

ՆԻՒ ԵՈՐՔ. – Կազմակերպութեամբ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Եորք մասնաճիւղին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 30ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ շահեկան դասախօսութիւն մը, ցոլապատկերներու ընկերակցութեամբ` նուիրուած Մուսա Լերան Հերոսամարտի եւ Այնճար Աւանի Հիմնադրութեան զոյգ տարեդարձներուն: Այս առթիւ, Թորոնթոյէն յատկապէս հրաւիրուած էր ճարտարագէտ-շինարար, գործարար, քանդակագործ, ազգային գործիչ, բնիկ Այնճարցի Յակոբ Ճանպազեան, որ բազմիցս ելոյթ ունեցած է այս նիւթի մասին, թէ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղիս երիտասարդ եւ եռանդուն ատենապետը` Աւետիս Հաճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց 50էն աւելի ներկաներուն: Ապա բեմ բարձրացաւ փոխ ատենապետ` Արիս Սեւակ, որ շեշտելով Մուսա Լերան հերոսամարտի մեծ նշանակութիւնը ոչ միայն հայերուս, այլ նաեւ ընդհանուր մարդկութեան համար, յիշեց այն պատճառները թէ ինչու պէտք եղած ուշադրութեան եւ ճանաչման ցարդ չէ արժանացած եզակի այս պատմական դէպքը: Հիւր ատենախօսին հակիրճ կենսագրականը կարդալէ ետք, զինք բեմ հրաւիրեց:
Պարոն Յակոբ Ճանպազեան, դասախօսութեան մը արտօնուած սահմաններուն մէջ, սպառիչ կերպով վեր հանեց Մուսա Լերան հերոսամարտի տուն տուող պարագաներն ու յաջորդող դիպուածաշարը – յաղթանակող ժողովուրդին ապահով տեղափոխումը Փորթ Սայիտ Ֆրանսական նաւերով, իրենց չորս տարուայ կեցութիւնը հոն, վերադարձը դէպի Մուսա Լեռ, պարպումը Սանճագի` Թուրքերուն յանձումէն իբր հետեւանք, եւ տեղափոխութիւնը Լիբանան եւ նոր բնակավայրի` Այնճարի կառուցումը եւ զարգացումը:
Դասախօսութեան աւարտին` ատենապետ Աւետիս Հաճեան ամփոփեց Մուսա Տաղի յիշատակման օրուայ խորհուրդը: Յետոյ,Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Շանթ սարկ. Գազանճեանի օգնութեամբ, օրհնեց Մուսա Լերան ժողովուրդին աւանդական հերիսան, զոր պատրաստուած էր Տիկին Աստղիկ Սեւակի եւ Տիկին Արեւիկ Գաբրիէլեանի կողմէ: Ներկաները ոչ միայն վայելեցին համադամ հերիսան այլ այն ջերմ մթնոլորտը, որ առաջացաւ յարգելի դասախօսին ոգեշունչ ելոյթէն:
Ներկայ մը