Արցունք Բերաւ Աչքերէս Սրբազանին Պատկերը…

0 0
Read Time:3 Minute, 13 Second

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Սրբապատկեր ըլլար… Գալստեան արքեպիսկոպոսը միս մենակ, հարթ գետնի վրայ ծունկի եկած, կուրծքը վահան դարձուցած, կը փորձէ պաշտպանել հայրենի հողը, ազդու պատգամ մը ուղարկելով այդ հողերը աճուրդի հանած հայանուն դասալիքներուն եւ այդ հողերը հեշտօրէն խլելու պատրաստուող արիւնարբու թշնամիին: Եւ հայութիւնը հարուածող այս բոլոր դժբախտութիւններուն մենակատարը, «առատաձեռն» մեր վարչապետն է, որ քաղաքական մարդու մը համար անընդունելի միամտութիւն կը սնուցանէ, կարծելով որ հայրենի հողերը անսակարկօրէն թշնամիին յանձնելով պիտի յագեցնէ թուրք-ատրպէյճանցի բորենիներու անյագ ախորժակը: Պարոն վարչապետ, եղբայրաբար ձեզի հարց կու տանք, այս ձեր անհաշիւ տալու մոլուցքը ուր պիտի հասցնէ մեզ, արդեօք ձեր առատաձեռնութեան դիմաց ցարդ մէկ թիզ հող զիջեցաւ հակառակորդը… Ի՜նչու կ՝աճապարէք եւ որու հաշւոյն յանձն առած էք ներկայ զիջողականութիւնը: Հայը՝ հայրենիքի ու Սփիւռքի տարածքին, երբեք դէմ չէ եղած իր դրացիներուն հետ լեզու գտնելու եւ խաղաղ ապրելու գաղափարին: Իսկ այն գործարքը, որուն ականատես կը դառնանք, անհաշիւ տալու ձեր բնազդին արդիւնքն է…

Տակաւին, կատարեալ հեշտութեամբ Եւրոպայի եւ մասամբ մըն ալ ՆԱԹՕի գիրկը մտնելու ձեր աճապարանքը․ տար Աստուած որ ռուսը եւ իր գործընկերները լաւ աչքերով դիտեն ու վարագոյրի ետեւէն վրէժխնդրութեամբ չվարուին մեր երկրին հետ, կանանչ լոյս բանալով թուրք-ատրպէյճանցի վոհմակներուն առջեւ։ Կը մաղթենք, որ Ռուսիոյ սխալ լարին չդպչի հայրենի ներկայ ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը ու անիկա լայնախոհութեամբ մօտենայ Փաշինեանի դիւանագիտական ծեքծեքումներուն: Եւ ամէնէն տարօրինակը՝ մենատիրութիւն է… Ձեզի համար ոչ «բարլամենթ» գոյութիւն ունի ոչ ալ իր ձայնը լսելի դարձնող հայրենի ժողովուրդ: Եղբա՜յր, այս ի՜նչ առատաձեռնութիւն է… Մոռցէ՜ք Սփիւռքը… Մենք ո՜վ ենք որ ձեզի դիւանագիտութեան դաս պիտի սորվեցնենք: Դուք ի վերուստ առաքուած էք տիրելու, առանց հայ հաւաքականութիւններու հաշիւ տալու: Նորին վսեմութիւն, սփիւռքահայերս ալ մեր մորթին վրայ եւ մեր էութեան մէջ կը զգանք հայրենի հողի կորուստը ու անոր պատճառած կոտտացող, ահռելի ցաւը: Ելաք հապճեպով, առանց քաղաքական հոսանքներու հետ խորհրդակցելու, Ղարաբաղը յանձնեցիք: Այդ ինչ իրաւունքով դուք 120,000 հայորդիներ վաչկատուն, աներդիկ դարձուցիք: Հարցին առանցքային բուն էութիւնը՝ ինչո՞ւ պարոն վարչապետը քաղբանտարկեալներուն հարցը չի բարձրացներ ու ջանք չի թափեր՝ օր առաջ զանոնք ազատելու ատրպէյճանական անմարդկային կալանքէն: Ու չի պայմանաւորուիր՝ նախ եւ առաջ ապահովելու Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ապահով վերադարձը հայրենի տուն, ապա արդարադատութեամբ առաջ տանելու սահմանազատումը:

Իսկ ին՜չ բանը ինծի կը թոյլատրէ պահանջատէր կանգնիլ հայրենի հողին: Տեղին է որ ձեզի օրինակ մը բերեմ սփիւռքեան ներուժին բերած օգնութեան Ղարաբաղի գոյապայքարին: Ասկէ 30 տարի առաջ այնտեղ տարուող մահու կենաց կռիւներուն, մեր համեստ բաժինը բերելու համար, երկու մանչերուս հետ, գործ բան թողած, հայրենիք առինք մեր շունչը: Միայն անդրանիկս՝ Հրաչ-Ռաճըրը կրցաւ Ղարաբաղ մեկնիլ, «Եղնիկներու խումբ»ին մաս կազմելու: Մէկ ուսը հրացան, միւսին «քամերա», ան իր մասնակցութիւնը բերաւ գոյապայքարին եւ նկարահանեց Արցախի պատերազմը՝ Dark Forest in the Mountain անուան տակ վաւերագրական ժապաւէնով ցնցեց Հոլիվուտը:

Կրտսերը՝ արտաքին գործոց նախարարութիւն ընդունուեցաւ, «կռուող շատ ունինք, սակայն անգլերէն իմացող չունինք» ըսելով: Իսկ այս «փերուշան»ն ալ, ետ Ամերիկա ուղղուեցաւ, Ղարաբաղի կռուողներուն համար դրամահաւաք կազմակերպելու: Կարճ ասաց, ահա իմ ընտանիքիս բերած համեստ օգնութիւնը Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարին: Իսկ դուք ալ ելաք, առանց հայ ժողովուրդին կարծիքը առնելու, սրբազան այդ հողերը թշնամիին նուիրեցիք: Պարոն վարչապետ, առանց ինքնագովութեան նշեմ, որ գերդաստանս միշտ ալ գործած է ազգային գիտակցութեամբ: Դեղագործ մեծ հայրս Եղեռնի որբերուն հայերէն սորվեցուցած է: Անոնց հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած է կամաւոր կերպով: Հայրս իր կարգին, իբրեւ 15 տարու պատանի, Երուսաղեմի կաթողիկէ որբանոցը Ճեմալ փաշային դիմաց կանգնած, Պէթհովէնի ջութակի «գոնչերթօ»ն նուագած է, փրկելու համար մահուան դատապարտուած հայ բանտարկեալներու կեանքը: Իսկ Ալեքսանտրէթի մէջ, որպէս ֆրանսական քաղաքապետարանի նուագախումբի ղեկավար, ան հայ երիտասարդներ մարզած է ան: Նոյնը ըրած է Պուրճ Համուտի «ֆանֆար»ի խումբը հիմնելով ու անվճար՝ երիտասարդ հայեր մարզելով, կարդինալ Աղաճանեանի խնդրանքին տեղի տալով: Իսկ համեստ այս գրողը՝ իբրեւ հիւսիսային Ափրիկէի Հայ Դատի վարիչ, բարձր մակարդակով ծանօթացուցած է Ցեղասպանութիւնն ու մեր հողային պահանջատիրութիւնը դիւանագիտական մարմիններուն ու մտաւորական շրջանակներուն… կոպիտ ասաց՝ իր կարողութենէ վեր գումարներ ծախսած է, այդ մէկը իրագործելու համար:

Ղարաբաղի շրջափակման վերջ տալու համազգային արշաւախումբի մը կազմութեան վերաբերեալ հայ կղերին յղած իմ սրտբաց կոչը անտեսուեցաւ: Ափսոս, ուշացաւ մեր կղերը, չանսաց հայրենապաշտ հայ գրողի կանչին: Գուցէ, այդ երթը կազմակերպելով, ձեռքէ չտայինք Արցախը, ինչպէս ներկայիս՝ Գալստեան արքեպիսկոպոսը, ժողովուրդին գլուխը անցած, կը կատարէ աստուածահաճոյ այդ գործը…

Ձեզի կը թողում դատելը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles