ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 42 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Ընթացիկ դէպք մը չէր Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նոր գրասենեակի բացման հանդիսութիւնը, Կիրակի, 24 Մարտին: Անիկա տեղի ունեցաւ այնպիսի պահու մը, երբ Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտուողական ընթացքն ու դիւանագիտական թեւի իրողական անդամալուծութիւնը բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ:
Եղածը կարելի չէ դիտել պարզապէս կարմիր ժապաւէնի մը հատումով եւ անոր յաջորդած խօսքերով ու հիւրասիրութեամբ:
Գրասենեակին բացումը կը դիտենք ստեղծուած տաժանելի պայմաններուն լոյսին տակ, երբ Հայ Դատը կը շարունակէ ո՛չ միայն ծառայել Հայաստանին ու մեր իրաւունքներուն հետապնդման, այլ ծանր պարտականութիւն մը յանձն առած է՝ պաշտպանելու նա՛եւ հայկական պետականութիւնը։ Պետականութիւն մը, որ կարծէք թէ առանց անկարգելի ձգուած է՝ իյնալու անդունդն ի վար։ Այդ գրասենեակն ալ, յանձին իր ժրաջան աշխատակիցներուն, ոգի ի բռին կը պայքարի ի խնդիր Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին, որ մէկ մասնիկն է մեր Դատին։ Այլ խօսքով, Ինչպէս Հայ Դատի ամբողջ մեքենան, այս մէկն ալ լծուած է երկու ուղղութեամբ պայքարի՝ ներքին, ներհայկական, եւ արտաքին՝ աշխարհի տարբեր պետութիւններու ուղղութեամբ:
Ուշագրաւ էր, որ գրասենեակին բացման հանդիսութենէն օր մը ետք, նոյնինքն Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, Պելճիքայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշխարհաքաղաքական զարգացումները Հարաւային Կովկասի մէջ. Կիզակէտ՝ Հայաստան եւ Արցախ» խորագրով կլոր սեղան-քննարկումը, մասնակցութեամբ բազմաթիւ խորհրդարանականներու, դիւանագէտներու, վերլուծաբաններու, լրագրողներու եւ հիմնարկներու ներկայացուցիչներու:
Հակառակ զանգուածային տեղահանութեան՝ բռնագաղթին, հետեւաբար հայութենէ պարպուած ըլլալուն, Արցախը Հայ Դատին համար միշտ ալ խիստ կարեւոր եղած է մեր պատմութեան այժմու փուլին։
Մենք, իբրեւ Հայ Դատի ի խնդիր պայքարող հայորդիներ, քաջատեղեակ ենք, թէ թշնամին ինչպիսի՛ հսկայական միջոցներ կ՛օգտագործէ, գումարներ կը հոսեցնէ գրպաններու մէջ, ներգրաւելով բանալի դիրքի վրայ գտնուող ղեկավարներ ու պաշտօնատարներ։
Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, մենք՝ Հայ Դատի զինուորագրեալներս, մի՛շտ առաջին գիծի վրայ ներկայ պիտի ըլլանք՝ աննահանջ պաշտպանելու Արցախի շահերը, որ նաեւ հայութեան՝ հայորդիին եւ Հայաստանին շահն է, գործնապէս ճամբայ կը բանայ մեր բոլոր իրաւունքներուն հետապնդման:
Բանաստեղծ-երգիչ Ժագ Պրելի բնութագրումով՝ «տափակ երկիր»-ի մայրաքաղաքը չէ լոկ Պրիւքսէլը, որ յաճախ շուքի մէջ մնացած է հարաւի դրացիին՝ Փարիզի շողոշողուն լոյսերուն տակ։
Այսօր, տասնամեակներէ ի վեր, Եւրոմիութեան մայրաքաղաքն է Պրիւքսէլը, նաեւ Ատլանտեան Ուխտի՝ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր կեդրոնատեղին։ Այս իսկ պատճառով, խիստ կարեւորութիւն ունի, առաջնահերթութիւն մըն է Հայ Դատի գործօն գրասենեակի մը ներկայութիւնը։
Աշխարհի այժմու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, պէտք է տեսնենք, որ շատ աւելի դժուար է Եւրոպայի այս կեդրոնական գրասենեակի եւ ընդհանրապէս աշխարհի այլ ծագերու մէջ գործող Հայ Դատի գրասենեակներուն պարտականութիւնը։
Մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ, անհամար են փոթորիկները: Ներ-հայկական դաշտին մէջ, փուլ եկած է հայրենի դիւանագիտութիւնը: Քանի մը օր առաջ, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ նախապէս գործող տասնեակ մը անհատներ ահազանգ հնչեցուցին, միասնաբար յայտարարութիւն մը լոյս ընծայելով եւ կոչ ուղղելով այլոց, որ միանան այդ բողոքագրին։
Արցախը «կուլ տալու» քաղաքականութիւնը իրականացնելէ ետք, Պաքու հիմա սկսած է սուր ատամներով կրծել Հայաստանի սահմանները, իսկ երկրի ղեկին բազմած վարչակազմը կը շարունակէ նահանջելու եւ հայապատկան հողեր յանձնելու քաղաքականութիւնը։
Իշխանաւորը կա՛մ կ’երազէ, կամ ալ հաւատարիմ է ժողովուրդը խաբերլու իր վարքագիծին, երբ հաւաստիք կու տայ, թէ նախապայմաններով չի բանակցիր Թուրքիոյ հետ: Աչք ծակող իրականութիւնը ուրիշ բան կ’ըսէ. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նախապայմաններու երկար ցանկերով նստած են Հայաստանի դիմաց: Անգարա կրկին ու կրկին յստակացուցած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան բանալին՝ Երեւանի կողմէ Ատրպէյճանի պահանջներուն ընթացք տալն է, այսինքն, Արցախի խլումէն ետք՝ պէտք է տալ նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը: Չմոռնանք Տաւուշի գիւղերը, վա՞ղը…:
Հուսկ, այս գրասենեակը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդին տունը, նուիրուած՝ հայ ժողովուրդին անաչառօրէն ծառայողներուն կողմէ։
Հաւատարիմ կը մնանք Արցախի, Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի բոլոր շահերու, Դատին պաշտպանութեան նպատակին եւ պիտի շարունակենք յառաջ մղել պայքարը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles