ԱՄԵ­ՐԻ­ԿԱ­ՅԻ ՀԱՅ ՄՇԱ­ԿՈՒ­ԹԱ­ՅԻՆ ՄԻՈՒ­ԹԵԱՆ 17-ՐԴ ՆԱ­ՒԱՊ­ՏՈՅ­ՏԸ…ՅՈՒՆ­ՈՒԱՐ 18-ԷՆ 25

0 0
Read Time:7 Minute, 2 Second

28 Ամե­րի­կա­յիՀայՄշա­կու­թա­յինՄիու­թեանկազ­մա­կեր­պած 17-րդ նա­ւապ­տոյ­տըճամ­բայելաւՖլո­րի­տա­յէնՅուն­ուար 18-ին: Մօ­տա­ւո­րա­պէսհա­զարհա­յոր­դի­ներ, փա­խուստտա­լովձմեռ­ուայսառ­նա­մա­նի­քէն, բարձ­րա­ցանՏի­վի­նաշքեղնա­ւը, որփաս­տօ­րէնվե­րած­ուե­ցաւ “Փոք­րիկ ­Հա­յաս­տա­նի“, Քա­րիպ­եանԾո­վիվրայ:

Մէկ շա­բաթ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը անընդ­հատ կա­տար­եալ երա­նու­թեան մէջ էին, միշտ գոհ ու եր­ջա­նիկ: Նա­ւը կանգ առաւ հե­տեւ­եալ կղզի­նե­րը` Սէյնթ Մար­թըն, Սան Խուան (Փոր­թօ Ռի­քօ), Սթթի­րըփ Քէյ Կղզի (Պա­հա­մաս):

Ճամպ­րուկ­ներ կա­պած մաս­նակ­ցող­նե­րը, եկած էին զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն` Ար­ժան­թին, Հա­յաս­տան, Աւստ­րալ­իա, Գա­նա­տա, Անգլ­իա, Ֆրան­սա, Գեր­ման­իա, Չինաստան, Լիբանան, ինչ­պէս նա­եւ Ա.Մ.Ն.-ի 26 նա­հանգ­նե­րէն: Անոնք  եօթ օրե­րու ըն­թաց­քին վե­րա­նո­րո­գե­ցին հին բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, նոր բա­րե­կամ­նե­րու հան­դի­պե­ցան, ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քոյթ­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին, զա­նա­զան մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն ներ­կայ եղան, հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւն ունկնդ­րե­ցին, պա­րե­ցին, հա­մա­դամ ու­տե­լիք­ներ վա­յե­լե­ցին եւ ու­րախ օրեր ան­ցու­ցին ջերմ արե­ւի ու հայ­կա­կան տա­քուկ մթնո­լոր­տի ներ­քոյ:19

Իւ­րա­քան­չիւր ճամ­բորդ Ամե­րի­կա­յի Հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան եւ Travel Group International-ի կող­մէ ան­մի­ջա­պէս ստա­ցաւ եռա­գոյ­նով զար­դար­ուած յար­մա­րա­ւէտ պայուսակ մը եւ քարտ մը, վեր­ջինս թէ՛ իբ­րեւ սեն­եա­կի բա­նա­լի թէ՛ ալ իբ­րեւ մուտ­քի տոմս ծա­ռա­յեց բո­լոր հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն հա­մար:

Ամէն օր նա­ւի սրահին մէջ առա­ւօտ­եան ժա­մեր­գու­թիւն կը կա­տար­ուէր Ա.Մ.Ն. Արեւմտ­եան շրջա­նէն ժա­մա­նած Արք. Եփ­րեմ Թա­պաք­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, որուն կը մաս­նակ­ցէ­ին մեծ թիւով հա­ւա­տաց­եալ­ներ: Նա­եւ, օրա­կան դրու­թեամբ, Արա Գաբրի­էլ­եան դա­սա­ւան­դե­ց հա­յե­րէն լե­զուն:

Իսկ Մար­կօ Քաֆ­թաճ­եան հայ­կա­կան աւան­դա­կան ազ­գա­յին պա­րեր (թամ­զա­րա, շուրջ պար, հա­լայ եւն.) սոր­վե­ցուց մե­ծա­թիւ փա­փա­քող­նե­րուն: Մի­ա­ժա­մա­նակ Անդ­րա­նիկ Պու­տաք­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան նար­տի ­նա­յին (թաւ­լու) եւ Պը­լօ­թի մրցա­խա­ղեր, որոնց յաղ­թող­նե­րը ստա­ցան յա­տուկ մրցա­նակ­ներ:

257Յա­տուկ գրա­սե­ղան մը յատ­կաց­ուած էր ճիշդ նա­ւի կեդ­րո­նը, ուր մեր ժո­ղո­վուր­դը կրնար ար­ձա­նագր­ուիլ 2014-ի աշ­նա­նըդէ­պի Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ տե­ղի ու­նե­նա­լիք շրջապ­տոյ­տին (Սեպ­տեմ­պեր 13-էն 26), Մա­րօ Ասա­տուր­եա­նի առաջ­նոր­դու­թեամբ: Սե­ղա­նի շուրջ յանձ­նա­խում­բի եւ ճամ­բոր­դա­կան ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը համ­բե­րա­տա­րու­թեամբ ու բա­րի ժպի­տով կը պա­տաս­խա­նէ­ին ճամ­բոր­դու­թեան հետ կապ­ուած բո­լոր հար­ցում­նե­րուն:

Ամ­բողջ շաբթ­ուան տե­ւո­ղու­թեան, մաս­նակ­ցող­նե­րը` նստած լո­ղա­ւա­զա­նի շուր­ջը վա­յե­լե­ցին Քա­րիպ­եա­նի ջերմ օդն ու արե­ւը, մինչ ու­րիշ­ներ մար­զանք­նե­րու հե­տե­ւե­ցան, Պին­կօ կը խա­ղա­յին , հայ­կա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ ունկնդ­րե­ցին, կամ հայ­կա­կան գե­ղար­ուես­տա­կան, ինչ­պէս նա­եւ փաս­տագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­ներ ըմ­բոշխ­նե­ցին

Մա­րի Ան­տոն­եան ներ­կա­յա­ցուց իր հաս­տա­տու­թեան (Le Soleil Miami) նո­րա­գոյն զգեստ­նե­րը: Ու­րա­խու­թիւնը կր շա­րու­նակ­ուէր, նոյ­նիսկ երբ արե­ւի փո­խա­րէն եր­կին­քը կը ցո­լար փայփ­լուն աստ­ղե­րով: Երե­կո­նե­րը ըն­թա­ցան հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս­նե­րով, ուր ելոյթ ու­նե­ցան Օն­նիկ Տինքճ­եան, Ճոն Պէր­պէր­եան, Սթիւ Ոս­պիկ­եան եւ Գէ­որգ Ար­թին­եան:4

30Երի­տա­սարդ ամու­րի­նե­րու հա­մար յա­տուկ ըն­դու­նե­լու­թիւն (Singles/Mingles cocktail Party) կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ, ըստ սո­վո­րու­թեան, ուր 21էն 39 տա­րե­կան հա­յեր, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն, առիթ ու­նե­ցան իրա­րու հետ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ զրու­ցե­լու: Նշենք թէ աւե­լի քան քսան զոյ­գեր այս մի­ջո­ցաւ իրա­րու հետ ծա­նօ­թա­նա­լով, ի վեր­ջոյ ըն­տա­նիք կազ­մած են:

 

Նա­եւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա.Մ.Ն.ի Հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան եւ Travel Group International-ի շքեղ քոք­թէյ­լի հիւ­րա­սի­րու­թիւնը, ուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խանց­ուե­ցան նա­ւապ­տոյ­տի հե­տապն­դած ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու եւ գալ տար­ուան նա­ւապ­տոյ­տի մա­սին: Նոյն 29գիշերը ընթ­րի­քին, ճամ­բոր­դող­նե­րը վա­յե­լե­ցին յանձ­նա­խում­բիս տի­կին­նե­րու ցուց­մունք­նե­րով պատ­րաստ­ուած հայ­կա­կան յա­տուկ ճա­շեր եւ   անվճար գինի:

11  Իւ­րա­քան­չիւր օր ժա­մա­նա­կա­կից լուրջ հար­ցե­րու վե­րա­բեր­եալ յայ­տա­գիր­ներ հրամց­ուե­ցան ներ­կա­նե­րուն, գա­ղու­թիս կող­մէ յարգ­ուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու կող­մէ: Առ այդ, հե­տեւ­եալ ձեռ­նարկ­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան`-Բժշկա­կան-Առող­ջա­պա­հակն բնա­գա­ւա­ռէն ներս, Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իրա­վի­ճա­կը: Խօսք առաւ Տոքթ. Քիմ Հե­քիմ­եան, որուն հետ կլոր սե­ղան-զրոյ­ցի մաս­նակ­ցե­ցան` Մա­րօ Մա­թոս­եան եւ Տոքթ. Հայկ Մի­նաս­եան:

– Մշա­կու­թա­յին-ըն­կե­րա­յին բնա­գա­ւա­ռէն ներս, Մու­րատ Թո­փալ­եան խօ­սե­ցաւ առօր­եայ տես­լա­կանն ու ար­ժէ­քը եւ Հայ Դա­տը:

– Գրա­գէտ Քրիս Պոհ­ճալ­եան ներ­կա­յա­ցուց իր վեր­ջին գոր­ծը` “The Sandcastle Girls“:

– Քեն Խա­չիկ­եան ներ­կա­յա­ցուց Հայ Դա­տի վեր­ջին ան­ցու­դար­ձե­րը, յատ­կա­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գծով:

– Դոկտ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նի զե­կոյ­ցը Ար­ցա­խի վե­րաբ­նա­կեց­ման  հար­ցին առն­չու­թեամբ:

– Հ.Օ.Մ.ի թէ­յա­սե­ղա­նը, որ ար­ծար­ծեց հայ կա­նանց մե­ծա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան ծրա­գիր­նե­րը:

– Մե­նա­խօս Վա­հէ Պէր­պէր­եան ներ­կա­յա­ցուց “Եթէ“ն:

– Թէ­յա­սե­ղան` կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Վար­դա­նանց Աս­պետ­նե­րու եւ Դստեր­քի:

– Ազ­գա­յին եր­գե­րու ապ­րու­մով հրամց­ուած հա­մերգ Քրիս­տա­փոր Արապ­եա­նի կող­մէ:

– Լոս Ան­ճե­լը­սի Հա­մազ­գա­յի­նի “Նա­յի­րի“ պա­րա­խում­բը, իր ելոյթ­նե­րով հմա­յեց ներ­կա­նե­րը:

272613

 

 

 

 

 

 

 

 

Յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի նա­ւապ­տոյ­տը պի­տի կա­տար­ուի Յուն­ուար 17-էն 24, 2015-ին: Ազ­դան­շա­նը պի­տի տրուի Մա­յամիի նա­ւա­հան­գիս­տէն, եւ մաս­նակ­ցող­նե­րը առի­թը պի­տի ու­նե­նան այ­ցե­լե­լու Ճա­մայ­քա, Քէյ­ման կղզի­ներ,Քոզումէլ   (Մեք­սի­քա) եւ Պա­հա­մաս:

Թղթա­կից

 

18
22

15

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles