ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 42-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Շաբաթ, Ապրիլ 14-ին, Ուաշինկթընի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ՛՛Համազգային՛՛ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 42-րդ շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ...

18 Ապ­րիլ 1921, Ար­ցախի Մէջ ­Վերջ Գտաւ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի Ղե­կա­վա­րած Հա­կա­պոլ­շե­ւի­կեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը

Ն. 1921 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լը ծան­րա­գոյն, այ­լեւ վճռո­րոշ ա­միս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ։ Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ — եւ այ­լեւս 70 տա­րո­ւան հա­մար — ին­կաւ խորհր­դա­յին...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նպաստը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 220,000 ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ 2017-2018 տարեշրջանին։ 2015 թուականին «Գալուստ ԿիւլպէնկեանՀիմնարկութեան Լիբա­նանի Հայեցի Դաստիարակութեան Յատուկ Նշանակութեան Յա­նձնախումբ»ին նախաձեռնութեամբ իրագործուած ինքնագնահատումի ծրագրին մասնակցած 23 վարժարաններէն այսօր 17 հատը կը գոր­ծեն, ուստի ասոնց միջեւ պիտիբաժնուի նշանակուած գումարը, ըստ ամէն մէկուն աշակերտութեան թիւին։ Նկատի ունենալով Լիբանանի խորհրդարանին վերջերս վաւերացուցած օրէնքը՝ ըստ որուն բոլոր վարժարանները պէտք է կիրարկեն ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներ եւ գիտակցելով հայկական վարժարաններուն  պար­տաւորութիւնն ուդժուարութիւնը լիովի գործադրելու այս նոր օրէնքը, Հիմնարկութիւնը կը նախ­ընտրէ իր նպաստը յատկացնել հայերէն լեզուով դասաւանդող ուսու­ցիչ­ներու ամսականներուն հասանելի յաւելումին։ Գումարին փոխանցումը պիտի կատարուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։
Social profiles