Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Անդամները

0 0
Read Time:52 Second

Մայիս 4-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները` ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեանի:

Հանդիպման ընթացքին Գ. Մանուկեան կաթողիկոսին տեղեկութիւններ տուաւ միութեան ստեղծման պատմութեան եւ ներկայ գործունէութեան մասին:

Այնուհետեւ, Գարեգին Բ. ողջունելով եւ իր օրհնութիւնը բերելով միութեան անդամ երիտասարդներուն, իր գնահատանքը յայտնեց անոնց հայրենանուէր իրագործումներուն համար: Կաթողիկոսը նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր հայորդի հայրենասիրութեամբ եւ քաջարի ոգիով պէտք է իմաստաւորէ յանուն հայրենիքի նահատակուած մեր զաւակներուն զոհաբերութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ կերտել անվտանգ, բարօր եւ յառաջընթաց հայրենիք:

Վեհափառ հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ առ Աստուած ամուր հաւատքի, արիութեան եւ միասնականութեան շնորհիւ` հայ ժողովուրդը կը կարողանայ յաղթահարել հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները: Այս առնչութեամբ հայոց հայրապետը յորդորեց երիտասարդները` ըլլալու միաբան, ամուր կառչած մնալ ազգային արժէքներու, աշխուժօրէն ներգրաւուիլ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին, ամուր պահել սէրն ու նախանձախնդրութիւնը հայրենիքի նկատմամբ, առաջնորդուիլ նախնեաց լուսաւոր օրինակով եւ չտկարանալ մեր երկրի առջեւ ծառացած դժուարութիւններու յանդիման:

Հանդիպման աւարտին հայրապետը պատասխանեց երիտասարդներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին` եկեղեցւոյ հոգեխնամ եւ ազգապահպան առաքելութեան, հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles