ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՈՐԲԱՆՈՑԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 58 Second
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը, ուսուցիչները եւ վարդապետները

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ

Հայր Պօղոս Արիս

    1922-ի առաջին ամիսներուն Լիբանանի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի գործադիր ժողովը կը դիմէ Զմմառի Միաբանութեան մեծաւորին՝ Մինաս Ծ. Վարդապետ Տէր Մինասեանին որպէսզի Վանքին ընծայարանի յատուկ ընդարձակ շէնքը տրամադրուի Միութեան, ուր պիտի հաստատուէր «Քելէկեան» որբանոցը եւ ապաստանէին Կիլիկիայէն հասնող հարիւրաւոր  Հայ որբեր: Մերձաւոր Արեւելքի  Նպաստամատոյցը (ՄԱՆ) պիտի հոգար մինչեւ 16 տարեկան որբերուն տարեկան ծախսը, որ պիտի ըլլար ամիսը հինգ տոլար իւրաքանչիւր որբի:

   Պատասխանը կ’ըլլայ դրական խորհրդակցելէ ետք Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Տէր Յովհաննէս եպիսկ. Նազլեանի հետ: Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք եւ գործնականութեան նկատումներով որբանոցին յարմարագոյն վայրը կը նկատուի Պէյրութի Էշրէֆիէի շրջանը: Հոն կը վարձուի ընդարձակ հողաշերտով տուն մը 7 սենեակներով տարեկան  55 Եգիպտական ոսկիի:

     Հ.Բ.Ը.Միութեան գործադիր վարչութիւնը երախտապարտ զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Զմմառի միաբանութեան:  Մինչ այդ արդէն «Քելէքեան» որբանոցին տեսուչը եղած էր Մամբրէ Ծ. Վարդապետ եւ որբանոցի խնամակալութեան մէջ եղած էին ազնուական կամաւոր անձնաւորութիւններ, յատկապէս՝ Օննիկ Մազլումեան եւ տոքթ. Պ. Մելքոնեան:

    Որբանոցի  գործունէութեան ընդհանուր պատասխանատուն կ’ըլլայ Պէյրութի պատրիարքական փոխանորդ գեր. Նեսիմեան, որ ՄԱՆ-ի հետ բանակցողը կը դառնայ: Ան Զմմառու Վանքին մեծաւորին համաձայնութեամբ որբանոցին վերահսկիչ կը նշանակեն Զմմառու միաբաններէն Գաբրիէլ Ծ. Վ. Գասպարեանը: Կը մտածուի յառաջացնել որբանոցի վարչական ժողով մը ընտրելու համար որբանոցի պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները: Սակայն վարչական ժողով չի կազմուիր եւ որբանոցին հաշիւներուն եւ մատակարարման դժուարին գործը կը յանձնուի Պօղոս վարդապետ Արիսին օգնական ունենալով Խաչիկ վարդապետ Աթանասեանը:

         Որբանոցին միակ եկամուտը կ’ըլլայ ՄԱՆ-ի տրամադրած գումարները: Ոչ մէկ արտաքին նպաստ կամ բարեսիրական օժանդակութիւն կ’ըլլայ: Նիւթական անցուկ վիճակի պատճառով կարելի չըլլար որեւէ շինարարական աշխատանք տանիլ, հակառակ որ կարիքը կը զգացուի նոր շէնքի մը: Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Մելքոնեան կը դիմէ ֆրանսական զինուորական իշխանութեան եւ կ’ապահովէ տախտակեայ երեք տնակներ (պարագա), իւրաքանչիւրը 30 մեթր երկարութեամբ եւ 9 մեթր լայնքով, իւրաքանչիւրին վճարելով 75 սուրիական ոսկի: Պարագաներէն մէկը կը յատակուի տախտակամածով եւ կը գործածուի որպէս աղօթարան եւ ճաշարան: Կը մտածուի միւս «պարագա»-ներն ալ տախտակամածով յատակել, որպէսզի որբերը ապրէին նուազագոյն մաքրութեան եւ առողջապահական պայմաններու մէջ: Դարձեալ նիւթական անցուկ վիճակը արգելք կը հանդիսանայ: Ահա կը հասնի փրկարար ձեռք մը: Պէյրութ կը հասնի Զմմառի միաբաններէն Գաբրիէլ Ծ. վարդապետ  Գասպարեան, որ իմանալէ ետք «պարագա»-ներու հակա-առողջա-պահական վիճակը եւ տնօրէնութեան նիւթական դժուարութիւնները կը ստանձնէ «պարագա»-ներուն վերաշինութիւնը եւ ամբողջ ծախսերը՝ (մօտաւորապէս 1.350 սուրեական ոսկի) իր անձնական հաշիւէն: Ան կը դառնայ որբանոցին հիմնադիր բարերարը: Իսկ Առաքելական նուիրակը կը շնորհէ 150 սուրիական ոսկի: Յետագային նիւթական օժանդակութիւն կը հասնի Վատիկանէն եւ Ֆրանսական Հոգատարութենէն:

Շինուած է նաեւ երեք սենեակներէ պզտիկ շէնք մը՝ բաղնիքի, լուացարանի, եւ խոհանոցի գործածութեան համար: Սենեակներէն մէկը նորագուած է որբանոցի մայրիկներուն համար: 200 մահճակալ գնուած է եւ զետեղուած են պարագաներէն մէկուն մէջ:

     Ճպէյլի եւ Անթիլիասի որբանոցներու մէջ գտնուող 161 կաթողիկէ որբերը կը փոխադրուին Հայ կաթողիկէ որբանոց ՄԱՆ-ի հետ եղած համաձայնութեան հիման վրայ: Այս փոխադրուած որբերը կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը՝

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը եւ հոգատար վարդապետները

    Մարաշէն՝ 105 որբ, Տարսոնէն՝ 1 որբ, Էնկիւրէէն՝ 1 որբ, Գոնիայէն՝ 3 որբ, Կիւրիւնէն՝ 4 որբ, Թերզելիէն՝ 1 որբ, Ֆռնուզէն՝ 2 որբ, Սեբաստիայէն՝ 2 որբ, Կեպէ-նէն՝ 1 որբ, Մէյթանէն՝ 6 որբ, Տիգրանակերտէն՝ 2 որբ, Արաբկիրէն՝ 1 որբ, Սիսէն՝ 2 որբ, Ատանայէն՝ 6 որբ, Գասապայէն՝ 1 որբ, Ֆնտճաքէն՝ 1 որբ, Կեսարիայէն՝ 3 որբ, Էյպէզէն՝ 7 որբ, Մալաթիայէն՝ 2 որբ, Այնթապէն՝ 1 որբ, Կեմերեկէն՝ 3 որբ, Պանտրմայէն՝ 1 որբ, Սեւերեկէն՝ 1 որբ, Մարտինէն՝ 1 որբ, Եդեսիայէն՝ 2 որբ, Կա-րինէն՝ 1 որբ: Որբերուն տարիքը կը տարուբերի 5-16-ի  միջեւ:

    Այս որբերուն մեծամասնութիւնը եղած են թրքախօս, եկեղեցական եւ քրիստոնէական դաստիարակութենէ ու ընդհանուր կրթութենէ զուրկ:

    Որբանոցին պատասխանատուները որբանոցէն ներս մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են քրիստոնէական, կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութեան, երաժշտութեան, երգեցողութեան, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան:

    Որբանոցը գործած է նաեւ որպէս դպրոց: Նախ կազմակերպուած են տարբեր մակարդակի դասարաններ: Եղած է որ մէկ դասարանի մէջ զետեղուած են տարբեր մակարդակի աշակերտներ: Սակայն այս բոլոր դժուարութիւնները լուծուած են եւ որբանոցը եղած է հայ որբերուն հայ դպրոցը:  Շրջան մը ետք դասարանները եղած են  համաձայն հայերէն լեզուի գիրքերուն մակարդակին: 1923-ին հետեւեալ բաժանմունքները գործած են որբանոց-դպրոցէն ներս.- մանկապարտէզ՝ 10 տղայ, օշական Ա. դասարան՝ 2 տղայ, լուսաբեր այբբենարան դասարան՝ 6 տղայ, լուսաբեր Ա. դասարան՝ 11 տղայ, լուսաբեր Բ. Դասարան ՝ 5 տղայ, մայրենի լեզու Ա. դասարան՝ 43 տղայ, մայրենի լեզու Բ. Դասարան ՝ 21 տղայ, մայրենի լեզու Գ. դասարան՝ 14 տղայ, մեղրագէտ Ա. դասարան՝ 2 տղայ, մեղրագէտ Բ. դասարան՝ 7 տղայ, մեղրագէտ Գ. դասարան՝ 1 տղայ, մեղրագէտ Ե. դասարան՝ 10 տղայ, միջին թանգարան դասարան՝ 9 տղայ, բարձրագոյն գանձարան դասարան՝ 1 տղայ:

     Գիրքեր ապսպրուած են Պոլիսէն: «Պարագա»-ները որ գործածուած են որպէս ննջարաններ, օրուայ ընթացքին վերածուած են դասարաններու: Նախնական շրջանին ճաշարանը սեղաններ չէ ունեցած: Տղաքը տախտակամածին վրայ նստած ճաշած են:

     Կրթական ուսումնական ծրագիրը ընդգրկած է՝ Հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները, թուաբանութիւն, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, իրագիտութիւն, որոնք պարտաւորիչ եղած են, իսկ արաբերէն եւ անգլերէն լեզուները՝ ոչ պարտաւորիչ:

Պոլիսէն փոխադրուած որբերը 1924-ին

  Մեծ կարեւորութիւն տրուած է արհեստագիտութեան: Մեծ թիւով որբ տղաք ուղղուած են տարբեր-տարբեր արհեստանոցներ, ինչպէս՝ հացագործութիւն, ջուլհակութիւն, սանտրաշինութիւն, կօշկակարութիւն, դերձակութիւն, փայտագործութիւն, երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն: Այն տղաքը որոնք ար-հեստանոցներ յաճախած են, անոնց համար տրուած են գիշերային յատուկ դասընթացքներ որբանոցէն ներս:

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եղած է առաջնահերթութիւն: Որբերը ամէն օր մասնակցած են սուրբ պատարագին: Ամէն կիրակի անոնք ստացած են սուրբ հաղորդութիւն: Որբանոցը ունեցած է տղոցմէ կազմուած երգչախումբ, որ եկեղեցական պաշտօնական արարողութիւններուն բերած է իր մասնակցութիւնը:

   Որբերուն առողջական վիճակը ընդհանրապէս եղած է գոհացուցիչ: Սակայն 94 որբ ունեցած են աչքի կոպի հատիկաբորբ-դրագոմա (trachoma)  հիւանդութիւնը, որ դարմանուած է կատարելապէս շնորհիւ փորձառու հիւանդապահուհիի մը ծառայութեան:  Որբանոցը ունեցած է այցելու բժիշկ մը, որ շաբաթը երկու անգամ այցելելով մեծապէս օգտակար եղած է որբերուն առողջութեան բարելաւման: Մալարիան եղած է ուշագրաւ երեւոյթ այդ օրերուն: Որբերէն շատերը վարակուած են մալարիայէն, բայց ոչ մէկը մահացած է այս հիւանդութենէն: Որբանոցը ունեցած է մէկ մահ՝ 10 տարեկան մանչուկ մը որ վարակուած է փայծաղի յառաջացած հիւանդութենէ:

   Սնունդը եղած է բաւարար եւ գոհացուցիչ: Որբերը ունեցած են բաւարար սննդական մատակարարում:  Ամէն առաւօտ որպէս նախաճաշ տրուած է թէյ, կաթ, պանիր, պտուղ: Շաբաթը չորս անգամ հրամցուած է միս: Ամէն օր կէսօրին տրուած է տաք կերակուր, իսկ իրիկունները՝ չոր եւ թեթեւ ուտելիքներ: Ուտեստեղէնի պաշար պահուած է՝ ոսպ, սիսեռ, ձաւար, իւղ, ինչպէս նաեւ փայտ եւ ածուխ:

    Որբանոցը ունեցած է մաքուր օդ եւ մաքուր ջուր:

    Որբանոցէն ներս բացուած է կօշկակարութեան գործարան մը:

    1924-ին Պոլիսէն կը բերուին Պոլսոյ Օրթագիւղի Հայ կաթողիկէ որբանոցի 25 որբերը:

    Որբանոցը գործած է մինչեւ 1928: Շատ մը որբեր յանձնուած են իրենց ազգական հարազատներուն: Որոշ թիւով որբեր ղրկուած են ֆրանսայի եւ Երուսաղէմի բարեսիրական կրթական հաստատութիւններ, իսկ արհեստանոցներու մէջ յաջողակ որբերը ազատ արձակուած են եւ սկսած են աշխատիլ զանազան գործարաններու մէջ

    Պօղոս Արիսի որբերէն եղած է աներս՝ Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեան: Շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ գտայ անոր ինքնակենսագրութեան մէջ: Ան նախ եղած է Ճպէյլի տղոց որբանոցի 1392րդ որբը: Հոն մնացած է երկու տարի: Պետրոս կը փոխադրուի Հայր Պօղոս Արիսի Էշրէֆիէի որբանոցը 1922-ին, որովհետեւ իր անունին քով արձանագրուած է Հայ կաթողիկէ ըլլալը: Հոս Պետրոսին որբանոցին թիւը կ’ըլլայ 323: Պետրոս այս որբանոցին մէջ կը մնայ 4 տարի մինչեւ 1926:

Պետրոս իր ջութակին հետ, Երուսաղէմ, 1926

    Ըստ Պետրոս Պտղունիի՝

     – Որբանոցը կը դառնայ ուսումնական կեդրոնի մը: Հոն կը դասաւանդեն անուանի հայ ուսուցիչներ: Աշակերտներուն կը փոխանցուի հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզու, լեզուի տաղաչափութիւն, բարձրագոյն թուաբանութիւն, երգեցողութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն: Որբանոցը կ’ունենայ տղոց երգչախումբ, որուն խմբավարը կ’ըլլայ Կոմիտասի աշակերտներէն Յարութիւն Կիւլեսէրեան եւ ետքը Հայաստանցի երաժիշտ պրն. Վարդան (մականունը անծանօթ): Երգչախումբը կը ներկայանայ հանրութեան քառաձայն երգացանկով, յատկապէս Կոմիտասեան երգերով: Հայր Արիս տեսնելով կարգ մը որբ աշակերտներուն ունեցած երաժշտական ձիռքերը կ’ուղղէ զանոնք ջութակի եւ մանտոլինի դասընթացքներու: Ան ջութակ մը կը գնէ եւ կը տրամադրէ Պետրոս Պտղունիին որպէսզի հետեւի ջութակի դասերու:

   – Հայր Արիսի որբանոցին մէջ որբերը կը սնանին շատ լաւ: Անոնց կը տրամադրուի մաքուր հագուստ եւ կը տրուի բժշկական խնամք: Որբերը իրենց դասերու կողքին կ’ունենան կարճ եւ երկար գիւղագնացութիւններ: Որբանոցէն ներս կը կազմակերպուի սկաուտական առողջ կեանք: 1925-ին Պետրոս կը մասնակցի ամառնային մէկ ամսուայ բանակում գիւղագնակցութեան: Սկաուտական խումբը կ’այցելէ Լիբանանի լեռնային շրջաններու շատ մը գիւղերը, օրինակ՝ Զահլէ, Ռայաք, Պաալպէք եւ Սաննին:  1926-ի ամրան Հայր Արիս խումբ մը որբերով կ’ուղղուի դէպի Երուսաղէմ: Կ’այցելեն Բէթլեհեմ, Թիպերիայի ծովափը, Նազարէթ եւ ուրիշ սրբավայրեր: Ուխտագնացութիւն մըն է որ կը կատարեն, որ կը տեւէ մէկ ամիս: Երուսաղէմի մէջ կ’այցելեն Սրբ. Յակոբ հայկական վանքը եւ անոր թանգարանն ու մատենադարանը:

    – Սկաուտական կեանքը որբանոցէն ներս եղած է շատ աշխուժ: Կատարած են բանակումներ, ուր երգած են հայերէն սկաուտական երգեր եւ հայրենասիրական ու ազգային երգեր:

   – Որբերէն շատերը հայր Արիսի ցուցմունքներով որոշ գործարաններու մէջ սորված են զանազան արհեստներ եւ դարձած են վարպետ արհեստաւորներ: Հայր Արիս շարունակ եղած է որբերուն քաջալերող եւ հոգատար հայր մը:

  – Հայր Արիս նոյնիսկ որբերէն մի քանին ղրկած է Երուսաղէմ հոն ուսանելու: Անոնք գացած են Երուսաղէմի Ֆրանսական Ռաթիսպոն արհեստավարժական դպրոցը, ուր հետեւած են ելեքտրական արհեստի, գործնական եւ տեսական դասերու կողքին ոնեցած են նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներու դասընթացքներ ինչպէս նաեւ երաժշտութիւն:

  – Երուսաղէմ ղրկուած որբերէն եղած է ինք՝ Պետրոս Մէյվալեանը: Ռաթիսպոն արհեստավարժարանին մէջ ան ուսանած է ելեկտրական արհեստի բաժնին մէջ: Ելեկտրական գործնական եւ տեսական դասերու կողքին օրինաւոր ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ուսում ստացած է հոն։ Հետեւած է նաեւ ջութակ նուագելու դասընթացքներու: Մինչեւ 1928 Պետրոս կը տիրանայ ելեկտրական նախնական եւ գործնական գիտելիքներու:

     Պետրոսին հօրը Հալէպէն ուղղարկած յաջորդական նամակները եւ անոնց ցնցիչ պարունակութիւնը կը ստիպեն, որ ան  օգնութեան փութայ հօրը: Պէյրութ կը վերադառնայ եւ դարձեալ Հայ Պօղոս Արիսի յանձնարարական նամակով մը ուղղուած Հալէպի իր եղբօր՝ երկրաչափ Ալպէր Արիսի՝ Պետրոս պաշտօնի կը կանչուի Հալէպի ելետրական ընկերութեան ներքին գիծերու սարքաւորման բաժնին մէջ: Պետրոս Պտղունի կը գործէ այս ընկերութեան մէջ մինչեւ 1975:

Աղբիւրներ՝

1.Փիլաւճեան, Սօսէ, Արխիւային տեղեկութիւններ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ  Կաթողիկէ որբանոցին մասին, Ազդակ բացառիկ, 2010.

  1. Մէյվալեան-Պտղունի, Պետրոս, Ինքնակենսագրութիւն եւ Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, անձնական տեղեկութիւններ փոխանցուած բժիշկ  Կարպիս Հարպոյեանին, 1985, Պէյրութ.
  2. Naslian, Jean, Mgr., Evequede Trebizonde, Les m՛emoires sur les e՛ve՛nements poli-tico-religieux en Proche-Orient de 1914-1928, Beyrouth, 1955..

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles