«ՀՕՄ-ը Չի Վհատիր, ՀՕՄ-ուհին Յուսահատութիւն Չի Ճանչնար». Կը Յայտնէ ՀՕՄ–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանին Հետ

0 0
Read Time:7 Minute, 2 Second

 

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած «Ազդակ»-ին (Լիբանան, Հարցազրոյցը վարեց` Նորա Բարսեղեան) կողմէ, ՀՕՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանին հետ:

Հ․- Հոկտեմբերի կէսերուն Հայաստանի մէջ համախմբուեցան ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներ` Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովի ընթացքին քննարկելու կատարուածը եւ ծրագրելու կատարուելիքը: Այս ժողովը կայացաւ հայութեան համար բաւական դժուար եւ որոշ յուսալքութեամբ լեցուն ժամանակաշրջանին, բայց եւ այնպէս, ժողովին յաջորդող օրերուն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը ցոլային յոյսի նշոյլներ, որոնց այսօր ազգը կարիք ունի աւելի քան երբեք: Խնդրեմ` նախ խօսիք այս ժողովի ընդհանուր մթնոլորտին եւ անոր ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն մասին:

 

Պ․- Ճիշդ է` ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ հայութեան համար բաւական ծանր պայմաններու մէջ, մանաւանդ որ, պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ընկերուհիները: Խառն զգացումներով մտիկ ըրինք անոնց սրտաճմլիկ պատմութիւնները, Արցախի ՀՕՄ-ի ատենապետուհիին ձայնը տակաւին կը հնչէ ականջիս մէջ, երբ ան ըսաւ. «Անցեալին Տէր Զօրը` այսօր Բերձորը…», եւ այս նախադասութիւնը լսելով` ժողովասրահին մէջ չմնաց մէկը, որուն աչքերը չարցունքոտեցան:

Անշուշտ ժողովին կեդրոնացումը եղան Արցախն ու բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը, որոնք հարիւր հազարէ աւելի կը գտնուին Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ մարզերու մէջ:

Հակառակ յուզմունքի եւ զայրոյթի զգացումներուն` մէկ իրականութիւն յստակ էր մեր բոլորին, որ ՀՕՄ-ը չի վհատիր, եւ ՀՕՄ-ուհին յուսահատութիւն չի ճանչնար:

Շարունակեցինք մեր ժողովները առաւել վճռակամութեամբ, որոշումներ տուինք անմիջական օժանդակութեան ծրագրաւորումներով, տեղւոյն վրայ իսկ արցախահայութեան համար հանգանակութիւն կատարեցինք, եւ գոյացաւ մօտաւորապէս 500.000 ամերիկեան տոլար:

Անդրադարձանք մեր բոլոր մնայուն ծրագիրներուն` ըլլան անոնք կազմակերպչական, յարաբերական, նիւթական, կրթական, առողջապահական եւ քարոզչական: Լուսարձակի տակ առինք մեր բոլորին սրտին խօսող եւ պարծանք բերող ծրագիրներէն Ախուրեանի մօր ու մանկան առողջապահութեան կեդրոնն ու ծննդատունը: Մեծ հպարտութեամբ ըսեմ, որ հիմնուած օրէն` 1997-էն մինչեւ այսօր, 20.000-է աւելի ծնունդ արձանագրուած է այդ կեդրոնին մէջ: Այստեղ մէջբերում մը կատարելով` յայտնեմ, որ ծննդատունը իր դռները բացաւ նաեւ բոլոր արցախահայ ծնունդ ակնկալող կիներուն դիմաց, եւ մենք` ՀՕՄ-ուհիներս, ծննդատուն տուած մեր այցելութեան ընթացքին բախտը ունեցանք հանդիպելու արցախահայ առաջին նորածինին` մանչ զաւակ մը, զոր անուանած էին Աւետ, որովհետեւ փրկուած էին թշնամիին ճանկերէն: Նկատի ունենալով այս կեդրոնին կարեւորութիւնը, ժողովը լուրջ կերպով արծարծեց կարելիութիւնը` ընդարձակելու անոր տարածքը, նաեւ որոշում տրուեցաւ ուսումնասիրելու կարելիութիւնը` նախաձեռնելու նոյնանման կեդրոնի մը կառուցման Հայաստանի հարաւը:

Հ․- Ժողովին յաջորդող փուլին եւ մինչեւ օրս տակաւին արցախահայութեան նուիրուած դրամահաւաքը կը շարունակուի ՀՕՄ-ի գործունէութիւն ծաւալած տարբեր շրջաններու մէջ: Այսօր արդեօք գետնի վրայ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի իրենց հարազատ հողը կորսնցուցած արցախահայ մեր քոյր-եղբայրներուն շատ դժուար վիճակի գէթ որոշ չափով բաւելաւման համար, մանաւանդ որ ազգովին կը գիտակցինք, թէ որքա՜ն ծով կարիքներու դէմ յանդիման կանգնած է այսօր իր տունէն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը: Լրատուական տարբեր ծառայութիւններէ կ՛իմանանք, որ ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղը աշխուժ կերպով կը գործէ այս ուղղութեամբ, խնդրեմ` մանրամասնէք:

Պ․- Շնորհիւ աշխարհասփիւռ, 27 երկիրներու մէջ գործող ՀՕՄ-ի միաւորներուն եւ մեր առատաձեռն բարերարներուն` արցախահայութեան օժանդակութեան մեր դրամահաւաքը երբեք չէ դադրած եւ կը շարունակուի:

Առաջին հերթին` մեր գլխաւոր նպատակն էր շտապ օգնութիւն հասցնել` ապահովելով սննդեղէն, հագուստ, անկողին, ծածկոցներ, մաքրութեան իրեր եւ, այս բոլորին կողքին, բնակարան: Համահայկականի ժողովէն առաջ իսկ արդեն ՀՕՄ-ի ընկերուհիները համախմբուած, լծուած էին այս աշխատանքին: Իրապէս մեծապէս գնահատելի է:

Հայաստանի ՀՕՄ-ի միաւորի ընկերուհիներուն բացառիկ նուիրումն ու ժրաջան աշխատանքը, որովհետեւ անոնք ոչ միայն կարողացան կազմակերպել 73-րդ Համահայկական ժողովը, այլ նաեւ` շուտափոյթ օժանդակութիւն հասցնել բռնի տեղահանուած արցախահայութեան: Անոնց միանալով ՀԵՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ կամաւոր երիտասարդական ուժեր` մինչեւ օրս յաջողեցան հասցնել մօտաւորապէս 7000 արկղեր` իւրաքանչուր արկղ 100 տոլար արժողութեամբ, որ կը նշանակէ, թէ ՀՕՄ-ը օգնութիւն հասցուցած է աւելի քան 30.000 հայորդիներու:

Ասոր զուգահեռ, տրամադրուեցան նաեւ խոհանոցային պիտոյքներ բոլոր անոնց, որոնք դիմեցին Հայաստանի ՀՕՄ-ի գրասենեակ:

Այստեղ հարկ է նաեւ յիշել սքանչելի նուիրումը ՀՕՄ-ի մեր բարեկամներուն, որոնք բնակարաններ ունին Հայաստանի մէջ, զանոնք տրամադրեցին արցախահայ անտուն ընտանիքներուն, նոյնիսկ ժողովի ընթացքին ՀՕՄ-ական մը տեղւոյն վրայ սիրայօժար իր բնակարանը դրաւ բռնի տեղահանուած արցախահայ ընտանիքի մը տրամադրութեան տակ:

Հ․- ՀՕՄ-ը Արցախի մէջ իր գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ վերջին վայրկեան, չյուսահատեցաւ, իր ծրագիրներուն մէջ ընկրկում չարձանագրեց, այլ օգնեց` կարիքներուն եւ պայմաններուն համաձայն: Այսօր արդէն փակ են ՀՕՄ-ի մեծաթիւ մանկապարտէզները, որոնք մնացին Արցախի մէջ: Ցաւալի, բայց իրաւ: Որքա՞ն ծանր է ասիկա ՀՕՄ-ին համար, իսկ միութեան Արցախի միաւորը ի՞նչ ճակատագիր ունի այսօր, պիտի շարունակէ՞ գործել, ինչպէ՞ս:

Պ․- ՀՕՄ-ին համար մեծ ցաւ է կորսնցնել իր պանծալի ձեռքբերումներէն մին, այս պարագային` «Սօսէ» մանկապարտէզները. այս ցանցին սկիզբը 1998 թուականն է` Ստեփանակերտի մէջ հաստատուած առաջին մանկապարտէզով. իսկ 20 տարի ետք թիւը հասաւ 12-ի` շնորհիւ ՀՕՄ-ի միաւորներու նուիրատուութեան եւ բարերարներու հովանաւորութեան: Այսօր բոլորը մնացին թշնամիին ձեռքը:

Բայց եւ այնպէս, ինչպէս նշեցի, ՀՕՄ-ը չի գիտեր վհատիլ, ուստի անմիջապէս որոշում տրուեցաւ, որ ուսումնասիրենք կարելիութիւնը` ստեղծելու «Սօսէ» մանկապարտէզներու դրութիւնը Հայաստանի մէջ:

Այսօր Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու 8000 փոքրիկներ Հայաստանի մէջ կը գտնուին: Այս պիտի ըլլայ մեր երկարաժամկէտ ծրագիրներէն մէկը, որ ոչ միայն մանկապատէզ կամ մանկամսուր ստեղծել կը միտի, այլ նաեւ աշխատանքի առիթ ստեղծել մեր բռնագաղթուած արցախահայ ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն:

Հ․- Հայրենիքէն եւ Արցախէն բացի` ՀՕՄ-ը ներկայ ու դերակատար է սփիւռքի մէջ, յատկապէս` այն գաղութներուն, որոնք տարբեր տագնապներ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացան տնտեսական տագնապէն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մեծապէս տուժած լիբանանահայութիւնն ու երկրաշարժի արհաւիրքը ապրած սուրիահայութիւնը: Հիմնական ի՞նչ ուղղութիւններով գործունէութիւն ծաւալեց վարչութիւնը նախորդին եւ այսօր ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունի այս գաղութներուն վերաբերող:

Պ․- ՀՕՄ-ի իւրաքանչիւր միաւոր մէկ մասնիկն է ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին, նոյնը նաեւ` մեր գաղութները, որոնց կը ծառայեն: Այսօր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր միաւորները կը շարունակեն դիմագրաւել տագնապալից իրավիճակ` իրենց գաղութներուն մէջ: Սուրիան եւ Լիբանանը մաս կը կազմեն ՀՕՄ-ի անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն: Ինչպէս նախորդին ՀՕՄ-ը նեցուկ կանգնեցաւ` բարոյապէս եւ նիւթապէս սատարելով տեղւոյն ծրագիրներու իրագործման, նոյնը պիտի շարունակուի, եւ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի զոյգ գաղութներու բոլոր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներուն, օրինակ` «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը Սուրիոյ պարագային եւ «Պնակ մը կերակուր» ծրագիրը Լիբանանի պարագային` տաք ուտելիք տրամադրելով տնտեսական եւ ընկերային ծանր կացութեան մէջ եղող մեր ընտանիքներուն:

Ունինք նաեւ զոյգ գաղութներուն վերաբերող «Ամանորի ծրագիր»-ը, որով նուէրներ եւ յատկացումներ կը կատարուին լիբանանահայ եւ սուրրիահայ երեխաներուն: Ուրախ եմ ըսելու, որ ՀՕՄ-ը որոշում տուաւ նիւթապէս օժանդակելու Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» Կազդուրման կայանի վերանորոգութեան: Առաւել, արժեւորելով արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ պատրաստելու կարեւորութիւնը, տարեկան յատկացումով` նիւթապէս պիտի սատարէ Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին:

Հ․- ՄԱԿ-ի մէջ եւս ՀՕՄ-ը ունի հասանելիութիւն, ներկայութիւն է եւ կրնայ որոշ գործունէութիւն ծաւալել. կարելի՞ է տեղեկութիւններ տալ:

Պ․- 1970-ական թուականներէն ի վեր ՀՕՄ-ը աշխուժ եղած է ՄԱԿ-ի մէջ: Միութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ կը գործէ 2 գլխաւոր յանձնախումբերու հետ` մէկը ECOSOC (Economic and Social Council), որուն շարքերուն միացած է 28 մայիս1998-ին, եւ միւսը Department of Public Information (DPI). կը մասնակցինք զանազան յանձնաժողովներու, ինչպէս` Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Commission on the Status of Women (CSW) եւ  առողջապահութեան` UN Health: Այս յանձնախումբերուն միջոցով կը մասնակցինք ՄԱԿ-ի կազմակերպած ժողովներուն` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի մէջ, ուր կը բարձրացնենք եւ կը հետապնդենք հայ ժողովուրդը յուզող հարցերն ու մտահոգութիւնները: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ՀՕՄ-ի կայքէջը www.ars1910.org:

Դժբախտաբար «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած համաշխարհային համաճարակը վերջին 4 տարիներուն արգելք հանդիսացաւ խորհրդաժողովներուն, որոնք կա՛մ չեղեալ համարուեցան եւ կա՛մ առցանց տեղի ունեցան. նոյն այդ պատճառով ալ կարելի չեղաւ ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի վարժողական ծրագիրը իրագործել:

Նորակազմ Կեդրոնական վարչութիւնը կեանքի կոչեց ՄԱԿ-ի յանձնախումբը, որ մօտ օրէն վերստին պիտի սկսին իրենց ծրագրաւորումներուն:

 Հ․- Երբ կ՛ըսենք ՀՕՄ, մեր մտապատկերին վրայ կը պարզուին մեր մեծ մայրերէն սկսած նուիրեալ կամաւորները` մինչեւ այսօրուան մեր առաքեալի դեր կատարող ընկերուհիները: Ինչի՞ մէջ կը կայանայ այս միութեան անդուլ ու անվհատ աշխատանքին գաղտնիքը: Այս առիթով նաեւ, խնդրեմ ձեր խօսքը ուղղէք աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայ երիտասարդներուն` ՀՕՄ-ի մասին եւ իբրեւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:

Պ․- Գթութիւն, նուիրում, կամաւոր աշխատանք եւ ազգանուէր ծառայութիւն… ՀՕՄ-ի մշտադալար առաքելութիւնը…

113 տարիներէ աւելի պատմութիւն ունեցող Հայ օգնութեան միութիւնը` ծնած իր ժողովուրդի կարիքներէն, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ դարեր եւս իր ազգանուէր ծառայութիւնը իր ժողովուրդին ու հայրենիքին` շնորհիւ կամաւորներու իր փաղանգին:

Խօսքս ուղղելով մեր սիրելի հայ երիտասարդութեան` կ՛ըսեմ իրենց, որ այսօր կը գտնուինք լուրջ գոյատեւման պայքարի դէմ յանդիման, դո՛ւք էք մեր ապագայ յոյսը եւ հայ ազգին գանձերը, ձեզի կը վստահինք մեր հայ ազգի հարուստ ժառանգութիւնն ու պատմութիւնը: Հայրենասիրութեամբ պահպանեցէք զայն եւ միշտ յիշեցէք, որ ձեր ներդրումը` ըլլայ անիկա մեծ թէ փոքր, պիտի կերտէ մեր սփիւռքի գաղութներու ու Հայաստանի համայն հայութեան ապագան` ստեղծելով անխափան կապեր, միասնականութիւն` ի շահ մեր ազգի բարգաւաճման:

Ձեր կամաւոր աշխատանքը ու ազգանուէր ծառայութիւնը պարտաւորութենէ աւելի է, անիկա պատիւ է, որ կը զօրացնէ մեր հայրենիքը ու կը պահպանէ մեր ինքնութիւնը:

Ինչպէս մեր նախնիները վստահեցան մեզի, այսօր ես եւս կու գամ ըսելու, որ ՀՕՄ-ը հաւատք ունի ձեզի հանդէպ` իբրեւ մեր հայ ազգի ապագայի ճարտարագետներն ու մեր անցեալի ժառանգութեան պահապանները: Եկէք` միասնաբար հայ դպրութեան ջահը պահենք մշտավառ` միշտ մնալով հաւատարիմ մեր կարգախօսին` «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles