
Այլազան


Ծաղկախտ-Ծաղիկ Small pox
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան Մոնրէալ Ծաղկախտը (small pox) ժահրային փոխանցիկ-վարակիչ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը-վարակը (causetive agent) Orthopox ժահրն է: Ներկայիս ծաղ-կախտը գրեթէ ոչնչացած է (eradicated) ամբողջ աշխարհի տարածքին. նոր պա-րագաներ կը տեսնուին հազուագիւտօրէն: Ան պատմութեան […]

Տերեւաթափ.- Ընկեր Խաժակ Սարգիսեանի Յիշատակին
ԱՐԱՄ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Յապաւումով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անունով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Սարգիսեան ընտանիքին, իրենց բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ մեր բոլոր ընկերներուն։ Դժուար է ամբողջ կեանք մը ներկայացնել մի քանի վայրկեանուայ մէջ, եւ Խաժակի […]

ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ․- ԱԼԻՍ ԳՈՀԱՐԵԱՆ (Օգոստոս 15, 1929 – Դեկտեմբեր 18, 2019)
Սգակիր բարեկամ՝ Տոքթ․ Հ․ Մարգարեան Կարճ հիւանդութենէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքեց մեր գաղութի ազգային մտահոգութիւններով տոգորուած, Սուրբ Լուսաւրիչ Մայր Եկեղեցւոյ հաւատաւոր անդամ, Հայ Դատի եւ Համազգայինին զօրակցող ազնիւ հայուհի Ալիս Գոհարեան։ Աւազանի անունով Ալիս […]

Փոխան Դամբանականի.- Յակոբ Կարապետեան Կամ՝ Բոլորին Աքելլան
Գէորգ Պետիկեան Մահախօսական կամ դամբանական գրող, պատրաստող եւ կարդացող մը չեմ եւ չեմ ալ ուզեր ըլլալ: Հաստատապէս ծանր է եւ յուզիչ: Սակայն այնպէս կ՛երեւի, թէ «հարկ` լուծանել զօրէնս» հայկական առածը ինծի համար ալ գրուած ըլլար, […]

Կապոյտ հազ- Խեղդահազ Whooping cough-Pertusis
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան Մոնրէալ Կապոյտ հազը-խեղդահազը (wooping cough-pertussis) սուր վարակիչ (infec-tious) հիւանդութիւն մըն է եւ կը յատկանշուի շնչառական ուղիներու՝ խռչա-փողի, շնչափողի եւ ցնցուղներու (bronchi) լորձնաթաղանթներուն բորբոքումով եւ ջրուռեցքով (edema) ինչպէս նաեւ ուժգին, սաստիկ, ջղաձգային, անհա-կակշռելի […]



ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Հանգուցեալ Գրիգոր Գրիգորեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Մայր ԵԿեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի: Սգակիրներ` այրին Անահիտ Գրիգորեան եւ դուստրեր` Արմինէ եւ Լիւսի Գրիգորեաններ:

Փրովիտենսի Հ․Օ․Մ․-ի «Անի» մասնաճիւղի Ձեռնարկը՝ Նուիրուախ Հայաստանին եւ Արցախին
Նոյեմբեր 21-ին, Փրովիտենսի Հ․Օ․Մ․-ի «Անի» մասնաճիւղը կազմակերպեց ձեռնարկ մը, նուիրուած Հայաստանին եւ Արցախին։ Արդարեւ, շրջանի բնակիչներ Ճոն եւ Ճուն Մանկասարեան որոնք բազմիցս Հայաստան այցելած են, սահիկներու ցուցադրութեամբ, ներկայացուցին իրենց զեկուցումը, սկսելով Երեւանի թանգարաններէն, մինչեւ Արցախի […]