտի յարձակէր, ես պատրաստ էի միւս թեւն ալ տեղէն հանելու, որ երբե՛ք չհամարձակի հայու մը վրայ ձեռք բարձրացնել: Սակայն Խրիսթոն արդէն ոտքի ելլելով գետին տապալեց զայն, եւ Օսմանին՝ որ դուրսը, անցքին մէջ կեցած՝ բանէ տեղեակ չէր, հրամայեց. «Այս երիտասարդները բոլորն ալ դուրս հանէ, մի՛այն ես, բարեկամս եւ նորապսակ զոյգը պիտի մնանք այստեղ»:
«Օսմանը հրամայեց բոլորին դուրս ելլել, սակայն գետին տապալած երիտասարդը երբ ծաղրական եղանակով ընդդիմացաւ՝ Օսմանը ատրճանակը հանելով ըսաւ. «Հիմա ատրճանակին կոթով գլուխդ կը ջարդեմ հա՛, դո՛ւրս կորսուեցէք. ասիկա ֆրանսական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու խցիկն է, դո՛ւրս»… Այս լսելով բոլորը դուրս ելան: Հրաշալի Իսկէնտէրունը իրենց նուէր տուած ֆրանսացիներուն վրայ ինչպէ՛ս կարելի էր ձեռք բարձրացնել…
Պահ մը ետք, Խրիսթօ փեսային հարցուց. «Ուրկէ՞ կու գաք եւ ո՞ւր կ՚երթաք»:
- Քամիշլիէն կու գանք եւ Հալէպ կ՚երթանք:
Խրիսթօ խստօրէն ըսաւ. «Սխալ ըրած էք այսպէս հարս ու փեսայի զգեստով ճամբորդելով»:
- Տարին հինգ վեց անգամ այս ճամբորդութիւնը ըրած եմ եւ մի՛շտ առանձինն, դատարկ խցիկ մը գտած, մինչեւ Հալէպ քնացած եմ: Հարսնիքէն ետք հագուստ փոխելու ժամանակ չունեցանք, հազիւ կայարան հասանք: Սակայն ամէն կայարան, գրեթէ նոյն արտաքինով երիտասարդներ մտան, խճողելով շոգեկառքը,- ըսաւ փեսան:
Քիչ մը մտածելէ ետք, խօսքը տասնապետին ուղղելով՝ ըսաւ. «Օսմա՛ն, այս միօրինակ տարիքի ու երեւոյթով երիտասարդները ովքե՞ր են, ուրկէ՞ կու գան եւ ո՞ւր կ՚երթան»:
Օսմանը զգալի գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ ըսաւ. «Չէ՞ որ Ֆրանսան մեր Իսկէնտէրունը մեզի վերադարձուց, մեր այս թուրք երիտասարդները Թուրքիոյ բոլոր շրջաններէն ընտրուած, ուսեալ ու կրթեալ պաշտօնեաներ են, որոնք Իսկէնտէրունը պիտի կառավարեն:
Խորհրդածութեան մէջ թաղուեցայ, վերյիշելով Խրիսթոյին հետ վիճաբանութիւնս, թէ՝ թուրքը չի փոխուիր, իսկ ինք կը պնդէր, որ թէեւ հայերը բազմաթիւ շնորհքներով օժտուած են սակայն ճկուն դիւանագէտներ չենք ունեցած, որ Մուսթաֆա Քեմալին «կրթած» ազնուացած սերունդին հետ լեզու գտնելով մեր արդար իրաւունքին տիրանայինք… Անշուշտ, ես հակառակը կը պնդէի , թէ՝ անկարելի է որ թուրք ազգը ազնուանայ, եւ Իսկէնտէրունի մէջ կրկին տեղահանութեան եւ ջարդի պիտի ենթարկուինք:
Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ հարսը փեսային քանի մը անգամ փսփսաց, որ ինծի հարցնէ, թէ՝ հա՞յ եմ: Փեսան սակայն ի վերջոյ ըսաւ. «Չլսեցի՞ր, որ ֆրանսացիներ են»: Հարսը չգոհանալով երբ կրկին պնդեց հարցնել, Խրիսթոն ինձմէ բարկացած ըսաւ. «Չըսե՞ս հարս քոյրիկին, որ հայ ես», ապա հարսին ըսաւ «Հա՛յ է, անունն ալ Գրիգոր է»: Հարսը յաղթական՝ փեսային ըսաւ. «Տեսա՛ր որ հայ է եղեր»…
Յուզումէս խեղդուած, կարողութիւնը չունէի բերանս բանալու եւ կը մտածէի, որ հակառակ շոգեկառքով ճամբորդելու իմ դժկամութեանս՝ նախախնամութիւնը զիս հոս առաջնորդեց, որ դժբախտ հայ զոյգ մը, հարսը հազիւ 15 տարեկան իսկ փեսան՝ 22-23, իրենց տառապանքէն ազատեմ:
Խրիսթոն, հետաքրքրուած, հարսին հարցուց. «Թէլ Ապիատի մէջ երբ շոգեկառքէն պիտի իջնէիր, ինչպէ՞ս գուշակեցիր բարեկամիս հայ ըլլալը, հակառակ անոր, որ խարտեաշ է եւ աչքերը կապոյտ»: Հարսը անմեղ մանուկի մը նման ըսաւ. «Գամիշլիի մէջ, երբ շոգեկառք ելանք, փեսաս զիս կեղտոտ մարդոցմէ հեռու պահելու համար անկիւնը կը նստեցնէր, ինքն ալ քովս: Կայարանէ կայարան տեղերնիս կը փոխէինք, որպէսզի կեղտոտներէն ձերբազատէինք, սակայն նորի մը ճանկը կ՚իյնայինք, ինչպէս տեսաք: Իմ փեսաս վախկոտ մէկը չէ, սակայն ես իրեն «համբերէ» կ՚ըսէի, քանի որ երբ հայ-թուրք որեւէ խնդիր ըլլայ, հայը նախ երեք ամիս կը բանտարկեն ու կը չարչարեն եւ ապա միայն անոր դատին կը նային: Ուստի Աստուծմէ կը խնդրէի, որ դիմացնիս հայ մը հանէ, որ մեզի ապաւէն դառնայ: Աստուած աղօթքս լսեց եւ ինծի հայը ճանչնալու կարողութիւն տուաւ, ի՛նչ ալ ըլլան անոր աչքերուն գոյնը»…
Երկու շաբաթ ետք, երբ Թէլ Ապիատ վերադարձած էի, տանս մէջ ընթրեցինք, Խրիսթոն անկեղծօրէն պատմեց, որ երբ Իսկէնտէրուն կը հասնի, երկու քեռիները իրենց ընտանիքներով իրեն կ՚այցելեն: Անոնց մանրամասն կը պատմէ թուրքերուն մասին, թէ՛ մեր ունեցած վիճաբանութիւնը, նաե՛ւ՝ ոսկիին եւ կապիկին օրինակները ու մանրամասնօրէն կը պատմէ շոգեկառքին մէջ պատահածը, ըսելով, որ եթէ մենք հոն չըլլայինք, թուրքերը պիտի բռնաբարէին հարսը: Եզրակացնելով կ’ըսէ. «Թուրքը չ՚ազնուանար եւ երբ որ առիթը գտնէ՝ կը բռնաբարէ, կը ջարդէ, կը թալանէ ու կը քանդէ: Այդ ճամբորդութեան ընթացքին ձեր մասին կը մտածէի, թէ՝ այնպիսի՛ վայրագ եւ գազանային զգացումով երիտասարդութիւն մը պիտի կառավարէ Իսկէնտէրունը, որ ո՛չ ձեր պատիւը, ո՛չ ալ ձեր կեանքը ապահով պիտի ըլլայ:
«Քեռիներս շուտով որոշեցին եւ Հալէպ հաստատուեցան, իսկ մայրս ու եղբայրս մէկ ամիսէն իմ քովս պիտի գան: Շատ ճիշդ ես Գրիգոր, այնպէս՝ ինչպէս ոսկերիչը չես կրնար խաբել, թէ պղինձը ոսկի է, նոյնպէս ալ հայը չես կրնար խաբել, որ գազանաբարոյ թուրքը կ՚ազնուանայ»:
***
Հոս կ’աւարտի հօրս յուշերէն քաղածս: Դժբախտաբար Հայաստանի այժմու դաւադիր ու թրքահաճոյ՝ հակահայ իշխանութիւնը ի՛նք կը փորձէ խաբել հայ ժողովուրդը, որ ծերունիներ գլխատող ու մորթող, քնացած պահուն հայը կացինահար ընող թուրքին հետ «խաղաղութեան դարաշրջան» պիտի կերտենք:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմս են
- https://arevelk.am/am/articles/thel-apiat-jaghacqy-gacer-er-chakhchakhn-al-piti-erthar
- https://www.facebook.com/photo?fbid=234456080064987&set=a.175459219298007