
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները, մարզային կառոյցներու հետ համատեղ մեկնարկեցին Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու անապահով ընտանիքներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ծրագիր: Այս առթիւ, հաղորդագրութիւն մը հրատարակուեցաւ, ուր կը տեղեկացուի․-
«Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներուն է բաժին ինկած է ծանրագոյն փորձութիւնները դիմագրաւելու ճակատագիրը: Ճգնաժամը թակած է բոլորիս դռները: Բազմաթիւ մարդիկ ամէն օր ստիպուած են լուծել օրական հացի, ընտանիքի անդամներու համար սնունդ ապահովելու կենսական խնդիրները: Այս մարդիկ օտարներ չեն` անոնք մեր հարազատներն են, բարեկամները, քոյրերն ու եղբայրները, բանուորներն ու զինուորները: Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը խարսխուած է նոյն այս մարդոց ճակատագրերուն:
Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան եւ անհատի պարտքն է գիտակցիլ այս օրերուն հայ հասարակութեան եւ հայկական պետութիւններու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լրջութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկելու, որոնք միտուած են իրավիճակի հանգուցալուծման։
Օգնութեան տրամադրման ուղղութեամբ աշխատանքներն արդէն մեկնարկած են:
Առնուած քայլերուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի կը հրապարակուին յառաջիկային»: