ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԴԷՄ ԱՐԴԱՐԱՑԻ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second

Ա.Ա.

Կիրքերը բորբորքած են, որովհետեւ կայ ընդհանուր համոզում եւ տպաւորութիւն, թէ Տաւուշի մէջ կատարուած սահմանազատումը եւ սահմանագծումը միակողմանի զիջում է։ Չորս  գիւղերու հատուածին մէջ սահմազատման եւ սահմանագծման հապճէպ աշխատանքը մեծ հարցականներ գծեց Երեւանի իշխանութիւններուն հետապնդած իսկական նպատակներուն շուրջ եւ համաժողովրդային բողոքի ալիք մը բարձրացուց՝ ձեռնարկուած քայլերուն դէմ։ Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, թէ սահմանազատման եւ սահմանագծման նմանաձեւ աշխատանք կատարուած է սպիպողաբար՝ ենթարկուելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն բանեցուցած ճնշումներուն։

Միակողմանի զիջումը ազգային ապահովութեան համակարգին հիմերը կը խախտէ եւ կը վտանգէ հայրենիքն ու անոր սահմանները՝ բնակչութիւնը դնելով թշնամիին պահանջները գործադրող իշխանութիւններուն դէմ պայքարելու եւ զանոնք մերժելու հարկադրանքին տակ։ Ազգային ընդհանուր շահերու երաշխաւորման հաւասարակշռուած քաղաքականութեան բացակայութեան, հապճէպ եւ ոչ մտածուած քայլերը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին վտանգներուն թափ կու տան՝ իշխանութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը խախտելով։ Հայաստանի այսօրուան իրավիճակը այնքան լարուած է, որ մարդիկ սկսած են իրենք զիրենք զգալ անտէր եւ անտիրական։Այս զգացումը առաւելաբար տիրական է սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, որոնք իրենց աշխարհագրական դիրքին պատճառով պէտք է, որ վերածուէին ամուր դարպասներու, ոչ թէ պաշտպանական համակարգէ եւ զարգացման ծրագիրներէ զուրկ՝ թշնամիին կամայականութիւններուն հետ առանձինն եւ լքուած՝ անտէր շրջաններուն, ուր թշնամիին կրակին տակ կ՛առնուին ազգային ապահովական իմաստով ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող ճամբաներ, մայրուղիներ եւ տարբեր ենթակառոյցներ։ Տաւուշ – Ղազախ շրջանին մէջ կատարուած հապճէպ սահմանազատումն ու սահմանագծումը եկան մտավախութիւնները առաւել հիմնաւորելու, թէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հայկական կողմը կամակատար է, իսկ ատրպէյճանական կողմը՝ որոշող եւ պարտադրող։

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութիւնները եկան մտահոգիչ հարցականներ գծելու սահմանազատման եւ սահմանագծման այս անհարկի եւ արագ հոլովոյթին շուրջ, որ զուրկ է իրաւական ըլլալէ, որովհետեւ յատուկ կանոնակարգի բացակայութեան կատարուեցաւ։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածները պիտի նկարագրուին մինչեւ Մայիս 15 ստորագրուելիք համաձայնութեան մէջ, ապա անոնք պիտի համարուին վերջնականապէս սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածներ։Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ, յղում կատարելով արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, նկատել տալով,որ չորս  գիւղերու հատուածին մէջ կատարուած սահմանազատումը նախնական է, մինչեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին ամբողջական աւարտը։ Հարցին առնչակից երկու նախարարութիւններ տարբեր բնութագրումներ կատարելով՝ հանրային կարծիքը առաւել շփոթի մատնեցին։ Փորձագէտներ եւ ընդդիմադիրներ տեղին հարցադրում մը կատարեցին, թէ եթէ մէկ նախարարութիւն կը յայտարարէ, որ ընթացք առած է սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը, այլ նախարարութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ յայտարարել, որ հոլովոյթը նախնական է։ Այսինքն կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ։Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ Ատրպէյճան, առաջնորդուելով իր շահերէն, կրնայ վկայակոչել Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը եւ պնդել, որ Հայաստան սահմանազատում չի կատարեր։

Աւելի՛ն։ Յստակ չէ, թէ հայկական կողմը ինչու չներկայացուց իր պատճառաբանութիւնները եւ չպարտադրեց, որ Տաւուշի չորս  գիւղերուն հատուածին մէջ կատարուած սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքին զուգահեռ նոյնանման աշխատանքներ կատարուին Բերքաբերի, Ջերմուկի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն տարածքներուն մէջ, որպէսզի հայկական ինքնիշխան տարածքներու գրաւման վերջ տրուի եւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքով ամրագրուի վերոյիշեալ տարածքներուն հայկական պատկանելիութիւնը։

Այս բոլորին լոյսին տակ անվերապահօրէն պէտք է նշել, որ տաւուշցիներուն եւ առհասարակ Հայաստանի տարածքին իրազէկ եւ յանձնառու քաղաքացիներուն բողոքի քայլերը արդարօրէն պատճառաբանուած ու տեղին են։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles