Ռուստամ Ռազա (Նափոլէոնի Հայ Թիկնապահը)

0 0
Read Time:4 Minute, 9 Second

Արմենակ Եղիայեան

Բուն անունով՝ Ռոստոմ Յովնանի Խաչատուրեան:

Ծնած է Թիֆլիս, 1782-ին, շուշեցի հայ վաճառականի ընտանիքի մէջ:

Ռոստոմ 11 տարեկան էր, երբ հայրը, գործը ընդարձակելու նպատակով,  երկու մեծ որդիներուն հետ  կը մեկնի Թիֆլիս՝ Ղարաբաղի մէջ  ձգելով կինը, երկու աղջիկներն ու Ռոստոմը: Գործերը յաջող ընթացք ունենալնուն՝ տարի մը ետք ան քովը կը կանչէ ընտանիքին մնացեալ անդամները: Ճամբան թաթարներ կ’առեւանգեն Ռոստոմը, որ այնուհետեւ ձեռքէ-ձեռք կը վաճառուի եօթը անգամ՝ ի վերջոյ յայտնուելու  համար Պոլսոյ ապարանքներէն մէկուն մէջ:

1797-ին  նոր տէրը   կը նուիրէ զայն  եգիպտոսի կառավարիչին՝ իբրեւ անոր մամլուքը[1] (مملوك): Այս վերջինի մահով՝ զայն ձեռք կ’անցընէ ինչ-որ շեյխ էլ-Պաքրի մը, որ իր կարգին 1799-ին զայն, գեղեցիկ ձիու մը հետ,  կը նուիրէ Եգիպտոսը տարի մը առաջ նուաճած  Նափոլէոն Պոնափարթին:

Այն օրէն ետք եւ ամբողջ 16 տարի Ռոստոմ  շուքի մը պէս պիտի հետեւի իր նոր տիրոջը ու անձնուիրաբար  պիտի  ծառայէ անոր՝ մինչեւ այս վերջինին  Էլպա կղզի  աքսորը՝ 1814-ին:

*   *   *

Նափոլէոն արտասովոր համակրանք  եւ վստահութիւն  կը տածէ Ռոստոմի հանդէպ, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր հաւատարիմ  արբանեակը  կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն մէջ:

Փարիզ վերադարձին՝ իր հետ կը բերէ զայն եւ կը նշանակէ իր առաջին թիկնապահը ի շարս այլոց: Կը թոյլատրէ, որ հանդիսաւոր առիթներու ան կրէ իր եգիպտական տարազը (տեսնել նկարը), ինչպէս նաեւ անոր կը յատկացնէ իր յարկաբաժնին  նրբանցքին մէջ  մահճակալ մը, ուրկէ Ռոստոմ անխափան կրնար հսկել տիրոջ ապահովութեան վրայ:  Նուազագոյն վտանգի մը շշուկներուն ի լուր՝ ան չէր վարաներ մահճակալը փոխադրելու Նափոլէոնի ննջասենեակի սեմին, որպէսզի դաւադիրները նախ եւ առաջ զի՛նք դիմակայէին՝ տիրոջը հասնելէ առաջ:

Նափոլէոն այս բոլորին տեղեակ էր, կը նկատէր այս բոլորը եւ  ըստ այնմ ալ կը գնահատէր զայն թէ՛ իր յատուկ վերաբերումով,  թէ՛այլազան նուէրներով:

Ան գիտէր, որ պատերազմի ամենաթէժ պահերուն իր կողքին ունէր Ռոստոմը, որ արթուն կը հսկէր իր ապահովութեան վրայ, ինչպէս եւ կերուխումի պահերուն, ուր մէկ առ մէկ կը քննէր Նափոլէոնի իւրաքանչիւր պնակը, գաւաթը, ուտելիքն ու խմիչքը՝ առաջինը  ի՛նք համտեսելով ու ապա դնելով զանոնք տիրոջ տրամադրութեան տակ:

Ռոստոմ մասնակցեցաւ Նափոլէոնի բոլոր պատերազմներուն անխտիր՝ միշտ յիշելով իր ծագումն ու ազգութիւնը եւ յաջողեցաւ օգտագործել իր վարկը մէյ մը Իտալիոյ  մէջ, երբ Նափոլէոն փակել կու տար բոլոր իտալական վանքերը, սակայն կը խնայէր Մխիթարեաններու  Սուրբ Ղազարին՝ յատուկ հրամանագիրով մը   «գիտական ակադեմիա» հռչակելով զայն, որուն ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար: Ան իր ազգային պարտականութիւնը կատարեց նաեւ Մոսկուայի արշաւանքի  առթիւ. երբ  Նափոլէոն  այստեղ հրամայեց այրել ամբողջ քաղաքը, ապա  Ռոստոմի միջնորդութեամբ խնայուեցաւ Հայոց թաղամասին, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. Նափոլէոն  պահակներ կարգեց անոր, որպէսզի կանխուի ամէն վտանգ:

*   *   *

Մոսկուայի անյաջող արշաւանքէն ետք, երբ Եւրոպական միացեալ բանակները արշաւեցին Ֆրանսա՝ պատժելու համար Նափոլէոնը, ան թակարդուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Fontainebleau ապարանքին մէջ, ուր եւ որոշեց անձնասպան ըլլալ. առ այս՝  հարկ եղած զէնքը խնդրեց  Ռոստոմէն, որ, ոչ միայն չհայթայթեց զայն, այլեւ փախուստ տուաւ  դէպի Փարիզ, ու ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Տուրտան գաւառակը:

Տասնվեց տարուան մէջ առաջին անգամ  ըլլալով Ռոստոմ կը լքէր իր տէրը այն մտավախութեամբ, որ յաղթական տէրութիւնները կրնային զինք տիրասպանութեամբ ամբաստանել:

Նափոլէոն  ձերբակալուեցաւ ու 1814-ին աքսորուեցաւ իտալական Էլպա կղզին, ուրկէ 300 օր ետք փախուստին ու վերադարձին Փարիզ՝ ան այլեւս չուզեց  տեսնել Ռոստոմը:

Չուշացաւ նափոլէոնի վերջնական աքսորը, Վաթերլոյի պարտութենէն ետք 1815-ին՝  դէպի Սուրբ Հեղինէ կղզին, ուր Ռոստոմ նմանապէս չընկերացաւ անոր, այլ հարց թէ նման  արտօնութիւն մը կրնա՞ր ունենալ:

*   *    *

Շուրջ տասը տարուան նստակեաց կեանքէ մը ետք Ռոստոմ, հաւանաբար 1826-ին,   այցելեց Թեհրան, ասկէ Թիֆլիս, ուր  ան ընդունուեցաւ  Կովկասի ռուս կառավարիչ Երմոլովի կողմէ: Իբրեւ ջոկատի հրամանատար մասնակցեցաւ ռուս-պարսկական պատերազմին եւ Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք՝ 1828-ին,  հաստտաուեցաւ հայրենի Շուշի քաղաքին մէջ, ուր մնաց երկու տարի: Որմէ ետք վերադեարձաւ Փարիզ՝  ընտանիքին  քով:

Ռոստոմ վերջին անգամ հանդիպեցաւ  Նափոլէոնին 1840-ին, երբ անոր աճիւնները Ֆրանսա բերուեցան ու տեղի ունեցաւ  պատշաճ յուղարկաւորութիւնը: Ան գլխահակ մասնակցեցաւ  թափօրին՝ քալելով առաջին շարքէն:

Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստտաուեցաւ Տուրտան, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն 1845-ին:

Մահէն կարճ ժամանակ առաջ ան գրեց իր յուշերը՝ «Նափոլէոն Ա.-ի մամլուք

Ռուստամի յուշերը», որոնք հրատարակուեցան 1866-ին եւ այնուհետեւ   թարգմանուեցան բազմաթիւ լեզուներու, ինչպէս անգլերէնի, իտալերէնի, ռուսերէնի, վրացերէնի ու հայերէնի:

Ռոստոմի պատկերը գծած են բազմազթիւ նկարիչներ, եւ բազմաթիւ գրագէտներ ակնարկած են անոր գործունէութեան, ինչպէս Պալզաք, Ստենդալ, Տոլստոյ, Դոստոեւսկի եւ ուրիշներ:

Անոր շիրիմը կանգուն կը մնայ Տուրտանի մէջ՝ արժանանալով պատշաճ գուրգուրանքի ու յիշատակութ-եան: Իսկ տան մուտքին  զետեղած են ցուցանակ մը:

Անձնական կեանքը

Նափոլէոն,  անձնապէս շահագրգռուած ըլլլաով Ռոստոմի   բարօրութեամբ,  խրախուսած էր զայն,  որ  ամուսնանայ իր կնոջը՝ Joséphine Beauharnais-ի մէկ մերձաւորին հետ, որ կը կոչուէր Douville. այդպէս ալ ըրաւ: Ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ 1806-ին.  բոլոր ծախսերը ստանձնեց նափոլէոն ինքը:

Ռոստոմ ունեցաւ մանչ մը եւ աղջիկ մը: Մանչը հետագային դարձաւ ֆրանսայի լիազօր ներկայացուցիչը Թունուզի մէջ: Ունեցած է Edmond Rosdam անունը կրող թոռ մըն ալ, որուն ճակատագիրը անյայտ է. ոմանք, ինչպէս Wikipedia-ն, այս Ռոստամը կը շփոթեն ֆրանսացի համբաւաւոր թատերագիր Edmond Rostand-ով՝ Cyrano de Bergerac-ի հեղինակով, ինչ-որ մեծ թիւրիմացութիւն է եւ  ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ:

Ան պետական որեւէ հատուցումի չարժանացաւ նոր իշխանութեան կողմէ, փոխարէնը  օրուան թագաւորը՝  Louis Philippe, անոր կնոջը  վստահեցաւ քաղաքի թղթատարական ծառայութեան տնօրէնութիւնը, որ իրենց պարգեւեց տնտեսական համեստ ինքնաբաւութիւն մը:

 

armenag@gmail.com

 

[1] Բառացի կը նշանակէ  սեփականութիւն: Զինուորական դաս Հին Եգիպտոսի մէջ, որ կը բաղկանար քրիստոնեաներէ   խլուած ու իբրեւ իսլամ  կրթուած ու մարզուած զինուոներէ եւ անոնց սերունդ-ներէն: Համազօրն է թրքական «ենիչերի»-ներուն:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles