ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ…

0 0
Read Time:3 Minute, 28 Second

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

Նորոգութեան գաղափարը մարդկային կեանքին մէջ, անհրաժեշտ եւ էական իրողութիւն մըն է, որ մեծ դեր ունի մարդու կեանքին առաւել պայծառացման ու արդիւնաբերման:
Նորոգութիւն անպայման չի նշանակեր նորութիւն կամ ամբողջապէս հինը մէկդի նետելով, տուեալ նորութեան հետեւիլ եւ այսպէս շարունակել միշտ: Նորոգութիւնը կամ նորոգութեան հանգրուանը այն առիթն է, երբ անձ մը իր մէջ արդէն ներկայ եղող երեւոյթները կÿուզէ նորոգել, անոնց տալով նոր հասկացողութիւն, նոր վիճակ, միշտ աւելի լաւին ու բարիին յանգելու հրամայականով:
Քրիստոնէութիւնը եկաւ մարդկային կեանքը էապէս նորոգելու, արդէն իսկ ներկայ հաւատալիքը կամ հաւատալիքները կողմնորոշելու, դրսեւորելու եւ յստակ դիրքի մը մէջ պահելու: Իւրաքանչիւր ազգ,որ որդեգրեց քրիստոնէութիւնը որպէս հաւատալիք, տարբեր ձեւերով իր կեանքը նորոգեց, որովհետեւ գուցէ հաւատքը նոյն հաւատքն է, սակայն իւրաքանչիւրին համար տարբեր ազդեցութիւն ունի եւ տարբեր ձեւով նորոգութեան ընթացք մըն է:
Մանաւանդ Քրիստոսի Յարութիւնը, որ հիմը դրաւ եւ հաստատուն վկայութիւնը դարձաւ քրիստոնէութեան, ամբողջապէս նորոգեց մարդկային մտածելակերպն ու հասկացողութիւնը Աստուծոյ ու Իր գործերուն նկատմամբ:
Քրիստոնէութիւնը եկաւ նորոգելու, կերպարանափոխելու մարդկային կեանքն ու նկարագիրը, զայն առաջնորդելով դէպի յաւիտենական կեանք ու լոյսի ճառագայթ:
Գիտական զանազան տեսութիւններու հիմնաւորումներն ու նորութիւնները, միշտ ալ իրենց վերջնական ու վախճանաբանական արդիւնքը չեն ունեցած եւ չեն կրնար ունենալ, որովհետեւ գիտութիւնը մնայուն փորձերու եւ փորձարկումներու ենթակայ է, ուստի միշտ հետամուտ փոփոխութեանց: Սակայն քրիստոնէական այս մեծ հիմնաւորումը, որ յեղաշրջում մը եղաւ մարդկային պատմութեան մէջ, անփոփոխ է ու մնայուն, չի կրնար փոխուիլ ժամանակի ընթացքին ուրիշ իրականութեան մը վերածուելով, որովհետեւ մօտաւորապէս երկուհազար տարիներ, այս իրականութիւնը անփոփոխ է ու անշարժ, նոյն հաւատալիքն է առանց բան մը աւելնալու կամ նուազելու:
Կրօնքի եւ գիտութեան տարբերութիւնը սա է. գիտութիւնը հիմնուած է մարդկային փորձառութեանց հիման վրայ ու մարդկային արժէչափերով, որոնք ընդհանրապէս խոտոր կը համեմատին կրօնական կամ հաւատքի ճշմարտութեանց, իսկ կրօնական հիմնաւորումները արմատաւորուած են Աստուծոյ եւ մարդուն փորձառութեանց վրայ միանգամայն, եւ այնպիսի ճշմարտութիւններու հիմամբ, որոնց արժէչափը մարդկայինէն վեր՝ գերմարդկային եւ անհատի կարողութենէն վեր՝ Աստուածային կարողութեան վրայ հիմնուած են:
Քրիստոնէութիւնը իսկապէս որ նորոգեց համայն մարդկութեան կերպարն ու նկարագիրը, անոր շնորհելով Աստուածային պատկեր եւ նմանութիւն: Քրիստոնէութիւնը ըլլալով ճշմարտութեան, արդարութեան ու սիրոյ կրօնք, իր այժմէականութեամբ ամէն օր ու ամէն ժամանակ իր ներդրումը ունի քրիստոնեայ անհատի կեանքէն ներս:
Ապրող ու միշտ եռանդ պարգեւող կրօնք մըն է քրիստոնէութիւնը, որ ամէն բանէ առաջ հաւատքի եռանդը վառ կը պահէ մարդուն մէջ եւ զայն կը դարձնէ Աստուծոյ ժողովուրդին անդամ: Մարդ արարածին կեանքը կը նորոգուի այն ատեն, երբ ան նոր ակնոցով կը դիտէ ու ամէնէն կարեւորը կը տեսնէ Աստուծոյ մեծափառ գործերը, որոնց ամէնէն յատկանշականն ու անհրաժեշտը Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնն է, մահուան, մեղքին ու չարին դէմ անոր յաղթանակը:
Հայ ժողովուրդը երբ որդեգրեց քրիստոնէութիւնը եւ զայն վերածեց կեանքի, այն ժամանակ նորոգուեցաւ մեր համակ պատմութիւնը, նկարագիրը, որպէս մարդ մեր արժէքը եւ որպէս հաւաքականութիւն մեր նուաճումները:
Քրիստոնէութիւնը մեզի համար եղաւ նոր սկիզբ մը, այս անգամ կրօնական եւ ազգային գոյատեւման պայքարի մը սկզբնաւորումը, որ ամէն ժամանակէ աւելի հրամայական դարձաւ: Այդ ոգիով ապրեցան մեր նախնիները եւ իրենց անհատական կեանքերէն աւելի վեր դասեցին կրօնական ու ազգային պատկանելիութիւնները:
Նորոգութեան ճամբան իսկապէս որ նորոգեց մեր ժողովուրդի նկարագիրը, իր վրայ առնելով դէպի սրբութիւն ու կատարելութիւն առաջնորդող հանդերձը, միշտ պատրաստ ըլլալով ամէն տեսակ հալածանք ու չարչարանք կրելու, նման մեր Տիրոջ, որ յանուն ճշմարտութեան ու արդարութեան, յանձն առաւ ամէն տեսակ անարգանք, հասնելով մինչեւ մահ, որուն յաջորդեց յաւիտենական կեանքը եւ խոստացեալ թագաւորութիւնը:
Սակայն այսօր եւս անհրաժեշտ կարիքը ունինք նորոգուելու եւ նորոգելու մեր կեանքերը, որպէս ժողովուրդ, զոր ունի իր սեփական կրօնական, ազգային եւ մշակութային պատկանելիութիւնը եւ ընթացքը:
Մեր յարատեւութիւնը կը կայանայ միշտ վերանորոգման ու վերամշակման աշխատանքին մէջ: Մենք այնպիսի ժողովուրդ մըն ենք, որ միշտ մենք զմեզ դիտած ենք յարաբերաբար Աստուծոյ Խօսքին ու անոր գործադրման: Եղած ենք այնպիսի ժողովուրդ մը, որ մեր մնայուն վերելքով շատեր ներշնչած ենք ու պատճառ դարձած շատերու առաջնորդութեան դէպի ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն:
Մեր ժողովուրդի իրականութիւնը իր իմաստն ուերանգաւորւմը կը գտնէ միայն նորոգութեամբ՝ քրիստոնէական եւ հայկական բարձր արժէքներու ընկալմամբ ու անոնց բերած աւիշի զօրութեամբ:
Զօրաւոր ենք այն ժամանակ, երբ գիտակից ենք մեր դարաւոր արժէքներուն, տէր կը կանգնինք անոնց պահպանման ու մանաւանդ մշտական նորոգութեան, որպէսզի տեղ քայլի ընթացքին մէջ մնացած չըլլանք:
Այս շրջանը մեզի համար նոր շրջան մըն է, Քրիստոսի յարութեան իրականութեամբ ու յոյսով տոգորուած, ուստի ամէն բանէ առաջ նորոգութեան շրջան մըն է, արդարութեան եւ սիրոյ իրագործման շրջան մըն է, մեր արժէքները նորոգուած հոգիով ու սրտով տեսնելու եւ արժեւորելու շրջան մը:
Նորոգութիւնը կը կատարուի երբ պատրաստ կþըլլանք նորոգուելու, պատրաստակամութիւն կը յայտնենք ու լայն սրտով կþընդունինք նորոգութեան ընթացքը ու անոր հրամայականը, զոր իր զօրութեամբ կրնայ հրաշքներ գործել մեր կրօնական, ազգային թէ անհատական կեանքերէն ներս:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles