ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Ապրիլ 23, 1944
Վաղը, Ապրիլ 24-ին, կը լրանայ 29-րդ տարին այն սեւ օրուան, երբ թուրք կառավարութիւնը Պոլսոյ մէջ հաւաքեց հայ մտաւորականութեան ընտրանին եւ աքսորի ճամբաներուն վրայ վայրագօրէն մեռցուց, որպէսզի անոնց ետեւէն ալ զանգուածօրէն տարագրէր եւ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ ամէն երեւակայելի ու աներեւակայելի միջոցներով մահացնէր միլիոնի մը չափ հայեր։
Ասիկա այնպիսի շշմեցնող եւ զարհուրելի հարուած մըն էր վերապրող հայութեան համար, որ 29 տարի անցնելէն վերջն ալ մենք տակաւին խորապէս կը զգանք անոր պատճառած անչափելի վէրքն ու անասելի ցաւը։
Կասկած չունինք, թէ որքան ատեն որ հատուցում եւ արդարութիւն չէ եղած վերապրող հայութեան, ոեւէ բան չպիտի կարենայ ամոքել այդ վէրքը կամ մեղմել այդ ցաւը։
Ո՞վ չի յիշեր, թէ նախորդ մեծ պատերազմի ընթացքին, երբ թուրքերը գործեցին իրենց անմարդկային ոճիրը, հայ ժողովուրդի մեծ Դաշնակիցները հանդիսաւոր կերպով խոստացան արդարութիւն եւ հատուցում ընել իրեն։ Ոճիրը տակաւին թարմ էր, թուրքերը մեծ Դաշնակիցներու թշնամին էին եւ ինչպէս խղճի, այնպէս ալ շահու խնդիր էր անոնց համար այն ատեն պատժել թուրքերը եւ հատուցում ընել իրենց փոքրիկ հայ զինակցին, որ հսկայական զոհողութիւններ էր ըրած ռազմաճակատներու վրայ թէ անոնց ետեւ։ Այդ խոստումը, ինչպէս յայտնի է, մեր մեծ Դաշնակիցները նոյնիսկ նուիրագործեցին Սեւրի մէջ՝ այն է՝ պաշտօնապէս ճանչցան, որ թրքահայ նահանգները, որոնց հայ բնակչութիւնը թուրքերը մեծ մասով տարագրած ու կոտորած էին, հայ ազգին ամենայն իրաւամբ պատկանող հողեր են եւ որ անոնք պէտք է կցուին Կովկասեան Հայաստանին։ Եւ, սակայն, մեր մեծ Դաշնակիցները ոչ միայն չուզեցին օգնել հայութեան, որ ան տիրանար իր պատմական հողերուն, այլեւ քաջալերեցին թուրքերը՝ չտալու հայերուն իրենց իսկ կողմէ հայկական ճանչցուած հողերը։ Աւելին. մեր մեծ Դաշնակիցները նոյնիսկ թոյլ տուին, որ թուրքերը Կովկասեան Հայաստանի հողերու մէկ մասն ալ յափշտակեն (Կարս, Արտահան, Սուրմալու) եւ Թուրքիոյ կցեն։
Բարեբախտաբար, վերապրող հայութիւնը տակաւին կորսնցուցած չէ իր յոյսն ու հաւատը թէ՝ գէթ այս պատերազմի հետեւանքով ըլլալիք ընդհանուր հաշուեյարդարի ատեն արդարութիւն պիտի ըլլայ իրեն, եւ թէ մեր մեծ Դաշնակիցները գէթ այժմ պիտի կատարեն իրենց խոստումը, զոր չուզեցին կամ չկրցին կատարել նախորդ պատերազմի հաշուեյարդարի ատեն։
Ոճիրները անպատիժ ձգելու եւ ոճրագործները մինչեւ իսկ քաջալերելու մտայնութիւնը եթէ չտիրէր նախորդ մեծ պատերազմէն յետոյ, կասկած չկայ, որ այս երկրորդ մեծ պատերազմը պիտի շնայուէր մարդկութեան։ Բայց այսօր նոր ոճիրներէ ցնցուած ու աւելի զգաստացած մարդկութիւնը չի կրնար անպատիժ ձգել ոճրագործները եւ արդարութիւն չընել անոնց զոհերուն, որովհետեւ կը զգայ արդէն, թէ հակառակ պարագային աւելի մեծ ու ահաւոր պատերազմ մը անխուսափելի պիտի դառնայ ասկէ յետոյ։
Իրապէս ողբալի երեւոյթ մըն է, որ գերման նացիներու դէմ չորս¬հինգ տարիէ ի վեր օրհասական պայքար մղող մարդկութիւնը կարծես թէ իսպառ մոռցած է, թէ նացիական ոճիրները սկսան նախորդ մեծ պատերազմի ատեն եւ անոնց առաջին զոհերը հայերն են. թէ առաջին նացիները թուրքերն են, թէ անոնք էին որ նախորդ մեծ պատերազմի ատեն, իրենց ատելի ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջելու համար, դիմեցին նոյն զանգուածային տարագրութեան, ահաբեկման եւ կոտորածի մեթոտներուն, զորս գերման նացիներն այսօր աւելի ընդարձակ գետնի մը վրայ եւ մէկէ աւելի ժողովուրդներու վերաբերմամբ կը գործադրեն Եւրոպայի մէջ։
Մեծապէս ցաւալի երեւոյթ մըն է, որ մարդկութիւնը կարծես իսպառ մոռցած է կամ գուցէ բնաւ չէ հասկցած, թէ առաջին նացիական կամ Ֆաշական պետութիւնը ստեղծողը եղած են թուրքերը, թէ անոնք նացիներէն ոչ պակաս կ’ատեն դեմոկրասիները եւ քաղաքական ազատութիւնները, եւ թէ աններելի յանցանք մը պիտի ըլլայ Միացեալ Ազգերուն համար թոյլ տալ, որ այս պատերազմէն յետոյ եւս թուրքերը պահեն իրենց նացիական պետութիւնը, անվրդով ու անպատիժ կերպով շարունակեն վայելել իրենց նացիական ոճիրներով ձեռք բերած հողերն ու բարիքները եւ ապագային ալ նացիական նոր ոճիրներ գործելու ընդունակ ուժ մը ըլլան։
Բարեբախտաբար այսօր մեր մեծ Դաշնակիցները շատ աւելի զօրաւոր են, քան էին նախորդ համաշխարհային պատերազմի ատեն։ Այսօր հայութեան պատմական հովանաւորն ու դաշնակիցը ոչ միայն քայքայուած ու տկարացած չէ, ինչպէս որ էր նախորդ մեծ պատերազմի վերջաւորութեան, այլ ցամաքային ամենէն հզօր պետութիւնն է եւ ի վիճակի է, եթէ ուզէ, իր կամքը թելադրելու նաեւ Փոքր Ասիոյ նացիներուն, այսինքն՝ թուրքերուն։ Եւ այսօր ոեւէ ատենէ աւելի պարզ պէտք է ըլլայ ամէն հայու համար, որ եթէ օր մը վերապրող հայութիւնը իր կորսնցուցած պատմական հողերուն տէրը պիտի դառնայ կրկին եւ պիտի սորվեցնէ թուրքերուն թէ ոճիրը շահ կամ բարիք չի բերեր, այդ պիտի կարենայ ընել միայն իր պատմական մեծ հովանաւորի ու պաշտպանի՝ Ռուսիոյ հզօր աջակցութեամբ։
Հայկական Մեծ Եղեռնէն յետոյ, ցարական Ռուսիա վերապրող հայութեան հետ միասին գրաւեց թուրքերէն հայոց պատմական հողերը եւ, անկասկած, մինչեւ այսօր ալ այդ հողերը թուրքերու ձեռքը չպիտի ըլլային, եթէ միայն ցարական Ռուսիա պատերազմի եւ յեղափոխութեան հետեւանքով յանկարծ ներքին փլուզումի չենթարկուէր եւ հայերը մինակ չձգէր։ Այսօր, սակայն, Հայկական Մեծ Եղեռնէն 29 տարի յետոյ, Ռուսիա ոեւէ ժամանակէ աւելի զօրացած կանգնած է Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ եւ կարող է յարմար վայրկեանին հարկադրել զայն, որ, վերջապէս, արդարութիւն ընէ իր փոքր, բայց հերոսական զինակից հայ ժողովուրդին։
Ու ասիկա ոչ միայն կարող է, այլ եւ պարտաւոր է ընել նոր, աւելի հզօր Ռուսիան, որովհետեւ հայութիւնը որքան իրեն համար, նոյնքան ե՛ւ Ռուսիոյ համար հսկայական զոհողութիւններ ըրաւ եւ դեռ կ’ընէ ինչպէս նախորդ, այնպէս ալ այս մեծ պատերազմի ատեն։
Այսօր, երբ 29 տարի յետոյ կ’անդրադառնանք Հայկական Մեծ Եղեռնին, մենք չենք կրնար ունենալ աւելի լաւ եւ աւելի պատշաճ ցանկութիւն մը, բայց եթէ այն, որ վերապրող հայութիւնը բախտն ունենայ այդ զարհուրելի Եղեռնի 30-րդ տարեդարձը յաղթականօրէն դիմաւորել պատմական այն հողերուն վրայ, որոնք այս պահուս տակաւին կը գտնուին մեր դարեւոր թշնամիին ձեռքը։
Մեր մեծ Դաշնակիցները մեր ժողովուրդին արդարութիւն ըրած եւ մեր ոճրագործ թշնամին պատժած պիտի ըլլան այն ատեն միայն, երբ մեզի օգնեն թուրքերու ձեռքէն առնելու եւ ներկայ Խորհրդային Հայաստանին կցելու Սեւրի Դաշնագրով ու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ հայկական ճանչցուած բոլոր հողերը, որոնք այսօր կը գտնուին Փոքր Ասիոյ նացիներն եղող թուրքերուն ձեռքը։