Շաբաթ, Մարտ 16-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան օրը, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեցաւ՝ Խաժակ արք․ Պարսամեանի ձեռամբ, ներկայութեամբ՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ուքրաինայի եւ Լեհաստանի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Մարկոս եպիսկ․ Յովհաննիսեանի, Լեհաստանի Հայոց հոգեւոր հովիւ Մինաս աբղ․ Հախվերդեանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան տարբեր երկիրներու հոգեւոր սպասաւորներու։
Լեհաստանէն, Պելճիքայէն եւ Իտալիոյ տարբեր համայնքներէն հայ ուխտաւորներ Նափոլի ժամանած էին, քաղաքի պատմական եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած Լուսաւորիչի մասունքներուն երկրպագելու եւ արարողութեան մասնակցելու։
Պատուոյ հիւրն էր Նափոլիի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ՝ Կայթանօ եպիսկ. Քասթելլօ, որ իր ողջոյնի խօսքը եւ քարոզը յղեց ներկաներուն։
Այդ հանդիսաւոր պահուն ան նախ Խաժակ սրբազանին յանձնեց վանքի նշխարներու պահոցէն դուրս բերուած՝ հայոց սուրբի բանտարկութեան երկաթեայ անուրը (շղթայի օղակը) եւ շղթաները, որոնք տեղադրուեցան եկեղեցւոյ խորանին։
Նափոլիի եպիսկոպոսը եղբայրաբար բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ Խաժակ սրբազանին ու պատուիրակութեան հաղորդեց քաղաքի առաջնորդ Տոմենիքօ արք. Պատալիայի սրտագին ողջոյնները։ Ան յիշեցուց, որ Հայոց Լուսաւորիչի յիշատակը սերտ կերպով կապուած է ո՛չ միայն իր անունը կրող վանքին, եկեղեցւոյ եւ փողոցին, այլ նաեւ քաղաքի պատմութեան հետ, քանդակուած՝ անոր 9-րդ դարու մարմարէ տօնացոյցին մէջ։
Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի՝ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին ձգած, բանտարկութեան եւ սոսկալի չարչարանքներու վկայութեան յիշատակումը Մեծ Պահքի շրջանին։
Նափոլիի եպիսկոպոսը ըսաւ․ «Սուրբ Գրիգոր, որպէս Քրիստոսի վկայ, առանց վերապահութեան իր գոյութիւնը պատշաճ դարձուց Տիրոջ խօսքերուն։ Երկար բանտարկութեան ընթացքին անոր կրած տառապանքները բացառիկ ապացոյց են, թէ ինչ կը նշանակէ հետեւիլ Տիրոջ, զոհաբերելով սեփական գոյութիւնը յանուն Քրիստոսի եւ իր եղբայրներուն: Եւ Սուրբ Գրիգորի ձգած այս ժառանգութիւնը շատ պարտաւորեցնող է։ Այս ժառանգութիւնը ստանձնուած է ուրախութեամբ բայց նաեւ վիթխարի տառապանքներով բազմաթիւ լուռ վկաներու կողմէ, ինչպէս ձեր երկրի քրիստոնեայ նահատակները, զորս հարկ է այսօր յիշել։ Սուրբ նահատակութիւն, շարունակութիւնը դեռ անցեալ դարու ցեղասպանութեան, որ կը յիշատակուի այստեղ եւս՝ եկեղեցւոյ մուտքին մօտ տեղադրուած խաչքարով»։
Ապա, Կայթանօ եպիսկ. Քասթելլօ անդրադառնալով Արցախի Սեպտեմբերեան դէպքերուն, նշեց․ «Տասնեակ հազարաւոր Հայեր, դրացի երկիրներու ծաւալապաշտական նկրտումներու պատճառով անասելի տառապանքներու ներքոյ ստիպուած եղան լքելու Լեռնային Ղարաբաղը», եւ արձանագրեց, որ այդ չափազանց քիչ ուշադրութեամբ կ՛ընկալուի հասարակական կարծիքին կողմէ, ներառեալ՝ նաեւ իտալական։ Ուստի, ան փափաքեցաւ աղօթել ներկաներու հետ յանուն աշխարհի խաղաղութեան, եւ ի մասնաւորի անոնց համար, «որոնք ներկայիս հարկադրաբար կը գտնուին Հայաստան, իրենց տուներէն հեռու՝ մեր աշխարհի խուլ լռութեան ներքոյ»։
Սրբազան Խաժակ Պարսամեան իտալերէն իր պատասխան խօսքով ողջունեց Քասթելլօ եպիսկոպոսը, վանքի մեծաւորը եւ բոլոր միանձնուհիները։ Ապա իր պատգամը հաղորդեց ներկայ հայ հաւատացեալներուն։
Յաւարտ պատարագի, վանքի բակին մէջ տեղի ունեցած սիրոյ սեղանի ընթացքին Խաժակ սրբազան միանձնուհիներու մեծաւոր Մայր Ճովաննային նուիրեց Մայր Աթոռի Աստուածածինի եւ Մանկան փայտէ սրբապատկերը։ Իսկ այս վերջինը, Խաժակ սրբազանին յանձնեց փոքր մասնատուփ՝ մէջը զետեղուած Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքի բեկորը։