ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Լսա՞ծ էք, որ մարդիկ չուզեն յարգել երեթեւեկի կանոնները։
Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ եթէ չյարգենք, կրնանք արկածի մը պատճառ դառնալ եւ վտանգել ուրիշին կամ մեր սեփական կեանքը։ Եւ ի հարկէ նաեւ կրնանք… յիմարի տեղ դրուիլ։
Կը յարգենք, որովհետեւ կանոնները դրուած են պատկան մարմինի մը կողմէ։
Կը յարգենք, որովհետեւ առանց այդ կանոններուն կարելի չէ ապահով երթեւեկել։
Կը յարգենք, որովհետեւ կը տուգանուինք, եթէ չյարգենք այդ կանոնները։ Այսքան պարզ է խնդիրը՝ գրուած կանոններու պարագային։
Կան նաեւ չգրուած կանոններ։ Այո՛, երթեւեկի չգրուած կանոններէն են քաղաքավարութիւնը, ուրիշին հանդէպ յարգանքը, ուրիշին ճամբայ տալու վեհանձնութիւնը եւ այլն։
Բայց միայն երթեւեկը չէ, որ իր կանոնները ունի։
Մեր կեանքի շատ ոլորտներ ու մարզեր այդպէս սահմանուած են գրուած ու չգրուած կանոններով։ Մենք սակայն յաճախ տրամադրուած ենք չյարգելու զանոնք, չենթարկուելու անոնց, խուսափելու անոնցմէ՝ թաքուն շահ մը կամ առաւելութիւն մը ձեռք ձգելու մտադրութեամբ, նոյնիսկ սեփական կամքը ցուցադրելու համար՝ առանց երբէք անդրադառնալու, որ այդ ընելով՝ մենք հաւաքականութիւնը կը զրկենք շահերէ կամ առաւելութիւններէ, զորս պիտի վայելէինք մենք եւս իբր մասնիկը այդ հաւաքականութեան։
Այդպիսի պարագաներ են, օրինակ, պետական օրինաւոր հարկերէ խուսափումը, անաշխատ վարձատրութիւն ստանալը, կեղծ վկայականներ ձեռք ձգելը եւ այլն, եւ այլն։
Հակաօրինական մեր կեցուածքները կը փորձենք պատրուակել կամ արդարացնել «մարդկային» իրաւունքներու հիման վրայ «սեփական կարծիք» ունենալու յաւակնութեամբ եւ տարբեր պատճառաբանութիւններով։
Յօդուածիս նպատակը, սակայն, այս հարցերու արծարծումը չէ, այլ անոնց զուգահեռը ընելն է մեր ինքնութեան պահպանման երեւոյթին հետ։
Այո՛, հայ ըլլալն ալ իր կանոններն ունի, ունենալու է։
Գիտեմ՝ ինչ կրնան ըլլալ գալիք առարկութիւնները։ Անոնց ակնարկեմ ըսելիքս ըսելէ առաջ։
– Հայ ըլլալը կանոն չի կրնար ունենալ։
– Ո՞վ իրաւունք ունի նման կանոններ դնելու։
– Ամէն հայ, որ հայ եմ կ՚ըսէ՝ հայ է։
– Սապէս կեցուածք ունեցողը հայ կ՚ըլլայ, հակառակ կեցուածքը՝ ո՞չ։
– Հայ ըլլալու տարբեր ձեւեր կան։
– Եւ այլն…
Այսպէս մտածողները յաճախ անուանի մարդիկ են, մտաւորականներ, որոնք արուեստական կը նկատեն ամեն կաշկանդում, սահմանում, պարագայացում։
Սակայն… սակայն կա՛ն, այո՛, կա՛ն գործօններ, որոնց անտեսումը շատ ալ տարբեր չէ կամ չի կրնար ըլլալ երթեւեկի կանոններու անտեսումէն, որուն հետեւանքը կ՚ըլլայ քաոս։ Այժմէն աւելցնեմ նաեւ, որ ինքնութեան գործօններու անտեսումը յաճախ կրնայ ըլլալ ակամայ կամ անգիտակցական, բայց չի դադրիր բացասական ըլլալէ, բացասական հետեւանքներ ունենալէ։ Այդ գործօնները ազգային պետութեան մը մէջ օրէնք ներով կը սահմանուին, բայց ոչ միայն պետական օրէնքներով, այլեւ աւանդաբար, մանաւանդ պատ մութեան աւանդներով, մեր պարագային՝ վերապրու մի առհաւութեամբ։
Նշեմ այդ գործօններէն գլխաւորները.
– Սեփական հողի վրայ ապրիլը։
– Սեփական հողի պաշտպանութեան պատրաստ ըլլալը։
– Սփիւռքի մէջ՝ հայութեան մէջ եւ հայօրէն ապրիլը։
– Հայ կեանքին մասնակից ըլլալը։
– Հայերէն խօսիլը, կարդալը, գրելը։
– Հայ լեզուին ու մշակոյթին զարգացման նպաստելը։
– Հայութեան արժանապատւութիւնը բարձր պահելը։
– Հայութեան, հայկականութեան դեսպան հանդիսանալը։
– Հայ ընտանիք կազմելը։
– Զաւակը հայ մեծցնելը։
Այս բոլորին մասին յաճախ արտայայտուած եմ, անհրաժեշտ չէ անոնց կարեւորութիւնը անգամ մը եւս շեշտելը։ Կ՚ուզեմ, սակայն, անդրադառնալ վերջին կէտին, որուն մասին շատ անգամ տարակարծիք եմ եղած ինծի շատ սիրելի ընկերներու, բարեկամներու հետ։
Զարմանալի ու անընդունելի եմ գտած, որ իրենց հայութեան անքակտելիօրէն փարած մարդիկ, երբ հարցը իրենց զաւակներուն է հասած, նոյնքան նա40 Դրօշակ Մարտ 2024 խանձախնդիր չեն ուզած ըլլալ այս տեսակէտէն, – «այդքան հայ ըլլալու պէտք չունին», «այդքան լաւ հայերէն գիտնալու պէտք չունին», «այդքան յանձնառու ըլլալու պէտք չունին» եւ նման մտքերով անոնք հակադրուած են ինծի։
Անոնք իրենց զաւակները չեն ղրկած հայկական վար ժարան, – ամենօրեայ վարժարան, ուր որ այդ կարելիութիւնը կայ,- կամ կանուխէն հանած են անկէ՝ օտար վարժարանը գերադաս նկատելով, զանոնք հեռու պահած են ազգային միւս հաստատութիւններէն՝ եկեղեցիէն, ակումբէն, կուսակցութիւններէն եւ միութիւններէն, մամուլէն, չեն մտահոգուած, երբ իրենց զաւակներն ու թոռները դարձած են ոչ հայախօս։
Իրաւամբ հարց պէտք չէ՞ տալ նմաններուն, թէ իրե՛նք ինչո՞ւ հայ կը մնան, հայութեան կապուած կը մնան,- աննպատակութեա՞մբ, սովորամոլութեա՞մբ, ճա կատա գրապաշտութեա՞մբ, ուրիշ բան ըլլալու անկարողութեա՞մբ, թէ՞ ինչ։
Հայ ըլլալը նպատակ է ինքնին։
Հայ ըլլալը մարտահրաւէ՛ր է նաեւ։
Հայ ըլլալը հպարտութիւն է մանաւանդ։
Բայց վերջին հաշուով ի՞նչ իմաստ ունի մեր հայ ըլլալը, եթէ այդ նպատակը, այդ մարտահրաւէրն ու այդ հպարտութիւնը չյաջողինք մեր յաջորդներուն փոխանցել։ Փոխանցել մեր պատմութեամբ, մեր լեզուով ու մշակոյթով, մանաւանդ մեր դատով։
Թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի։
Իսկ փոխանցել կարենալու համար մենք ալ երթեւեկի մե՛ր կանոնները պէտք է ունենանք ու յարգենք..