Ծիծեռնակաբերդէն Եռաբլուր Եւ ․․․Ոսկեպար

0 0
Read Time:3 Minute, 0 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

1965-ի, մինչեւ իսկ 2015-ի բաղդատած՝ այս տարի բոլորովին տարբեր մթնոլորտի մէջ կը յիշատակենք Ցեղասպանութեան նահատակները:

1965-ը իւրայատուկ դարձակէտ մըն էր. բիւրաւոր հայեր հաւաքուեցան՝ նշելու 1,5 միլիոն ազգակիցներու ողջակիզման յիշատակը, չմոռցան յիշել «մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը»։ Խորհրդային Միութեան բռնատիրական պայմաններուն մէջ էր որ այդ տարուան Ապրիլ 24-ին, քաջաբար եւ յանդգնութեամբ՝ հայորդիներ հաւաքուեցան եւ Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցին առթիւ, Երեւանի մէջ կազմակերպեցին զանգուածային ցոյցեր։ Մինչեւ այդ օրերը, եւ սկսեալ խորհրդային կարգերու հաստատումէն, Ցեղասպանութեան յիշատակումը դուրս ձգուած էր օրակարգէ, աւելի՛ն, թուրքին հանդէպ կծու խօսք ընդունելի չէր: Ի՜նչ զարմանք, հիմա այդ հին երգապնակը կը հնչէ ՔՊ-ականներու ձայնասփիւռներէն…: Եւ ահա, առաջին անգամ ըլլալով մայր հայրենիքին մէջ, ի հեճուկս խորհրդայիններու կամքին՝ նշուեցաւ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, որ այլապէս եկաւ նոր խթան մը դառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն։ Այդ օրերուն էր, որ վաւերացուեցաւ նահատակներուն յուշարձան կանգնեցնելու որոշումը. աշխատանքը շուտով աւարտեցաւ եւ ահաւասիկ մինչեւ օրս Ծիծեռնակաբերդի վիթխարի յուշահամալիրին մէջ կը նշուի յիշատակը նահատակներուն, որոնք սրբադասուեցան հարիւրամեակին:

Հիմա՞. տարբեր է մթնոլորտը։ Քանի մը տարիէ ի վեր, այսինքն՝ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ասդին, Ցեղասպանութեան յիշատակումը ո՛չ միայն տժգունած է, այլ մինչեւ իսկ նոյնինքն ՔՊ-ապետն ու իրեն պէս մտածողներ սկսած են հարցականներ ստեղծել պատմական ոճիրին շուրջ, սկսած են կրկնել թրքական տեսակէտներ ու մինչեւ իսկ քողարկուած կերպով կասկածի տակ կ’առնեն Ցեղասպանութեան տարողութիւնը, թոյնի կաթիլներ կը սրսկեն հանրութեան մէջ, թէ՝ այդ դժբախտութիւններուն մէջ հայերն ալ մեղքի բաժին ունին, գրգռած են թուրքերը եւ դեռ աւելին՝ հրապարակ նետուած է հիմա ալ թուրք-ազերին չբարկացնելու վարքագիծ մը: Այս առիթով, չենք նախընտրեր աւելի մտնել ազգադաւ ուրացումի այս վարքագիծին խորերը:

Միշտ ալ հոծ բազմութիւն մը իբրեւ ուխտապահ կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ եւ կը խոնարհի անմար կրակին առջեւ։ Մեծ է թիւը նաեւ միւս «յուշահամալիր»-ը այցելողներուն: Հոն, Երեւանի հարաւային մէկ բլուրին վրայ տարուէ տարի ծաւալող այդ «համալիր»-ը խիտ բնակուած է անշունչ բայց ոգեշնչող քաջերով: Կը կոչուի Եռաբլուր: Չափազանցութի՞ւն պիտի ըլլայ, եթէ պահ մը Սիամանթոյի գրիչէն ծորած տող մը գողնալով՝ նշենք, թէ «դիակները դիզուած են մինչեւ կատարը ծառերուն»։ Հին ու դառն վիշտեր, որոնք կը շարունակեն յուզել, տխրեցնել եւ յուսալքել հայորդին:

Հասկնալի է։ Այդ օր կը յիշենք ահաւորը, թէժն ու ողբերգականը։ Մեր արցունքներով ու խոր վիշտով անոնց անմահ յիշատակը կ’ոռոգենք։ Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի արցունքներուն միջեւ զուգահեռ գծելը աւելորդ է: Տարբեր ժամանակներէ ու տարբեր պայմաններէ ծնած՝ նոյն վիշտ է որ կը համակէ հայը:

Սակայն այս բոլորը թօթափել է պէտք ։ Ո՛չ թէ մոռնալ կամ ուրանալ, այլ պայքարիլ յանուն արդարութեան, հատուցման եւ հայապահպանման։ Նոյն Սիամանթոն է որ կը պատգամէ. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար…»:

Կայ ողբերգական այլ ծալք մըն ալ: Անցեալ Ապրիլ 24-ին, արցախահայութիւնը, հակառակ պաշարուած ըլլալուն, իր հողին վրայ նշեց Ցեղասպանութիւնը, հո՛ն զետեղեց ծաղկեպսակ եւ հո՛ն յուզուեցաւ։ Մինչդեռ այսօր, ան ալ կը յուզուի հեռաւոր եւ մօտիկ անցեալով, իր հողէն հեռու, երբեմն ալ… շատ հեռու։

Ծիծեռնակաբերդէն Եռաբլուր….

Արցախէն ետք, «երթ»ը կը շարունակուի դէպի Ոսկեպար, որ այսօր կիզակէտն է այլ ողբերգութեան մը։ Հո՛ն, ուր թաւ անտառին կը սպասէ սարքովի դաւ մը: Մինչ Շուշիի ազատագրումը «լեռներու հարսանիք» հռչակուած էր, հիմա ահաւոր մութ ծրագիրներ, հայրենի հողերու յուղարկաւորութի՛ւն կը պատրաստուի Հ․Հ․ իշխանաւորներուն կողմէ՝ բանաստեղծին մէկ ողբին նոր տարբերակը՝ Ոսկե«պար» ստեղծելով։

Այս ընթացքը չի կրնար շարունակուիլ: Ա՛զգը պէտք չէ թոյլ տայ, որ շարունակուի: Մայիսեան զանգերը հիմա՛ պէտք է ղօղանջեն, երբ կը նշենք Ապրիլեան նահատակներու 109-ամեակը, սրբելով արցունքը, ամոքելով յուզմունքն ու շրջելով յուսախաբութիւնը, մանաւանդ, որ այս տարի Պարոյր Սեւակի ծննդեան հարիւրամեակն է։

Նոր Սարդարապատ՝ այս անգամ Ոսկեպարի շուրջ, Ոսկեպարէ՛ն սկսեալ. սրբազան քաջեր, իրենց սերունդները ճանաչելով, խիտ փաղանգներով պիտի միանան արդար մարտին, կռուելու, պայքարելու եւ ներկայ անմիտ ու հողավաճառ ղեկավարութեան, ապազգային տրամաբանութեամբ գործող «ազգընտի՜ր» վարչապետին ըսելու.

Բայց մենք չընկանք,

Մենք միշտ կանք,

Մենք չհանգանք, դեռ կը գանք,

Երբ տան զանգը, ահազանգը,

Որ մեր հոգու պարտքը տանք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles