ՆԻՒ ԻՆԿԼԸՆՏԻ ՇՐՋԱՆԻ «ՀԻՄՆԱՍԻՒՆԵՐ»ՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

0 0
Read Time:52 Second

Ուրբաթ, Մայիս 3-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը՝ Ուոթըրթաունի (Մասաչուսէց),«Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ, ի պատիւ Նիւ Ինկլընտի շրջանի Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատուներուն, որոնք կը մասնակցին «Հիմնասիւներ» (Pillars) ծրագրին։ Այս ծրագիրը, որուն մասնակիցները տարեկան առնուազն հազար տոլարի յանձնառութիւն մը կը ստանձնեն, Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն ի նպաստ մնայուն եկամուտի աղբիւր մը հանդիսացած է։

Տեղւոյն Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Յովհաննէս Տաղլեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, , 65 ներկաներու ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէր Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան համապարփակ մէկ պատկերը։ Այնուհետեւ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց երկարամեայ յանձնառութեան համար։

Իր պատգամին մէջ, Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, դիտել տուաւ, որ այս ծրագրին մասնակիցները հիմնական դեր մը կը խաղան Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան մէջ։ Ան յիշեց, թէ ծրագիրը սկսած է իր նախորդը՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս, օրուան Ազգային Վարչութեան գործակցութեամբ եւ կարեւոր դեր մը ունեցած է Առաջնորդարանի նպատակներու իրագործման մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ մասնակիցներուն յանձնառութիւնը ծրագիրները ընդլայնելու եւ տարբեր կալուածներու մէջ, առաքելութիւնը իրագործելու նախանձախնդրութիւնը ցոյց կու տայ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles