Էրտողանի Նահանջը

0 0
Read Time:2 Minute, 46 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Քաղաքական մեկնաբաններ ու դէտեր կը նկատէին, որ Թուրքիոյ Սուլթանամէտ ղեկավարը ժողովրդականութեան անկում ունեցած է, հետեւաբար, կը նախատեսէին որ քուէներու նուազում պիտի ունենայ: Կիրակի, 31 Մարտին, Թուրքիոյ շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուին, թէ ան ո՛չ միայն հող կորսնցուցած է, այլեւ՝ «տարածքներ»։ Աւելի՛ն, մեծագոյն քաղաքներն ու տնտեսական կարեւորութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ (Պոլիս, Անգարա, Իզմիր, Անթալիա եւ Պուրսա), ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը (CHP) տարած է շռնդալի յաղթանակ։
Հիմա, մեկնաբանները միաբերան կ’ըսեն, որ Էրտողանի պարտութիւնը անկիւնադարձային է։ Արդարեւ, 21 տարի շարունակ երկրին ղեկը ամուր բռնած Էրտողան, որ անշուշտ ժողովրդականութիւն կը վայելէր, քուէներու մեծ տարբերութեամբ տեղի տուաւ։ Անոր դիմաց կը մնայ երկու ճամբայ. դարձեալ դիմել սադրանքներու եւ պետական իր «ձեռքերը» օգտագործելով՝ նոր հալածամնքներ շղթայազերծել ընդդիմադիրներու դէմ, փորձել շրջել սեղանը, կամ ալ իյնալ ստեղծուած ալիքին ազդեցութեան տակ եւ փնտռել քաղաքական բեմէն ելքի դուռը: Իսկ թէ արտաքին ուժերը, մասնաւորաբար դաշնակից-բարեկամները ի՞նչ վերաբերում պիտի ցուցաբերեն, այդ ալ ուրիշ խնդիր: Առայժմ նկատելի է, որ շատեր կը համարեն, թէ Էրտողան տակաւին կը մնայ երկրին տէրն ու տիրականը…
Քուէներու տարբերութիւնը աւելի քան մէկ միլիոն է։ Պոլսոյ քաղաքապետ եւ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան կեդրոնական դէմքերէն՝ Էքրէմ Իմամօղլու, որ անցեալին ալ երկու անգամ չնչին տարբերութեամբ կրցած էր յաղթական դուրս գալ, այս անգամ դիւրութեամբ եւ առանց լուրջ մրցակցութեան հասած է յաղթանակի ժամանման գիծ, գոլորշիի մէջ ձգելով Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան (AKP) թեկնածու Մուրատ Քուրումը, որուն համար երազային գումարներ մսխուեցան լսատեսողական քարոզարշաւներու մէջ։
Էրտողանի կուսակցութեան պարտութիւնը յայտնապէս ողբերգական է. իր վիթխարի, լայնատարած ու զեխ պալատին մօտակայքը՝ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, արդէն իսկ քաղաքապետի պաշտօնին վրայ գտնուող Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Մանսուր Եաւաշը այս անգամ ապահովեց քուէներուն մօտաւորապէս վաթսուն առ հարիւրը, որ գրեթէ կրկնապատիկն է «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան թեկնածու Թուրկիւթ Ալթընոքին շահած քուէներուն։
Բազմաթիւ մանրամասնութիւններ գումարուելով, հասցուցին այժմու պատկերին: Պէտք չունինք թուելու բոլորը, սակայն կ’արժէ վեր առնել քանի մը կէտ:
Առաջին հերթին, քաղաքական գետնի վրայ, Էրտողան Կազայի գծով առերեւոյթ յանդուգն յայտարարութիւններ կատարած էր ի նպաստ պաղեստինցի ժողովուրդին, անշուշտ միշտ ալ «տակից» կապերը պահելով Իսրայէլի հետ: Միաժամանակ Ուքրայինայի հարցին գծով, հակառակ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, Մոսկուայի հետ անոր հետեւողական գործակցութիւնը խոր դժգոհութիւն յառաջացուցած էր։ Իսկ թէ այդ գործակցութիւնը ի՞նչ աչքով կը դիտուի Ռուսիոյ արտադրութեանց կարիքը ունեցող արեւմուտքցիներուն կողմէ, այլ հարց, որովհետեւ հոն կայ «կոյրեր»-ու բանակ մը, որ չ’ուզեր տեսնել նա՛եւ ահաբեկիչներ հովանաւորող Էրտողանը…
Երկրորդ, ու աւելի՛ ազդեցիկը՝ տնտեսական քաոսային վիճակը շատ աւելի բան ըսած է տեղացիին։ Սղաճը անհամեմատօրէն բարձրանացած է, յատկապէս ազդելով թոշակաւոր խաւին վրայ, որ, բաղդատած նախանցեալ տարիներուն, կորսնցուցած է հաւատքն ու յարգանքը էրտողանեան ղեկավարութեան վրայ։ Երկրաշարժէն վնասուած շրջաններն ալ, սպասուածին նման, քուարկած են ի նպաստ Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան, իսկ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը (HDP), որուն ղեկավարը՝ Սալահէտտին Տեմիրթաշ բանտարկուած կը մնայ, իր կարգին հարաւ-արեւելեան Անատոլուի տասը շրջաններու մէջ յաղթանակ ապահովեց։
Հայորդիին համար, այս յեղաշրջումները, ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան։ Մանկամտութիւն պիտի ըլլայ արտաքին յարաբերական բեմահարթակին վրայ փոփոխութիւններ սպասելը։ Անցեալ տասնամեակները ցոյց տուած են, որ Թուրքիոյ վարքագիծը, մեր դիտանկիւնէն՝ համաթուրանականութիւնը, անփոփոխ մնացած է, անկախ անկէ, թէ ղեկին գլուխը նստողը կը կոչուի Էճեւի՞տ, Տեմիրէ՞լ, Էօզա՞լ, թէ՞ Կիւլ կամ ուրիշը (…առանց մոռնալու Աթաթուրքն ու Իթթիհատականները):
Փաստօրէն, Թուրքիոյ ներքին բեմի հարցերէն տարբեր է հայ-թրքական յարաբերութիւններու թղթածրարը, որուն մէջ նոյնքան դեր ունի Հայաստանը, սկսելով իշխանութենէն:
Նմանօրինակ յեղաշրջման կարիքն ունի նաեւ Հայաստանը, մենք՝ հայերս։ Մեր պարագային, սղաճի կամ արտաքին ընթացիկ քաղաքականութեան հարց չէ, այլ՝ «լինել-չլինելու», մանաւանդ հիմա, երբ դանակը կտրած է ոսկորներ եւ հասած է ողնասիւն, Արցախէն ետք, Հայաստանն ալ կը կորսնցնենք պատառ-պատառ, Երեւանի իշխնաւորներուն հլու կամակատարութեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
50 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
50 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles