ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՊՈՒՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 33 Second

Վեհանոյշ Թեքեան
Ապրիլ 24, 2024

Մարախլապատ, բազմագոռգոռ,
Գաղտագողի կամ բացայայտ
Երկիր մը կայ առանց բոցի բոցավառուող
Երկինքը կը ճգնի չիյնալ։
Ի՜նչ կեցեր էք կոկոզավիզ, հայորդինե՛ր,
Յաւերժ խնճոյք, նոր ծրագիր,
Երկինքը փուլ կու գայ, ո՞ւր էք,
Մեր պուճուրցած երկրի գլխուն։
Խոժոռ դէմքեր
Կ՚ուզեն խրել մեր երկիրը, տունն ու տեղը
մշակոյթն ու նոր սերունդը, աւանդութիւնն ու կրօնքը,
խունկն ու խինդը, խայծը, ֆոլքլորը
Երախին մէջ գարշահագագ թշնամիին։
Խոստմնադրուժ ու դաւադիր,
փուչիկ խօսքեր, փափուկ կեղծիք,
աջէն ձախէն սպառնալիք ու հրահանգ
բանտարկութիւն առանց դատի
ծեծ ու խոշտանգ՝
բարիք սփռած նուիրեալին, երկիր պահած առաքեալին։
Գիւղացի եւ քաղաքացի՝ բիրտ ու բռնի
արցունք սրտով ու հրկիզուն աչքերով
պապենական տուն լքեցին։
Ստեղծուած էր Սոդոմ-Քոմո՛ր։
Իսկ պետերը
խարխափեցին ու վախցան,
մեղադրեցին, անճրկեցան,
առին-դրին, առին-դրին

Արեւելք գացին, Արեւմուտք գացին
Եւ ա՛հա՛ փրկութեան լաստը գտան՝
Խաղաղութի՜ւն, անմահութեան երաշխի՛ք.
Ան կու տայ բոյր՝ յոյսի յոյսին վաղվաղակի,
սուտ ու փուտ է, փուճ է, գոյժ է, բայց լուծում է,
հիմա այլեւս անո՛ր պահն է,
զօրքի պէս է, կը պաշտպանէ։
Այո, կարելի է թունաւորուիլ, սակայն
բնաջնջուելու հեռանկարէն
հեռու կը պահէ։
Անյուսալի կարճատեսնե՛ր
Ճիւաղը ճիւա՛ղ է։
Խաժամուժ է, իրարանցում
Ջահեր կը մարին, գահեր կը ճեղքուին,
«Թագաւորը մերկ է» կ՚ըսուի ամէն կողմէ,
գիտակցող չկա՜յ։
Լրտեսութեան ոստայն՝ ցայտք է կատաղութեան,
Տեսնող կայ՝ գծող չկայ
Բանի շոգին կայ՝ գրողը չկայ
Դաւադրութիւնը կայ, դիւանագէտը չկայ։
Խաղաղապուրի այս տեսակը
միայն վերջերս հանրայայտ դարձաւ։
Կնքահայր ալ ունի, խաչեղբայր, արջեղբայր
Քաւոր քաւարան, աչքը բաց բու, սեւ կկու,
Հաջո՛ղ կատու, իժ ու պօա, յովազ ալ կայ
Գիրուկ խոզուկ՝ պոչը վկայ.
Ոչ սրի՜նգ կայ, ոչ հովի՛ւ։
Խաղաղութիւնը մէկ հոգիով չի շինուիր
«Խաղաղութիւն մե՛նք ալ կ՚ուզենք» կ՚ըսեն հարեւանները,
բայց ճաշակելու համար խաղաղապուրը
նախ մեր հո՛ղը, ունեցուածքը, մեր հոգի՛ն կը պահանջեն։

Խոհարարապետը գլխուն հաւաքեր է
օթեակի խորհրդականները։
Կաթսան հսկայ է
սակայն կէսը պիտի լեցուի։
բնակիչներէն՝ ընտանիքով, փութով
գացեր են, գացի՜ն, եւ պիտի երթան ուրիշ երկիրներ։
Կաթսան բացօթեայ, կափարիչ չունի –
կարիճներ կու գան
կապիկներ ճկուն կը մագլցին ծառերէն,
աւանակներ ականջները փակած՝ հանգիստ կ՚ընեն,
ոչխարները սարսափեր են
հապա՞ եթէ իրենց միսն ալ անհրաժեշտ ըլլայ,
արծիւները՝ աս մեր գիտցած տեղը չէ՛, ըսեր հեռացեր են.
գրեթէ մարդ չէ մնացեր ապուր սպասող։
Շերեփ չկայ, երկար-երկար լեզուներ կան
յատկապէս խառնշտկելու պատրաստուած,
անոնք վարպետօրէն պիտի խառնեն կաթսան։
Լեզուի այն տեսակն է
Որ չ՚այրիր չի հալիր չի փրթիր,
չեչոտ քարի պէս կարծր է,
խճաքարի պէս խորտուբորտ։
Բաղադրութի՞ւնը, պարզ է –
Միսը Թուրքիայէն պիտի գայ
Ոսկորը Ատրպէյճանէն
Համեմը Պարսկաստանը կու տայ
Աղը ֆրանսան
Ջուրը՝ Վրաստանէն
մէկ խօսքով՝ հարեւանները կ՚օգնեն։
Եռալէն ետք՝ անպայման մէկ ապուրի դգալ
կոկորդիլոսի արցունք աւելցնելու է,
ուրի՜շ համ կու տայ

խելքդ գլուխէդ կ՚երթայ,
եթէ մատ մնացեր է՝ մատներդ հետը կ՚ուտես։
«Այդ խաղաղապուրը համտեսելու համար
մեր գիւղե՜րն ալ կու տանք
հիւղակներն ու ապարանքները
հիւանդանոցներն ու դահլիճները
վարժարաններն ու եկեղեցիները,
անցքե՜րն ալ կու տանք
երկի՜՜՜րն ալ կու տանք…
մեր պապերուն ձեռակերտը ՝ աչքերնիս գո՛ց կու տանք,
մեր ժողովուրդի ոճրագործներուն առջեւ
խոնարհաբար ծունկի կու գանք՝
մէկուկէս միլիոն նահատակներուն
անուննե՜րն ալ կը ցանկագրենք։
Այլեւս խռֆած ենք, ի՛նչ կ՚ուզէք՝ կ՚ընենք,
Օր ցերեկով ժողովուրդը հայ
զազրելի զնտանի մէջ կը բանտարկենք»։
Խոհարարապետը խժռուն դարձեալ կը պնդէ
եթէ նորահնար խաղաղապուրը չպարտադրէ
մէ՛կ օրուայ մէջ ազգը անդիի աշխարհ կ՚երթայ։
Այո, ասանկ բաներ պատահած են առաջ,
մինչեւ վերջե՛րս ալ գործադրուած են։ Վախնալու ենք, կ՚ըսէ։
Նոյնիսկ եթէ միս տան նեխած
փտած ոսկոր
համեմի տեղ պէս-պէս պղպեղ
աղի փոխան խճաքարեր,
Այս տեսակը խաղաղապուրի՝ կը ծակծկէ
ու կը ծածկէ ամէ՛ն խաղ։
Անհեթեթը այն է, որ խաղաղութեան ապուրը
Թունաւոր է, ճաշացուցակին մէջ չկա՛յ։
Պայթուցիկ խաղաղութիւն մը , որ քրքիջով անլսելի

Խաղերուն վրայ աղ ու պղպեղ ցանելէ ետք
պիտի պայթի ու անհետի. Սադայելեա՛ն ծրագիր ունի։
«Երկիրը տո՛ւր, խաղաղութիւնը ա՛ռ.
կրնաս անկար դառնալ, բայց մենք խօսք տուի՜նք
Ձեր վախը փարատեցի՜նք»։
Ալ գլուխնի՜ս դարձաւ «խաչմերուկ»ին վրայ տնտնալէն.
Մեր պապենական հողին վրայ շինած ապուրը ձեր՝
առէ՜ք գացէք,
ձեր գիտցած քարտէսներն ալ անոր մէջ եփեցէք։
Թող մեր մինուճար երկիրը, մեր միտքն ու սիրտը
առանց խաղի ու խաբկանքի՝ այլեւս քիչ մը խաղաղի՜ն,
Մեր ջիղերը հանդարտի՜ն։
Թարմ ապուրը ձեզի՛, անխարդախը՝ մեզի։
Տեղեակ չէք հարկաւ, թէ ունէինք նախահայրեր սրբազան
Որոնք խեթ-խեթ կը նային ձեզի։
Մինչ ցած ձայնով կը յուշեն մեզի՝ թէ անյապաղ
Հայ եւ օտար վհուկները, բոլո՛րը մէկ, բոլո՜րը մէկ
Ապուրին մէջ հալի՜ն պիտի։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles