Սուրը Երկսայրի Է․․․ Վահանն Ալ Գոյութիւն Չունի

0 0
Read Time:2 Minute, 43 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Գնդակի մը վերածուած ենք։

Կը գլտորեն, կը գլտորունք աննպատակ, դէպի․․․ անդունդ։

Մեր գնդակին նորագոյն հարուածը տրուեցաւ Միւնիխի մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, երբ միջնորդութեան համար իր կարգին սպասող Գերմանիոյ վարչապետին օրհնութեամբ հանդիպում ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները։

Պարզ պատուիրակութեանց մասին չէ խօսքը, այլ երկու երկիրներուն ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարներն էին, որոնք նստած էին սեղանի շուրջ (իսկ սեղանները շարուած էին եռանկիւնաձեւ…)։

Եւ յանկարծ, Գերմանիոյ վարչապետը առիթ մը ստեղծեց՝ հեռանալով սենեակէն, որպէսզի երկու կողմերը դէմ-դիմաց շարունակեն իրենց տեսակցութիւնը։

Արդի՞ւնք։

Ալիեւ, որ վերջերս ընդհանրապէս կը մերժէր նմանօրինակ հանդիպումներու ներկայ ըլլալ, ժամանած էր իր իւրայատուկ ձկնկիթի եւ սեւ քարիւղի «շերեփ»-ով, մինչդեռ իր դիմաց  նստած հայկական պատուիրակութիւնը, վերջին տարիներու սովորութեան հաւատարիմ՝ խաղաղութիւն մուրալու երազով ներկայացած էր, յանձին վարչապետին: Ուշագրաւ է, որ ան իր աւանդական ամբոխահաճ ու կեղծիք բուրող «մշակ-բանուոր»-ի գդակով սկսած է երեւիլ իր (ան)պաշտօնական հանդիպումներուն։

Նախ պէտք է հարց տալ. արդեօք Գերմանիոյ վարչապետին համար ընդունելի՞ էր, առանց որեւէ քննադատութեան եւ հարցադրման՝ հրաւիրել Պաքուի «նորընտիր»  բռնապետը։ Ոչ մէկ խօսք՝ Պաքուի մէջ յառաջաձգուած նախագահական ընտրութիւններուն եւ հազար ու մէկ աճպարարութեամբ՝ աթոռը վերստին Ալիեւի յանձնելու վերապահելու բեմադրութեան մասին:

Խամաճիկ պայմաններու մէջ վերընտրուած Ալիեւը, հինգերորդ անգամ պաշտօնը ստանձնելու տօնակատարութեան, յամառօրէն շեշտած էր, թէ Հայաստան պէտք է վերատեսութռեան ենթարկէ սահմանադրութիւնը, հրաժարի հողային պահանջներէ, որպէսզի կնքուի խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Շարունակելով իր յոխորտանքը, ան կրկնած էր, թէ Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ միջնորդներու կարիք չկայ։

Միւնիխի հանդիպումէն ետք ալ, յանկերգը կրկնուեցաւ. հերթը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէինն էր, որ շեշտեց, թէ Երեւան պէտք է ամէն գնով վերատեսութեան ենթարկէ սահմանադրական օրէնսդրութիւնը։ Տարբեր կաղապարով՝ միեւնոյն գաղափարը հրապարակ նետած էր Ալիեւի մէկ այլ հլու կամակատարը՝ նախագահական պալատի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպէկովը, նմանապէս շեշտելով, թէ Հայաստանի սահմանադրութեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական դատարանին Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած բազմաթիւ փաստաթուղթերուն մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ պահանջներ կան, պատրուակ կը բռնեն Պաքուի ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը։

Ոեւէ մէկուն մտքէն անցա՞ւ հարց տալ, թէ մանրամասնօրէն քննարկուեցա՞ն, Միւնիխէն մղոններ հեռու՝ Նոր Հանդի մէջ պահած ընդհարումները, որուն զոհ գացին սահման պահող չորս ծառայողներ։ Հոս ալ քննարկումը հպանցիկ էր։

Միւնիխէն նոյնքան մը մղոններ հեռու, եւ աւելի հիւսիս, Մոսկուա բացայայտօրէն ալ գոհ չէր շոլցեան կամ եւրոպական այս նախաձեռնութենէն։ Արդարեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անգամ մը եւս «հիւսիսի արջ»-ին ներկայութիւնը կարեւորելով՝ հաստատեց, թէ անհրաժեշտ է վերադառնալ 2020-էն ի վեր բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու շրջագիծ եւ թէ՝ հարցերը պէտք է լուծել բացառապէս խաղաղ, քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով: Իսկ Աւելի հարաւ գտնուող մեր դրացին բազմիցս կրկնած է, որ «շրջանէն դուրս կողմերէ» միջամտութիւններ ու ներկայութիւն առ նուազն հաճելի չեն իրեն համար:

… Պերլինի 1878-ի վեհաժողովին հայկական պատուիրակութեան պետը՝ Խրիմեան Հայրիկ իր սքեմով եւ «երկաթէ շերեփ»-ի պատգամով պատմութիւն կերտեց․․․

2024-ին Միւնիխի մէջ, վարչապետը գդակով եւ թուղթէ շերեփով կը փորձէ պատմութիւն պղծել։

Սուրը երկսայրի է․․․ Վահանն ալ գոյութիւն չունի։

Գնդակը ձախէն-աջէն հարուածներ ստանալով կը գլտորի։

Անգամ մը եւս կրկնենք Խրիմեանի իմաստուն խօսքերը․  «Է՜հ, սիրելի՛ ժողովուրդ Հայոց, ես կրնայի՞ հարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփս, որ պիտի թրջուէր ու հոն մնար: Ժողովուրդ Հայոց, անշուշտ լաւ հասկցաք, թէ զէնքը ինչ կրնար գործել եւ կը գործէ…. Ուրեմն զէնք առնենք եւ դարձեալ զէնք: Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քու ազատութեանդ յոյսը քու վրադ դիր, քու խելքիդ ու բազուկիդ ուժ տո՛ւր»: Այս անժամանցելի պատգամը տարբեր հնչեղութիւն ստացած է մեր նորագոյն պատմութեան իրերայաջորդ փուլերուն, անոր կիրարկումէն բարիք բխած է, ինչպէս՝ Արցախի ազատագրական պատերազմներուն: Իսկ հիմա, Արցախեան Շարժումի մեկնարկին 36-րդ տարեդարձն է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles