ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ԱՒԱՐՏ 

0 0
Read Time:37 Second

Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը առցանց դասընթացք մը կազմակերպած էր կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու համար։ «Սուրբ Գիրքը մտիկ ընել. Աստուածաշունչը մեկնաբանելու ռազմավարութիւններ» խորագրով դասընթացքը ներկայացուց հիմնական մեթոտներ՝ Աստուածաշունչը կարդալու եւ մեկնաբանելու աշխարհականի տեսանկիւնէն։ Անոր ընթացքին կատարուեցաւ պատմական շրջապատի հետախուզութիւնը, գրական շրջագիծի ու լսարանի յայտնաբերումը, բանաւոր ու գրաւոր ձեւերու առանձնացումը, կառոյցի վերլուծումը, բառերու եւ նախադասութիւններու հետազօտութիւնը եւ ամբողջ նիւթի համադրումը։ Դասընթացքը վարեց բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանը։

Ամսական մէկ ժամուան դրութեամբ Մայիս 2023-ին սկսած դասընթացքին մասնակցեցան 17 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ հետեւեալ եկեղեցիներէն՝ Ս. Լուսաւորիչ (Նիւ Եորք), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆիլատելֆիա), Ս. Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Ս. Վարդանանց (Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ), Ս. Երրորդութիւն (Ուստըր, Մասաչուսէց), Ս. Ստեփանոս (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց) եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց)։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles