Տօներուն Գեղեցիկը՝ «Մայրերու Օր»

0 0
Read Time:3 Minute, 10 Second

Գէորգ Պետիկեան

Այս տարի, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, «Մայրերու Օր» տօնը կը զուգադիպի Կիրակի, Մայիս 12-ին: 

Պարզապէս յիշեցնելու միտումով, ըսեմ որ այս տօնը մեծ անցեալ մը չունի: Ան սկիզբ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1908-ին, եւ ապա տարածուած ամբողջ քաղաքակիրթ երկիրներէն ներս: Նաեւ աւելցնեմ, որ «Մայրերու Օր»-ը ազգային տօն մըն ալ չէ, այլ՝ ընկերային բնոյթ կրող, եւ մանաւանդ երախտագիտութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւն ունեցող «օր» մը, որ ամէն տարի, hո՛ս, մեր մօտ կը նշուի վարդերու ամիս՝ Մայիսի մէջ:

Բայց, ինչ որ ալ ըսուի կամ որակուի, «Մայրերու Օր» տօնը գեղեցիկ ու բարի աւանդութեան մը հարազատ արդիւքն է: Այսպէս, Մայիս ամսուան ընթացքին կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, ելոյթներ, որոնց ընթացքին կը փառաբանուի եւ կը գնահատուի մայրը, անոր նուիրումն ու անզուգական դերը, իր տան սիւները ամուր պահելու մնայուն ճիգին համար:

Այս բոլորը անոր համար, որ մայրը ունի յատուկ եւ մեծ դեր աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ան է, որ կ’ապահովէ ազգերու յարատեւումը: Այլ խօսքով, մարդկային շղթային յաւերժականութեան ոսկի եւ ստեղծագործ օղակը նկատուած է, եւ որուն շնորհիւ ընտանիքի անդամներ իրար կը կապուին, իրարմով կ’ամբողջանան: Անկասկած:

Ազգային դէմքեր, քաղաքական հերոսներ, գիտնականներ, եւ շատ-շատեր, ընդհանրապէս իրենց մօր գուրգուրանքով եւ անմիջական հսկողութեամբ եւ քաջալերանքով են որ յառաջացած են, «տեղ հասած» են ու լաւագոյնս յայտնաբերած:

Անուրանալի է.- այս աշխարհի մէջ, սարսափով եւ ամէնօրեայ նորութիւններով ու վախեորվ լեցուն մեր կեանքէն ներս, մեր առաջին քայլերը իրմով առած ենք: Կարելի չէ մոռնալ եւ անտեսել: Երբեք: Իր գութն  ու հոգատարութիւնը լեցուցած են մեր տարիները:

Իսկ, իբրեւ հայեր, մեր մօտ…: Պարզեմ:

Հայ մայրը միշտ եղած է հայուն սրբութեան յատկանիշը: Դարերու ընթացքին, մշակոյթի մեր հանճարները, իրենց անխոնջ գրիչներով, բանաստեղծութիւններով, յօդուածներով, երգերով, եւ քանդակներով միշտ յիշած, պատուած եւ մեծարած են իրենց մայրը:

Իբրեւ հին ժողովուրդ եւ ազգ, մենք՝ հայերս, մեծ յարգանք եւ երախտիք ցուցաբերած ենք մեր մայրերուն, եւ կը կարծենք, որ աշխարհի մայրերուն մէջ, հայ մայրը ամէնէն տառապածն է իր ընտանիքին, իր հարազատներուն եւ հայրենիքին համար:

Վկայ՝ երկար դարերու մեր պատմութիւնը: Աստուծմէ ետք, մենք մեր մայրն ենք պաշտած: Որովհետեւ մեր մօր մէջ, մենք գտած ենք գութ եւ սէր, անսահման բարութիւն, մեծ նուիրում եւ հոգածութիւն ու աստուածային բոլոր սրբազան արժանիքներ:

Մեր ժողովուրդի ճակատագիրը՝ պանդխտութիւն, բաժանում, ջարդ, եղեռն, կարծէ՛ք հայ մօր ճակտին գրուած ըլլային:

Հայ մայրը, իր ամուսնոյն կողքին միշտ կանգնած է, իբրեւ ամուր վահան եւ պատնէշ, ամբողջ իր կեանքի ընթացքին:

Հայ մայրն է, որ զէնքը ձեռքին լեռ բարձրացած է, պաշտպանելու համար հայրենի հողը: Նոյն ինքն է, որ իր զաւակներուն քաջալերած է, յոյս եւ կորով տուած է, որպէսզի անոնք դիմադրեն կեանքի բազմաշերտ եւ բազմազան բոլոր հարուածներուն:

Տակաւին հայ մայրն է, որ Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ, նոյնիսկ իր մահամերձ վիճակով, իր երեխային «այբ-բեն-գիմ»-ը սորվեցուցած է:

Այլ խօսքով՝ հայ մայրը եղած է հայակերտուպմի առաջին ուսուցիչը իր հայ մանուկին: Ան է որ իր մէջ կը պարփակէ կեանքի ամէնէն գեղեցիկ զգացումները ու զանոնք եւ ատենին ու պատճաշօրէն կը փոխանցէ իր զաւակներուն: Որովհետեւ, հայ կեանքը վկայ, հայ մայրն է որ իբրեւ յանձնառու իր սրբազան դերին, իր գիտակցութեամբ, համբերութեամբ, իր սիրով, գուրգուրանքով, զոհաբերութեամբ, իր օրինակով եւ իր խրատականներով, մեծցուցած է եւ տակաւին կը շարունակէ մեծցնել իր զաւակները:  

Անոր համար, մեր մօտ լաւին, բարիին, հաւատացեալին քաջութեան եւ վեհանձնութեան օրինակելի խորհրդանիշը է՛ ան:

Եւ հաւատացէ՛ք, մեր ընտանիքները կը փլին, եթէ մեր մայրերը այս անգիր պատասխանատուութեան տէրերը չդառնան:

Հայ մայրն է իր տղուն կամ աղջկան հոգիին մէջ հայ ինքնութիւն կերտողը, դաստիարակողը, փայլուն ապագայի ճամբան ցոյց տուողը:

Բոլորս ալ վկաներն ենք այս իրականութիւններուն: Կասկած չկայ:

Բայց երբեք չենք ուզեր, որ հայ մայրը փոխէ իր հայեցի իւրայատուկ նկարագիրը: Չենք ուզեր որ հայ մայրը կորսնցնէ իր ազգային մաքուր գիծերը, իր գեղեցիկ բարենիշները:

Կը մաղթենք ամէնէն բարին, հոգեկան արիութիւն եւ կորով, դիմագրաւելու եւ շարունակելու համար սրբազան իր առաքելութիւնը, յանուն հայ ընտանիքին, հայրենիքին եւ ազգին:

Մեր կարգին, իր այս աղուոր եւ գեղեցիկ տօնին, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, ի սրտէ բխող մեր որդիական սէրն ու յարգանքը կու գանք հրապարակել բոլոր մայրերուն:

Շնորհաւոր ըլլայ «Մայրերու Օր» տօնը: Փառք ու պատիւ մեր բոլոր մայրերուն:

 bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles