Մայիս 7-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կապ հաստատեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց նոյն օրը աւելի կանուխ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան՝ Հայաստանին մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերող, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ եկեղեցականները չեն կրնար անտարբեր մնալ ու անհաղորդ` իրենց խնամքին յանձնուած ժողովուրդի անհանգստութիւններուն ու կարիքներուն:
Վեհափառները տեսակէտներու փոխանակեցին Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն շուրջ, մասնաւորաբար՝ Տաւուշի մարզին մէջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ։ Անոնք որոշեցին շարունակել իրենց խորհրդակցութիւնները՝ շեշտելով Հայ եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդը ու Հայաստանը յուզող տագնապներու յաղթահարման գծով։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
Խիստ վտանգաւոր ենք համարում առանց համապարփակ ու երաշխաւորուած լուծումների Տաւուշի սահմանամերձ շրջանում սահմանազատման ու սահմանագծման անուան ներքոյ իրականացուող գործողութիւնները, որոնք նոր սպառնալիքներ են առաջացնում մեր ժողովրդի համար: Ստեղծուած կացութիւնն արդարացի ընդվզում է առաջ բերել աշխարհասփիւռ հայութեան եւ, մասնաւորապէս, Տաւուշի սահմանամերձ համայնքների բնակիչների շրջանում` պատճառ դառնալով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» քաղաքացիական շարժման սկզբնաւորման:
Առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրներին յանդիման հոգեւոր սպասաւորները, տուեալ դէպքում` Տաւուշի թեմի եկեղեցականները` թեմակալ առաջնորդի գլխաւորութեամբ, հաւատարիմ իրենց հոգեւոր առաքելութեանն ու կոչմանը, չեն կարող անտարբեր մնալ ու անհաղորդ` իրենց խնամքին յանձնուած ժողովրդի անհանգստութիւններին ու կարիքներին:
Մեր ժողովրդի զաւակներին յորդորում ենք արդար մտահոգութիւններն ու անհանգստութիւններն արտայայտել բացառաբար խաղաղ ճանապարհներով եւ դրսեւորել հանդարտութիւն ու զսպուածութիւն` զերծ մնալով հակաօրինական գործողութիւններից: Հասարակական կարգի պահպանութեան համար պատասխանատու ծառայութիւններից ակնկալում ենք բացառապէս օրէնսդրութեանը խիստ համապատասխան գործելաոճ:
Կոչ ենք անում նաեւ իշխանութիւններին` անսալ ժողովրդի հիմնաւոր պահանջներին եւ խաղաղութեանն ուղղուած գործընթացներում առաջնորդուել այնպիսի մօտեցումներով, որոնք չեն մեծացնի անվտանգային սպառնալիքները` խորացնելով մեր հանրութեան մէջ անպաշտպանուածութեան եւ անորոշութեան զգացումները: Կարեւորելով սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացները` միաժամանակ հաստատում ենք, որ այդ աշխատանքները պէտք է իրականացուեն պատերազմի բացառման, Հայաստանից բռնազաւթուած տարածքների վերադարձման եւ բնակավայրերի անվտանգ ու անխաթար կեանքի ապահովման երաշխիքների առկայութեան պայմաններում:
Ազգային մեր արժանապատուութիւնը, հայրենի պետութեան եւ սրբազան արժէքների հանդէպ նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը պէտք չէ տեղի տան անյուսութեան, անհանդուրժողութեան եւ երկչոտութեան, թշնամանքի եւ ատելութեան առջեւ:
Եկեղեցին, չունենալով քաղաքական իշխանութեան յաւակնութիւններ, պիտի շարունակի պատմական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ջանքեր ներդնել յանուն հայրենիքի եւ պետականութեան զօրացման, մեր ժողովրդի ինքնութեան ու իրաւունքների պաշտպանութեան, ազգային կեանքում միասնականութեան ու եղբայրասիրութեան ամրապնդման` նպաստելով տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատմանն ու ամրապնդմանը:
Նախապէս, Ապրիլ 30-ին ալ զոյգ կաթողիկոսները ունեցան հեռաձայնային զրոյց եւ վերահաստատեցին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ապահովութիւնը ամուր պահելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ Հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը:
Արցախի թեմը եւս յայտարարութեամբ մը յորդորեց միանալ «Տաւուշը յանուն Հայաստանի» շարժման երթին։ Յայտարարութեան մէջ, թեմը նշեց.
Սիրելի՛ արցախցիներ, հազարամեայ մեր բնօրրանի բռնազաւթումի եւ կորուստի վէրքը դեռ չսպիացած` շարունակւում է միակողմանի զիջումների վտանգաւոր գործընթացը, որը գոյաբանական լուրջ մարտահրաւէրների առջեւ է կանգնեցրել Հայաստանի պետականութիւնը:
Հայրենիքն է մեր ժողովրդի իւրաքանչիւր զաւակի արժանապատիւ գոյութեան երաշխիքը, ուստի պէտք է իմաստութիւն եւ ուժ գտնենք մեր մէջ` ետ շրջելու վայրընթաց գնացող այս անիւը, որպէսզի Մայր Հայրենիքը չունենայ Արցախի դառը փորձառութիւնը:
Սիրելինե՛ր, յորդորում ենք բոլորիդ միանալ «Տաւուշը յանուն Հայաստանի» շարժման կազմակերպած խաղաղութեան եւ համերաշխութեան երթին: Հզօր Հայաստանը ցանկութիւնն է մեր քաջարի նահատակների եւ հիմքը մեր ապագայ բոլոր իղձերի կատարման: