1
0
Read Time:22 Second
Գէորգ Պետիկեան
Հայերէնս…
Լեզուիս մարմին եւ ոգի տուող,
Իմ հարազատս՝ անխարդախ.
Աշխարհի հայութեան բերնին մէջ,
Միշտ կը փնտռեմ քեզ:
Հայերէնս…
Սիրտդ բառերուս մէջ տրափող,
ԴՈՒՆ դարաւոր, անուշ շարական.
Աշխարհի հայու անդաստանին մէջ,
Միշտ կը փնտռեմ քեզ:
Հայերէնս…
Կեանք ու ճակատագիր տուող,
Սերունդներ առաջնորդող ղեկավար.
Աշխարհի խոր ու լայն տարածքին մէջ,
Միշտ կը փնտռեմ քեզ:
Հայերէնս…
Երկինքէն իջած սրբութիւն,
Զիս ապրեցնող եւ ապրող ճառագայթ.
Իբրեւ հայուն անմահ ճանապարհ,
Միշտ պիտի փնտռեմ քեզ: