Եւ հիմա ոչ թէ ողբս է անցամաքելի
Այլ՝ զայրոյթիս մշտահոսքը։
Յոգներ եմ մենամարտէ, մեներգներէ խորին,
Յոգներ եմ քաղցրերգութեան սրբատուփէն արբշիռ,
Անօգուտ է մաղտել մարմինը աղաղակի,
Զոհի արեան թարթափ փոթորկումի ընդդէմ
Ձայնիս վերջին վարակն անգամ
Որպէս ցցապատնէշ
հաներ եմ որ խրե՛մ։
Ճարակտուր ճահուկներ իրենց խօսքի ճանկերով
Պատմութեանս դարաւոր դիմագիծը կը քերծեն,
Պատմութիւնս հողածոյ չէ որ հանգուցեալ ննջէ,
Յիշողութի՛ւն է, ճանապա՜րհ։
Օ ճահուկներ ճարահատ, նենգութեան ձեր զրահը
Թող ծակծկեմ բարձրագոռ
Որ սեղանս պահպանեմ, պահեմ ճեղանը ծառիս.
Խնկաշունչ չեն աղօթքներս, ոչ ալ խորանս՝ խաղաղ,
Խրտուիլակներ եկեր են, շղթայ նետեր արեւիս,
Աչքերդ բա՛ց, Արարատ։
Եղեռնը յարութիւն առած մոմիայի նման կը շրջագայի,
Այս ցեղերը ձրձիտ՝ ջղջիկներու նման խաւար փչելով
Մթագներ են ներկաս, Տո՛ւնս քանդել կ՚ուզեն։
Իսկ ես կանգնած
Ներքնաբերդիս դարախարիսխ շեմին
Ապաւինած՝ զէնքիս բազմակառոյց թեմին,
Ննջեցեալներուս եւ որդիներուս շունչին
Բարի բառեր մի՛սպասեր ինձմէ, դարձաւ հոգիս
Աղէտակիր, աղէտահար, աղէտատեաց,
Արարա՛տ, աչքերդ բա՜ց։
Վեհանոյշ Թեքեան