ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՄԱՐ ՆԱԹՕ-Ի ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 0 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

«Կարգ մը մարդիկ կրնաք ամէ՛ն ատեն խաբել, ու բոլոր մարդիկը՝ որոշ ժամանակ մը, բայց դուք չէք կրնար բոլոր մարդիկը բոլոր ժամանակներուն խաբել»:

Ապրահամ Լինքըլն (Ա․Մ․Ն․ 16-րդ նախագահ, 1809-1865)

Հեւքոտ աշխատանքի լծուած է ՆԱԹՕ-ն, կիզակէտ ունենալով Կովկասեան բարձրաւանդակը։  Ունի լծակիցներ, առաջին հերթին՝ Եւրոպական միւթիւնը:

Բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ անձնաւորութիւններ աննախընթացօրէն յաճախակի դարձուցած են տարածաշրջան այցելութիւնները: Խորապատկերը կը կազմեն Ուքրայինայի ներկայ վիճակն ու նորագոյն զարգացումները, զուգահեռաբար՝ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:

Նորագոյն փութացողն էր ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Ենս Սթոլթընպերկ, որ հանդիպումներ ունեցաւ  Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ։  Ան եկած էր պարտադրելու ՆԱԹՕ-ի ճամբու քարտէսը՝ Կովկասի այս շրջանին համար, եւ խանդավառ գնորդներ գտաւ գրեթէ ամէն տեղ:

Ակադեմական ուսումնասիրութիւններ կատարելու պէտք չկայ, ո՛չ ալ քննական մտածողութեան կարիք կայ, տեսնելու ու հասկնալու թէ Սթոլթընպերկ եւ ուրիշներ ի՞նչ ծրագիրներ կը հետապնդեն մեր հայրենիքին շուրջ։  Պարզ ու յստակ է. ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը  կ’ըսէ, կը կրկնէ ու կը պահանջէ՛, որ Հայաստան պէտք է հեռաւորութիւն ստեղծէ Ռուսիոյ հետ, զուգահեռաբար՝ յառաջ երթայ Հայաստանի մերձեցումը Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ին հետ։  Իսկ Հայաստանի իշխանապետը, չորս-բոլորը գտնուող երկիրներուն վարիչները մանուկ սեպելով, հաւաստիք կու տայ, թէ Արեւմուտքին հետ Հայաստանի մերձեցման քայլերը (իմանալ նաեւ՝ Ռուսիոյ հետ իրողական թշնամութիւնը) որեւէ մէկուն դէմ չէ: Եւ այդ «մանուկներ»-ուն շարքին է… հարաւի սահմանակից Իրանը:

Պաքուի մէջ, Սթոլթընպերկի յայտարարութիւնները վտանգաւոր էին եւ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանան։

Տարաշածրջանէն ներս խաղաղութիւն քարոզելով՝ Սթոլթընպերկ հմտօրէն օգտագործեց իր քաղաքականութեան հարթակի վերլուծումները եւ իր խօսակիցները ծուղակը ձգելով, կրցաւ յաւելեալ հաստատ երաշխիքներ ստանալ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարել, թէ երկար տարիներու հակամարտութենէ եւ պատերազմներէ ետք, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հասած են խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու եւ ստորագրելու սեմին։

Նոյն յանկերգը կը տարածէ Ատրպէյճան: Այսպէս՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի երկար տարիներու «ապարդիւն գործունէութիւն»-ը խստիւ քննադատելով եւ շարունակ «հայերու կողմէ Արցախի բռնագրաւման» եզրոյթը գործածելով, Ալիեւ, տարուելով Սթոլթընպերկի փաղաքշական խօսքերէն՝ շեշտեց, թէ աշխարհաքաղաքական  փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի։

Կայ աւելին: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Հասանովի հետ տեսակցութեան պահուն, Սթոլթընպերկ յաւելեալ վառելանիւթ թափեց կրակին վրայ, միաժամանակ լուռ պատգամ մը յղելով Հայաստանին. ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բանակներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։  Կասկած կը մնա՞յ: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՜ս՝ ափ աշքարայ կը հաստատուի Արցախի դէմ սարքուած դաւն ու դաւին հեղինակ(ներ)ը: Աւելորդ է կրկին ու կրկին  շեշտելը, թէ նմանօրինակ հաստատումներու միտք բանին եւ նպատակները ըմբռնելու համար, մէկը պէտք չունի քննական խոր մտածողութիւն: Ամէնէն հասարակ մահկանացու հայորդին իսկ մտքի բաւարար ուժը ունի հասկնալու անցած-դարձածը, բացի… դաւադրութեան մասնակից իշխանաւորներէն, որոնք, բնականաբար, յամառօրէն կը հետապնդեն իրենց անձնական ու նեղ-խմբակային շահերը եւ իրենց ուրոյն տրամաբանութիւնը ունին հասկնալու այս բոլորը, դաւին մասնակից են «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի մաշած ձայնապնակը հնչեցնելով:

Կ’արժէ՞ երկար մտածել ու մտմտալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի դիւանագիտութեան որդեգրած ճամբան, յանձին 19 Բաղրամեան պողոտայի սեղմ խմբակին, մանաւանդ, երբ կրկին ու կրկին ապացուցուած է, որ ան իր սանձերը յանձնած է օտարներուն, ու առաջին հերթին՝ Պաքուի «խաղաղասէրներուն»։ Յաճախ կ’ըսուէր, թէ Ժամանակին, սանձը «հիւսիսի արջ»-ին յանձնուած էր, այժմ կարգը հասած է հեռաւոր Արեւմուտքին։ Ի’նչ որ ալ ըլլայ, մէկ բան յստակ է. սանձը օտարին յանձնուած է։ Ու նոր սանձատէրը ապահովութեան որեւէ երաշխիք չի տար Երեւանին, պատրաստ է Թուրքիան կարգելու կառապան:

Այս՝ «սանձափոփոխութեան» փուլին, Մոսկուան բաւական զբաղուած է, եւ ճիշդ այդ փոթորիկէն օգտուելով՝  Երեւան վերջերս պաշտօնապէս պահանջեց, որ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն հեռանան ռուս սահմանապահ ուժերը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յիշեցուց, որ  Հայաստան հմայուած կը թուի ըլլալ Եւրոմիութեան բեմագրական հրապոյրներով եւ այդ գործելաձեւի ճամբով, նշաններ կու տայ, թէ կ’ուզէ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալ, ինչ որ, նոյն բանբերին կարծիքով, տարածաշրջանէն ներս կրնայ ոչ ընդունելի կացութիւն մը ստեղծուիլ։ Այս պայմաններուն մէջ, չ’արժեր երկար-բարակ խորհրդածել, թէ վաղը, եթէ Մոսկուա, իր անմիջական հաշիւներով (որուն մաս կը կազմէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սիրաբանութիւնը) որոշ նահանջներ արձանագրէ Հայաստանի մէջ, հետեւանքները ուրկէ՞ պիտի սկսին եւ ո՛ւր պիտի հասնին: Պատմութեան ծանօթները կը յիշեն նախընթացնները, անոր համար ալ, ճիգ կ’ըլլայ… պատմութիւնը մոռացութեան մատնելու: Կը բաւէ միայն ըսել, որ համաթուրանական հացին իւղ քսուած պիտի ըլլայ։

Հ․Հ․ վարչապետին համար, աթոռի պահպանումը առաջնահերթութիւն է։ Մնացեալները երկրորդական են, ներառեալ նորագոյն զիջումը՝ Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերը, այդ ալ, յանկերգ դարձած այն պատճառաբանութեամբ, թէ «եթէ չտանք, պատերազմ պիտի ըլլայ»։  Իսկ Տաւուշի գիւղերը… նախերգանքն են յանձնելի այլ գիւղերու եւ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող դիրքերու: Տարածաշրջաններ կորսնցնելը ոչ մէկ խոչընդոտ կը ստեղծէ այս «խաղաղասէր»-ին եւ գործակիցներուն համար, այնքան ատեն, որ Հիւսիսային եւ մօտակայ 19 Բաղրամեան պողոտաները կը մնան ապահով՝ ոստիկաններու հոծ «բանակ»-ի մը հսկողութեան տակ: Վարչախումբին պետը կրնայ հազար աղբիւրէ ջրաշոգի բերել, թէ յանձնուելիք հողերը երբեք մեզի չեն պատկանած, հողեըր կու տայ, կը նահանջէ՝ որովհետեւ կը սիրէ ու կը յարգէ վնասուող ժողովուրդը, անոնց համար պատրաստ է նոր ճամբաներ կառուցելու, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Գորիս-Կապան մայր ճամբան եւ այլ դիրքեր նուէր տալէ եւ փոխարէնը ոչինչ ստանալէ ետք:

Մարդիկ խաբելու մասին Ապրահամ Լինքըլնի վերոյիշեալ  իմաստուն խօսքը անժամանցելի է: Կրնանք պարզապէս աւելցնել, որ մարդիկ պէտք է իմաստութիւնը ունենան ընդմիշտ չխաբուելու, նաեւ քաջութիւնը ունենան դաժան հաշուետուութիւն պարտադրելու խաբողին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
50 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles