ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ՍՈՒՉԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

 

Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսէց) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 90-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Ապրիլին։

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիկսոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագը մատուցանեց ու ներշնչող քարոզ մը տուաւ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Wilbraham Country Club-ի մէջ։ Հանդիսավարն էր Ստեփան Փիլիկեան՝ հիմնադիր անդամներէն Ստեփան Փիլիկեանի թոռը։ Բարի գալուստի խօսքը կատարեց հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Թանիա Ղարիպեան, եւ հրաւիրեց Սրբազան Հայրն ու հոգեւոր հովիւը, որպէսզի գնահատագրեր յանձնեն ծխականներ՝ Լէօ Վարդանեանի, Հէրի Սէթեանի եւ Արաքս Չարխուտեանի, եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։

Ցուցադրուեցաւ 1934-ին հիմնուած եկեղեցւոյ 90-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող յուզիչ տեսերիզ մը։ Արաքս Չարխուտեան՝ եկեղեցւոյ հնագոյն անդամներէն մէկը, եւ Թամար Սարգիսեան՝ ամենէն երիտասարդներէն մէկը, միասնաբար տօնակատարութեան կարկանդակը կտրեցին։ Կատակերգակ Տոթի Պենկոյեան-Ուլիկեան խանդավառեց ներկաները։

Հիւր բանախօսներ էին Էտուըրտ Ղարիպեան, որ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ մէջ իր աճի տարիներուն եւ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհիներ Նուարդ Սիմընզի եւ Վարդենի Մըրֆիի ձգած ազդեցութեան եւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան (Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի, Ուոթըրթաուն – Մասաչուսէց), որ յիշեց ծուխէն ներս իր հովուութեան տարիները։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ծխականներուն, վեր հանելով անոնց աշխատասիրութիւնն ու նուիրումը եւ քաջալերելով որ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարգաւաճման համար։ Ապա, Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր խօսքով շնորհաւորեց համայնքը, դրուատելով Ինտիըն Օրչըրտի համայնքի ոգեկան ուժը, եւ յոյսի պատգամով լեցուց ներկաներու սրտերը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles