ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՂԻՇԷ ԾԱՅՐ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

Կիրակի, Ապրիլ 14-ին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխականները ոգեկոչեցին հանգուցեալ Գերպ. Տ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեանը, վախճանման քառասունքին առիթով։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, ներկաները հաւաքուեցան «Ճաֆարեան« սրահին մէջ։ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, ներկաներուն հաղորդեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիկոպոս Դանիէլեանի ցաւակցութեան եւ օրհնութեան խօսքը։ Այլ պարտականութիւններու պատճառով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը չէր կրցած անձամբ ներկայ ըլլալ եւ նախագահել հանդիսութեան։

Տէր Հայրը նշեց, թէ ներկաներուն մեծամասնութիւնը շատ երիտասարդ էր կամ ծուխին նորանդամակցած՝ Հայր Եղիշէն ճանչցած ըլլալու համար։ Նախկին հովիւներէն մէկուն այս ոգեկոչումը կարեւոր քայլ մըն էր պահպանելու համար ծուխի պատմութիւնը, որ իր 53-ամեայ պատմութեան մէջ եօթը հովիւներ ունեցած է։ Այնուհետեւ կարդաց Հայր Եղիշէի կենսագրականը եւ յիշեց զինք իբրեւ հմուտ եւ նոյն ատեն զուարթախոհ անձնաւորութիւն մը, որուն գրաբարի դասերը վայելած էր «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին մէջ, նախ քան Անթիլիաս մեկնումը քահանայական դասերուն հետեւելու համար։

Յակոբ Սրկ. Հատտատ նաեւ վերյիշեց Հայր Եղիշէի գրաբար դասերը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նոյն տասնամեակին։ Աւետիս Սրկ. Կառաւանեան եւ տոքթ. Ճոն Սրկ. Սարեան իրենց սրտալից տուրքը մատուցեցին հանգուցեալ վարդապետի յիշատակին։

Փետրուար 21-ին վախճած Հայր Եղիշէն 1997-2003ին ծառայած էր Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմին մէջ եւ 2000-2003-ին վարած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles