Հանդիպում՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հետ

0 0
Read Time:38 Second
Ձախէն աջ՝ Հրայր Պարոնեան, Անի Չաղլասեան, Զաւէն Խանճեան, վեր․ Ժոզէֆ Կարապետեան եւ Թոնի Վարդանեան

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- Վերջերս, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնական գրասենեակին (Փարամըս, Նիւ Ճըրզի) մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ -ի Հ․Յ․Դ․-ի յարաբերական յանձնախումբին եւ ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի միջեւ։ Ներկայ էր նաեւ, շրջանի աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր․ Ժոզէֆ Կարապետեան։

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ -ի Հ․Յ․Դ․-ի յարաբերական յանձնախումբի անդամներ՝ Հրայր Պարոնեանի եւ Թոնի Վարդանեանի կողքին, ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Անի Չաղլասեան։

Ծանօթացման կողքին, արծարծուեցան ազգային եւ գաղութը յուզող հարցեր։ Յատկապէս տեղահանուած արցախահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն գծով մանրամասն զեկուցումներ փոխանցուեցան եւ կարծիքներ արտայայտուեցան, աւելի մօտէն գործակցելու։

Որոշուեցաւ ապագային շարունակել տեսակցութիւններն ու մօտէն հետեւիլ օժանդակութեան աշխատանքներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles