ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 10 Second

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան Մայիս 1918-ի պատմական  իրագործման օրերուն, Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը ընտրեց քաղաքական ուղի մը, որուն նպատակն է Հայաստանը հպատակ դարձնել մեր թշնամիներուն, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ հայրենիքի քանդումին, եթէ այս վարչակարգը շարունակէ իշխանութեան վրայ մնալ։

Տաւուշի մարզին մէջ չորս գիւղեր յանձնելու փաշինեանական ծրագիրը, որ պիտի կատարուի Մայիս 15-ին, պատճառ պիտի հանդիսանայ շրջանի բնակիչներուն հեռացման եւ պիտի մղէ ամբողջ հայութիւնը՝ պայքարելու եւ դէմ դնելու Փաշինեանի վարչակարգին վտանգաւոր եւ ոչնչացման քաղաքականութեան՝ վստահութեան զերօ քուէի արձանագրմամբ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ դրօշակակիրն է ազատագրական պայքարին, կը հետապնդէ «անհատական ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերային ներդաշնակութեան եւ տնտեսական բարեկեցութեան իրագործումները, որպէսզի ապահովուի հայրենի պետութեան եւ անոր բնակիչներուն անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ մնայուն զարգացումը»։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ հայրենի պետութիւնը «անսակարկելի արժէք» մըն է եւ այս պատճառով ալ Հ․Յ․Դ․ կը գործէ ի խնդիր հայրենի պետութեան պաշտպանութեան եւ զարգացման։

Հարցադրումի տակ են Հայաստանի արժանապատուութիւնը, ապահովութիւնն ու գոյութիւնը։ Հայորդին ունի ուժն ու կարողութիւնը՝ Փաշինեանի վարչակարգը տապալելու, որպէսզի կանխուին յաւելեալ վնասներ։ Այսօրուան դիմադրութեան նպատակն է ստեղծել համաժողովրդային շարժում մը, փրկելու համար հայրենիքը։ Շարժում մը, որուն գաղափարախօսութիւնը խարսխուած ըլլայ Մայիս 1918-ի ոգիին ու խորհուրդին վրայ։

Մենք կը կանգնինք Հայաստանի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կողքին, կասեցնելու համար 15 Մայիսին մեր հողերուն յանձնումը՝ ցեղասպանական ոճիրներ գործած Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին։ Մենք նաեւ զօրավիգ կը կանգնինք Փաշինեանի վարչակարգը տապալելու եւ ազգային ղեկավարութեան մը իշխանութեան հասցնելու բոլոր ճիգերուն։

Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէ

Մայիս 6, 2024

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles